Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Փետրուար 1, 2017
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Տեղի Ունեցաւ «Հրանդ Տինք. 10 Տարի Անց» Խորագիրով Կլոր Սեղան-Քննարկում

19 յունուարին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք. 10 տարի անց» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում», որուն իրենց մասնակացութիւնը բերին յայտնի գիտնականներ, թրքագէտներ, քաղաքագէտներ, պատմաբաններ, լրագրողներ եւ մտաւորականներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ քննարկման մասնակցողներուն ողղելով իր խօսքը, մասնաւորապէս նշեց. «Հրանդ Տինք, որպէս խիզախ եւ համարձակ անհատականութիւն, դաս եւ օրինակ է յատկապէս երիտասարդութեան համար: Հրանդ Տինքի գաղափարները, միտքերն ու տեսակէտները կ՛ապրին եւ կը շարունակեն ապրիլ, որովհետեւ անոր մտածողութեան սահմանները շատ ընդարձակ էին, իսկ անոր հիմնադրած «Ակօս» թերթը Տինքի ամբողջ գաղափարախօսութեան շարունակութիւնն է: Թուրք ստահակ չարագործին ձեռքով 10 տարի առաջ այս օրը զոհուեցաւ մեծագոյն հայերէն մէկը, եւ այսօր աշխարհի յառաջադէմ մարդկութիւնը, ամբողջ հայ ազգն ու թուրք մտաւորականութիւնը կը յիշէ Հրանդ Տինքը եւ կը սգայ անոր մահը: Հրանդէն շատ բան ունինք սորվելու նաեւ իբրեւ գիտնական եւ լրագրող: Առանձնայատուկ յուզումով ձեռքս առի Մեծ հայուն` Հրանդ Տինքի «Երկու մօտ ժողովուրդ, երկու հեռու հարեւան» գիրքը: Սակայն յուզումս աստիճանաբար հիացումի վերածուեցաւ, եւ աչքերուս առջեւ յարութիւն առաւ Տինք` գլխաւոր խմբագիրին, հրապարակախօսին, խորհող, մտածող, իր ժողովուրդին եւ աշխարհին բախտով մտահոգ եւ միջազգային հեղինակութիւն վայելող մեծ քաղաքացիին կերպարը: Մարդ,որ դէպքերն ու իրադարձութիւնները սթափ ու արդար վերլուծող հասարակական գործիչ էր, բոլոր հարցերուն թէ՛ զգացական, եւ թէ՛ բանական մօտեցում ցուցաբերելու ունակութիւն ունեցող հետազօտող, անընդհատ հիւծիչ հալածանքներու ենթարկուող եւ նահատակուած որպէս նոր մարտիկ»:

Կլոր սեղան քննարկման մասնակցողները հանդէս եկան ուշագրաւ զեկուցումներով:

Թրքագէտ Տիրան Լոքմակէօզեան ներկայացուց Հրանդ Տինքի գործունէութիւնն ու անոր ձգած դրոշմը եւ նշեց, որ ան իր ազատ ու համարձակօրէն խօսելով այդ երկրին կեղծիքի ու սուտի պատը կը քանդէր:

Հայաստանի Գիտութեան ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան համալսարանի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան ելոյթ ունեցաւ «Հրանդ Տինքը` որպէս գործիչ եւ անհատականութիւն» թեմայով:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ Հրանդ Տինքի քաղաքական մօտեցումներուն եւ գաղափարներուն:

Հայաստանի Գիտութեան ազգային ակադեմիայի պատմութեան համալսարանի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան խնդիրի արծարծումները պոլսահայութեան մէջ մինչեւ Հրանդ Տինք եւ անկէ ետք:

Հրանդ Տինքին կեանքը, գործը եւ հրապարակախօսութիւնը համապարփակ կերպով ներկայացուցին Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժինի փոխտնօրէն Ռուբէն Մելքոնեան, թրքագիտութեան բաժինի ղեկավար Ալեքսանտր Սաֆարեան եւ պատմութեան բաժինի ղեկավար Էդիկ Մինասեան:

Հետաքրքրական թեմաներով եւ զեկոյցներով հանդէս եկան Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան, ԳԱԱ-ի Արեւելագիտութեան համալսարանի աւագ գիտաշխատող, թրքագէտ Անուշ Յովհաննիսեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրողական բաժանմունքի տնօրէն Նաղաշ Մարտիրոսեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան փոխնախագահ Գրիգոր Ճանիկեան, թրքագէտ Վարուժան Գեղամեան, թրքագէտ, Արեւմտահայերու հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի թրքերէնի բաժինի վարիչ Մելինէ Անումեան, ցեղասպանագէտ քաղաքագէտ Մարի Յովհաննիսեան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հետազօտող Էլինա Միրզոյեան

Տինքին մասին իր յիշողութիւններն ու դիտարկումները ներկայացուց «Ակօս» պարբերաթերթի լրագրող Ծովինար Սիմոնեան-Լոքմակէօզեան:

Աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում, ներկաները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին հետաքրքրական եւ ընդգրկուն ձեռնարկին առնչութեամբ:

Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութիւնը Կ՛ամրապնդէ Կարմիր Խաչի Հետ Համագործակցութիւնը` Քաղաքացիներու Պաշտպանութեան Նպատակով

27 յունուարին Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հայկարամ Մխիթարեան ընդունեց Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան պատուիրակութեան ղեկավար Քարոլին Տուեզը:

Հանդիպման ներկայ էին Համաշխարհային կարմիր խաչի ընկերութեան (ՀԿԽԸ) աղէտներու կառավարման բաժանմունքի պետ Էդմոն Ազարեան, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) տնտեսական անվտանգութեան հարցերու համակարգող Քրիստոֆըր  Հերպին եւ ԿԽՄԿ պատուիրակութեան ղեկավարի տեղակալ Կապրիէլ Շմիտթ:

Հանդիպման նպատակն էր քննարկել արտակարգ իրավիճակներու մէջ մարդասիրական օգնութեան ցուցաբերման միացեալ ծրագիրի մշակման հարցեր, ինչպէս նաեւ` Տաւուշ մարզի գիւղերու բնակչութեան պաշտպանութեան վերաբերող նախաձեռնութիւններու ծրագիրը:

Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հ. Մխիթարեան ողջունելով հիւրերը` նշեց , որ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը ունի Կարմիր Խաչի հետ համագործակցութեան մեծ փորձառութիւն, որ տարուէ տարի ամրապնդուած է, իսկ 2012 թուականին կառոյցներուն միջեւ միացեալ յուշագիր մը ստորագրուած է: Ան հաստատած է, որ նախարարութիւնը պատրաստ է նոյն թափով սերտ համագործակցութիւնը շարունակելու Կարմիր խաչի միջազգային եւ հայաստանեան ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ` կարելիութեան պարագային ընդլայնել նաեւ միացեալ աշխատանքի ծաւալները:

Քարոլին Տուեզ Հ. Մխիթարեանին ներկայացուց բնական եւ ոչ բնական աղէտներու, ինչպէս նաեւ պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու մշակման ծրագիրները` խնդրելով, որ այս առնչութեամբ աշխատանքները կատարուին արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան հետ միացեալ աշխատանքային խմբակին մէջ: Քննարկուեցան նաեւ սահմանամերձ գիւղերու մէջ «ապահով սենեակներու», թաքստոցներու եւ ապաստարաններու կառուցման ու վերանորոգման հարցը:

Հ. Մխիթարեան նշեց, որ նախարարութեան կողմէ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուղղութեամբ լայնածաւալ աշխատանքներ կատարուած են Տաւուշի սահմանմերձ գիւղերուն մէջ, կառուցուած են յենակէտեր, ուր նախարարութեան քաղաքացիական պաշտպանութեան ստորաբաժանումները հերթապահութեամբ կը հսկեն, ինչպէս նաեւ ապաստարաններ եւ թաքստոցներ կառուցուած են: Կողմերուն միջեւ պայմանաւորուածութիւն մը կնքուեցաւ միասնաբար աշխատելու բնական եւ ոչ բնական աղէտներու, ինչպէս նաեւ պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու ծրագիրներու մշակման եւ սահմանամերձ գիւղերու «անվտանգ սենեակներու» կառուցման համար: Հ. Մխիթարեանի յանձնարարութեամբ, Կարմիր խաչին հետ միացեալ աշխատանքային խմբակի անդամներ նշանակուեցան Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ զօրավար-գնդապետ Վ. Գաբրիէլեան եւ Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնի պետ գնդապետ Հ. Խանկելտեան: Հանդիպման աւարտին կողմերուն միջեւ նոր յուշագիրի մշակման եւ ստորագրման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ վերոնշեալ հարցերուն առնչուող պայմանագիր մը կնքուեցաւ:

Հայկական Բանակի Կազմաւորման 25-ամեակին Նուիրուած Դրոշմաթուղթեր

Հայկական բանակի կազմաւորման 25-ամեակին առիթով պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ հրապարակուեցաւ եւ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ երկու նոր դրոշմաթուղթ` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանին, փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարար Վահան Մարտիրոսեանին, «Հայփոստ թրաստ մենեճմենթ»-ի գլխաւոր տնօրէն Խուան Փապլօ Գեչիճեանին եւ շարքային զինուոր, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մասնակից, ազրպէյճանական ուղղաթիռը խոցած Նարեկ Մալխասեանին կողմէ:

Դրոշմաթուղթերէն մէկուն վրայ պատկերուած են Հայաստանի զինուած ուժերու զօրքերու որոշ տեսակները եւ Հայաստանի զինուած ուժերու զինանշանը:

Երկրորդին վրայ պատկերուած է հայ զինուորներու շարքը` ծածանող եռագոյն դրօշի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու զինանշանի համադրութեամբ:

Ամերիկահայ Բարերարին Ներդրումով Պիտի Բարեկարգուի Յովհաննէս Թումանեանի Դսեղի Տուն-Թանգարանը

Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի պատահական ծանօթութենէ մը ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը 25 յունուարին հաստատուած է յուշագիրով, որուն համաձայն, ամերիկաբնակ Աշոտ Տիգրանեան 8 միլիոն դրամ պիտի յատկացնէ Յովհաննէս Թումանեանի Դսեղի տուն-թանգարանի տարածքը բարեկարգելու, այցելուներուն համար աւելի գրաւիչ դարձնելու նպատակով: Հաղորդենք, որ եղանակը հազիւ տաքցած` աշխատանքները պիտի սկսին:

Աշոտ Տիգրանեան երաժիշտ է, 30 տարի է կը բնակի Միացեալ Նահանգներ, նախարարին ծանօթացած է օդանաւին մէջ: Լրագրողներուն հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին Տիգրանեան ըսած է, որ ուրախ է իրեն ընձեռուած կարելիութեան համար: Այս ծրագիրը մէկն է Յ. Թումանեանի 150-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններէն, թէեւ մինչեւ յոբելեանը տակաւին 2 տարի կայ: Գարնան, Դսեղի մէջ տեղի պիտի ունենայ թումանեանական հերոսներու մեծադիր քանդակներու, նաեւ` նկարչական մրցում:

«Երկար տարիներ ապրելով սփիւռքի մէջ` կարօտի խոր զգացումներն են, որոնք հիմա իրականութիւն կը դառնան ինծի համար: Երազներէս մէկը իրականութիւն դարձաւ», ըսած է Աշոտ Տիգրանեան:

Մշակոյթի նախարարը մանրամասն տեղեկութիւններ տուած է կատարուելիք աշխատանքներուն մասին. «Կը նախատեսուի կառուցել փոքրիկ հանգիստի գօտի, յուշանուէրներու կրպակ եւ սանհանգոյց: Նշենք նաեւ, որ անցեալ տարի հատուեցան Յ. Թումանեանի թանգարանի առջեւի ծառերը, որոնք  սնամէջ էին արդէն: Այն ծառերուն բուները, որոնք մնացած են, կը փորձենք մեր քանդակագործներուն ճամբով անոնց վրայ քանդակել թումանեանական հեքիաթներու հերոսներուն կերպարները»:

43 Միլիոն Դրամի Օգնութիւն` Սուրիական Պատերազմէն Տուժածներուն

Հայաստանի կառավարութիւնը 26 յունուարին համաձայնեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանին ներկայացուցած որոշման նախագիծին, որով կը նախատեսուի նախարարութեան պահեստային ֆոնտէն նուիրատուութեան կարգով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին 43 միլիոն դրամ յատկացնել` սուրիական պատերազմէն տուժած բնակիչներուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու եւ անհրաժեշտ ապրանք ձեռք բերելու նպատակով:

Կառավարութեան ներկայացուած օգնութեան ցանկին համաձայն, իբրեւ մարդասիրական օգնութիւն` պիտի տրամադրուին պարէնային եւ ոչ պարէնային ապրանքներ, որոնց կարգին` սմբուկի խաւիար, բանջարեղէնային խառնուրդ եւ այլ բանջարեղէնային պահածոներ, մանկական տաբատներ, տղամարդու բաճկոններ, կիներու, փոքրիկներու եւ տղամարդոց համար նախատեսուած այլ հագուստներ:

Արցախի Կառավարութիւնը 1,5 Միլիոն Դրամ Պիտի Յատկացնէ Դիրքերու Ամրապնդման

25 յունուարի նիստին Արցախի կառավարութիւնը հաստատած է 2017-ի գործունէութեան ծրագիրը եւ գերակայ հարցերը: Այս որոշումներով նախատեսուած է Պաշտպանութեան բանակի սահմանագիծի դիրքերը սարքերով օժտման եւ հողային աշխատանքներու իրականացման յատկացնել յաւելեալ 1,5 միլիառ դրամ: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի կառավարութեան կայքը:

«Ռազմինֆօ»-ի հետ զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Արցախի վարչապետին բանբերը` Արտակ Բեգլարեան, դիտել տալով, որ այս գումարը սահմանագիծը անհրաժեշտ սարքերով օժտելու նպատակով տրամադրուած միակ գումարը պիտի չըլլայ, որովհետեւ անոր պիտի յատկացուին նաեւ ապրիլին Արցախի կառավարութեան բացած յատուկ դրամատնային հաշիւին մէջ հաւաքուող գումարներէն:

«Սակայն հաշուեհամարէն ուղղուող գումարները եւս ամբողջը չեն, որովհետեւ շինարարական ընկերութիւններն առաջնագծի մէջ մեծ ծաւալի աշխատանք կատարած են: Արցախի կառավարութեան հաշուեհամարին մասին հաշուետուութիւններուն մէջ այդ թիւերը ներառուած չեն, որովհետեւ ընկերութիւնները այդ աշխատանքները կատարած են կամաւորաբար», դիտել տուած է ան:

Յիշեցնենք, որ 2016-ի առաջին կէսին պաշտպանութեան բանակի սահմանագիծին վրայ կատարուած աշխատանքները օգոստոսին ներկայացուած են Հայաստանի Ազգային ժողովի կարգ մը պատգամաւորներու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն` Արցախ կատարուած այցելութեան ծիրին մէջ: Այցելութեան մասնակցած է նաեւ Razm.info կայքի համակարգող Կարէն Վրթանէսեան:

«Եթէ Ղարաբաղը Տեսնես, Չես Կրնար Չսիրել Զայն». Հրանուշ Յակոբեան

16 յունուարին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ  Յակոբեան ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տնտեսութեան փոխնախարար Սերգէյ Շահվերդեանը:

Ողջունելով հիւրին, նախարարը լուսարձակի տակ առաւ Արցախի զբօսաշրջային աշխուժացման ծրագիրները: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ղարաբաղի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման համար բոլոր նախադրեալները կան: Բացառիկ բնութենէն ու ժողովուրդէն զատ, յատուկ տեղ կը գրաւեն նաեւ թանգարանները եւ հայկական աւանդութիւնները: Լաւ կ՛ըլլայ, որ «Դու ինչ ես անում Ղարաբաղի համար» շարժման ծիրին մէջ կազմակերպուի նաեւ «Դու տեսե՞լ ես Ղարաբաղը» նախաձեռնութիւնը, որպէսզի սփիւռքահայերը անպայման Ղարաբաղ այցելեն: Եթէ Ղարաբաղը տեսնես, չես կրնար անոր հողը, ջուրն ու ժողովուրդը չսիրել», հաստատեց նախարար Յակոբեան: Քննարկուեցան նաեւ համագործակցութեան ծիրն ու ճշդուեցան կատարուելիք աշխատանքները:

Սերգէյ Շահվերդեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ անդրադարձաւ «Դու ինչ ես անում Ղարաբաղի համար» շարժումը զբօսաշրջութեան զարգացման ծառայեցնելու կարեւորութեան:

Դիլիջանի Միջազգային Դպրոցը` «Ֆորպզ» Վարկանիշի Լաւագոյն Հնգեակին Մէջ

«Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ»` Աշխարհի միացեալ քոլեճներ ցանցի անդամ Դիլիջանի միջազգային դպրոցը, որ հիմնած է գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեան, յայտնուած է «Ֆորպզ»-ի վարկանիշի լաւագոյն հնգեակին մէջ: Դպրոցը ներառուած է ռուս միլիառատէրերու մասնակցութեամբ ստեղծուած լաւագոյն դպրոցներու վարկանիշին մէջ, որուն կարելի է ծանօթանալ «Ֆորպզ» հրատարակութեան պաշտօնական կայքին վրայ: Ռուբէն Վարդանեանի հիմնած Դիլիջան միջազգային դպրոցը գրաւած է երկրորդ հորիզոնականը: Այս մասին կը յայտնէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն:

Թերթը գրած է, որ 2014-ին Ռուբէն Վարդանեան կնոջ հետ հիմնած է միջազգային դպրոցը: Դիլիջանի միջազգային դպրոց կը յաճախեն տաղանդաւոր փոքրիկներ: Կը գտնուի Հայաստանի համանուն քաղաքին մէջ եւ մաս կը կազմէ «Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ» միջազգային դպրոցներու ցանցին: Այդ կը նշանակէ, որ ընդունելութեան քննութիւններէն ետք, ընդունող յանձնախումբը կրնայ աշակերտը ուղարկել այլ երկիր` ուսանելու, ուր նոյնպէս կայ ցանցի դպրոց: Այսօրուան դրութեամբ դպրոցին մէջ կ՛ուսանի 198 ուսանող` աշխարհի 72 երկիրներէ:

Յայտնենք, որ վարկանիշին մէջ ներառուած են նաեւ հարուստ բարերարներու միջոցներով ստեղծուած այլ նախագիծեր:

Նախորդը

Յաղթանակած Հալէպ

Յաջորդը

Ազգ-Բանակ Հայեցակարգին Ներառել Նաեւ Սփիւռքի Մէջ Հայկական Համայնքներու Պաշտպանութեան Առաջադրանքը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մայիս 14, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?