Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. 7 Երկիրներու Ցանկին Ետին Տեսանելի Քաղաքականութիւնը

Փետրուար 1, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահին առաջին քայլերը արդէն վերլուծաբանները կը մղեն ընդգծելու նոր աշխարհակարգի ստեղծման տեսանելիութիւնը: Նոր աշխարհակարգը եթէ մէկ կողմէ կը յատկանշուի երկիրներու միջեւ պատերու կառուցումով, դիւանագիտական  յարաբերութիւններու խզումով, նոր լարուածութիւններով եւ նոր կացութիւններու ստեղծումով, միւս կողմէ այն առաջին երեւութական տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, որ նոր հարթութեան վրայ կը տեղափոխուի բեւեռի մը` Ուաշինկթընի եւ բեւեռացման ձգտող գերուժի մը` Մոսկուայի միջեւ յարաբերութիւններու վերաբնականոնացման միտումներով:

Աւելի յստակ եւ ընդհանրացած պատկերով` իսլամոֆոպիայով բնութագրուող նոր խաչակրութիւններու ձեւաւորումով, միւս կողմէ աշխարհին սպառնացող կրօնական անուան տակ կիրարկուող միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու զինուորաքաղաքական սլաքներու միացեալ ճշդումով:

Հիմա աշխարհը կեդրոնացած է Ուաշինկթընի ճշդած եօթը երկիրներէ գաղթականներ Ամերիկա չընդունելու որոշման գործնականացման քայլերուն վրայ: Գործընթացի իրաւական կասեցումը բաւարար չէ եղած հանդարտեցնելու համատարած անհանգստութիւնն ու բողոքի ալիքը:

Պէտք չէ մոռնալ սակայն, որ առնուած քայլերը համահունչ են Թրամփի նախընտրական ճառերուն առիթով յայտարարուած ընդհանուր ուղղութեան:

Նման երկիրներու մէջ համոզում է, որ քաղաքական ծրագիրները, նախընտրական յայտարարութիւնները, խոստումները անհատական բնոյթ չեն ունենար: Որքան ալ որ նոր նախագահը ներկայացուի իբրեւ պետական հաստատութիւններն ու կառոյցները շրջանցած եւ գործարար շրջանակէ ուղղակի նախագահական աթոռին ոստում կատարած անձ, այնուամենայնիւ միամտութիւն պիտի ըլլար մտածելը, որ Թրամփի ետին չէ գործած ու չի գործեր ամերիկեան վարչարարութիւնը, որ կը թուի, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին-ներքին քաղաքականութիւններու փոփոխութեան շրջադարձ կատարելու որոշումը տուած էր: Մնացեալը, անձի ընտրութիւնը եւ այդ անձը միջոց ծառայեցնելով շրջադարձ ապահովելու քաղաքականութիւնը պետական ձեռագիր ունի եւ այստեղ Թրամփը պարզապէս խօսափողի, երեւցող դէմքի դեր վերցնողն է, թէկուզ ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ:

Այն վարչարարութիւնը, որ ընտրել տուաւ նման անձնաւորութիւն, կանխատեսելի կը դարձնէր նաեւ հետագայ քաղաքականութիւնը: Անկանխատեսելի կերպարի ճամբով տեսանելի քաղաքականութիւն մը:

Կեդրոնանանք եօթը երկիրներու երեւոյթին վրայ` այնտեղ նկատելու համար կրօնական երեսը եւ ահաբեկչութիւնը իրարմէ անջատել-չանջատելու հակասութիւնները: Եթէ ընդհանուր իսլամոֆոպիայի պարունակին մէջ փորձենք պարզունակ հայեացքով դիտարկել երեւոյթը, ապա պիտի նկատենք, որ եօթն այդ պարագային շատ անբաւարար թիւ է, եւ նշուած երկիրներէն շատ աւելի կրօնական ծայրայեղութեամբ հանդէս եկող երկիրներ ու պետութիւններ կան այսօր ամէնէն բացայայտ ձեւով: Իսկ եթէ պահ մը վերադառնանք Թրամփի յստակացումներուն, որ ցանկի կազմութիւնը կրօնական շարժառիթ չունի, այլ նպատակ ունի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտութիւնը, այդ պարագային եւս ցանկի հաւաստիութիւնը խիստ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ:

Միջազգային, նոյնինքն ամերիկեան հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ եւ վերլուծական կեդրոններ կրօնական ծայրայեղականութեան վրայ հիմնուած ժամանակակից ահաբեկչութեան հետ ուղղակի-անուղղակի կը կապեն երկու գլխաւոր պետութիւն, որոնք կը բացակային Թրամփի յայտարարած ցանկէն: Սէուտական Արաբիան` իբրեւ ամէնէն ծայրայեղ կրօնական օրէնքներով ղեկավարուող երկիր, հոգեւոր սնուցիչ կը նկատուի նմանօրինակ շարժումներու, մինչ Թուրքիան աւելի բացայայտ փաստերով բազմաթիւ կեդրոններու մէջ բնութագրուած է իբրեւ ահաբեկչական խմբակներ ֆինանսաւորող, ապաստան տրամադրող, աջակցող եւ իր սահմաններէն դրացի երկիրներ անարգել անցումը կառավարած երկիր:

Խնդիրը ուրեմն, ո՛չ իսլամոֆոպիայի եւ ո՛չ ալ ահաբեկչութիւն հովանաւորող պետութիւններուն  կը վերաբերի: Խնդիրը քաղաքական գործընթացներուն բեւեռի ազդեցութեան ոլորտները պահպանելու եւ ընդարձակելու շարժառիթներուն կ՛առնչուի, որուն կը հետեւի նաեւ ապահովական գօտիներու (իմա՛ ազդեցութեան գօտիներու) ձեւաւորման նպատակով բանակցութիւններու սկիզբը:

Թրամփը ընդամէնը երեւցող խօսափող է, միջոց ամերիկեան վարչարարութեան առաջադրած ներքին-արտաքին քաղաքականութիւններու շրջադարձերուն: Ընթացիկ քաղաքականութիւնը արտաքին իմաստով քաոսային վիճակներ ստեղծելով կը յատկանշուի: Նախադրեալներ կան, որ այդ բնութագիրը սկսի օգտագործուիլ  ներքին հասկացողութիւններով եւս:

«Ա.»

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Նալբանդեանին Եւ Մամետեարովին Հանդիպումի Առաջարկ Ներկայացուցած Են

Յաջորդը

Մորաթթա Մտադիր Է Հեռանալ Ռէալէն, Եթէ Զիտան Մնայ Խումբին Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?