Յօդուածներ

Նամականի

Նամականի

Յարգելինե՛ր, Մտիկ ըրի ՀՅԴ-ի 126-ամեակի տօնակատարութեան պաշտօնական ուղերձները: Հայ ազգի արդի պատմութեան պաշտպան կուսակցութիւնը: Լիբանանահայ համայնքին շահերը պաշտպանող եւ յանդուգն կուսակցութիւնը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Կուսակցութիւն մը, որ տարիներ շարունակ կը ներկայացնէ մեր ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը եւ մեր ինքնութիւնը: Այո՛, Պուրճ Համուտը մերն է: Մենք միանալով առիթ չենք տար, որ օտարը մեր քաղաքին տիրապետէ եւ մեր այս հայաբնակ շրջանը տկարացնէ:...

ՀՅԴ-Ի 126-ամեակի Տօնակատարութեան Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

ՀՅԴ-Ի 126-ամեակի Տօնակատարութեան Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի համար ծնած, գործած, հալածուած, ծառայած ու հարկ եղած պարագային բովանդակ հայութեան շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր իր լաւագոյն ընկերները նահատակութեան բագինին զոհած 126 տարեկան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տարեդարձին ժողովրդային այս հոծ ներկայութիւնը խորքային ամենաարժէքաւոր արտայայտութիւնն է, որուն դէմ յանդիման կը գտնուինք այսօր, հոս, հայրենիքէն հեռու երկրի մը մէջ, որուն շինութեան, բարգաւաճման, խաղաղ գոյակցութեան, անդորրութեան պահպանման, ազատութեան, անկախութեան...

Կայուն Զարգացումը Հնարաւոր Է Միա՛յն Արդար Հայաստանում

Կայուն Զարգացումը Հնարաւոր Է Միա՛յն Արդար Հայաստանում

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի Խօսքը` ՀՅԴ-ի 126- ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան Անկեղծ լինենք ու ասենք, որ արդի ժամանակների հաղորդակցութեան միջոցները, դրանց տարածուածութիւնը բոլորին հնարաւորութիւն են տալիս ամէն օր հետեւելու մեզ, ամէն օր անդրադառնալու մեր գործին եւ մեր գործունէութեանը: Այլ խօսքով` մենք բաց գիրք ենք ձեզ համար, որ դուք կարող էք ամէն օր կարդալ, քննարկել եւ դատել: Սակայն, խուսափելու համար ընդհանուր...

Ճեմ Օզտեմիր. «Անիմաստ Է Անգարայի Հնամաշ Յանկերգը` Թէ Ոչինչ Պատահած Է 1915»-ին

Ճեմ Օզտեմիր. «Անիմաստ Է Անգարայի Հնամաշ Յանկերգը` Թէ Ոչինչ Պատահած Է 1915»-ին

Լուսանկարը` ԻՇԽԱՆ ՂԱԶԱՐԵԱՆի «Հորիզոն».- Յունուար 21-ին Մոնրէալի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ կայացաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան 10-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնը, որ կազմակերպուած էր Քեպեքի հայ կազմակերպութիւններու միացեալ մարմինին կողմէ: Օրուան պատգամաբերն էր Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամ,  Գերմանիոյ Կանաչներ կուսակցութեան համանախագահ եւ 2016-ին Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծի մղիչ ուժը հանդիսացող Ճեմ Օզտեմիր: Հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան, Քանատայի խորհրդարանի...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. Անհաւատալի Ու Անհաւանական, Բայց Ճարտար Միջնորդը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ 1995-էն առաջ, երբ տակաւին Շենկեն վիզայի դրութիւնը չէր որդեգրուած, իբրեւ զբօսաշրջիկ կամ այլ, աւելի դիւրութեամբ կը ստանայինք Յունաստան մուտքի վիզան: 1985-ին Լիւքսամպուրկի Շենկեն քաղաքին մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ տասը երկիրներէն հինգը որդեգրեցին միացեալ` Շենկեն վիզայի դրութիւնը, որուն միջոցով միայն մէկ վիզայով այս երկիրներուն միջեւ ճամբորդներուն սահմանային ստուգումները կը դիւրանային: 1995-ին այս դրութիւնը Եւրոպական Միութեան կառոյցէն անջատ կարգավիճակ ստացաւ,...

Իսկապէս Ծնունդ Էր, Վերածնունդ…

Իսկապէս Ծնունդ Էր, Վերածնունդ…

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Ոմանք պատմութիւն կը կերտեն, ոմանք կը գրեն, իսկ ոմանք պատմութիւնը կ՛ապրին: Բախտաւորութիւն է ներկայ գտնուիլ հոն, ուր պատմութիւն կը կերտուի: Բախտաւորութիւն է նաեւ ապրիլ պատմական վայրկեաններ: Խօսքը կը վերաբերի հայոց հայրապետին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի Հալէպ կատարած պատմական այցելութեան, որուն կը մասնակցէի նկարահանումի գործով: Եթէ բառի մը մէջ պիտի ամփոփեմ այս այցելութիւնը, կը կարծեմ, որ «անմոռանալի»-ն...

Սուրիական Օրագրութիւն (Ձ.)

Սուրիական Օրագրութիւն (Ձբ.). Հալէպին Ազատագրումը…

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ Այս անգամ անձրեւը չէր լար, ինչպէս կը սիրեն ներկայացնել ռոմանթիկ բանաստեղծները: Ընդհակառա՛կը, ձայնակցելով հրաձգութեան որոտմունքին` տեղատարափը կ՛աւետէր ազատագրումը մեր հնգամեայ գերութենէն: Ան, որ (ինծի պէս) տակաւին տեղեակ չէր լուրէն, ահաբեկուած էր, թէ ոճրագործներու հերթական գրոհը յաջողեր է, անոնք քաղաքի կեդրոն հասեր են ու հոս կը կրակեն արդէն: Ուրեմն` կծկտէ՛ ու սպասէ՛ ճակատագիրդ: Մինչդեռ հայրենիքը ազատագրող մարտիկներն են,  որոնք...

«Նոազ Արք» Ցուցասրահի Հիմնադրութեան Քսանամեակի Առիթով.  «Արուեստը Կեանքի Հրաւէր Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ, Արուեստաբան Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան

Երփներանգ Բանաստեղծութիւններ

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Յիշողութիւնը արուեստագէտին սերմն է: ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻ Գեղանկարչական բանաստեղծականութիւնը կ՛առնչուի աւելի գուներանգներու ու կերպերու, քան` բովանդակութեան հետ: Երաժշտականութիւնը, առանց գուներանգներու կշռոյթին, դժուար թէ կարողանայ բացայայտել կտաւի բանաստեղծական հենքը: Իսկ երփներանգ բանաստեղծականութիւնը, առանց գունածին լոյսի, կը դառնայ ինքնանպատակ ու կը մնայ լուսանցքի վրայ: Միաժամանակ թէ՛ երաժշտական եւ թէ՛ բանաստեղծական լուսերանգներով օժտուած են Էմմա Գրիգորեանին ստեղծագործութիւնները, որոնք իբրեւ յիշողութեան սերմեր` կը...

Էմմա Գրիգորեանի Աշխարհընկալումը

Էմմա Գրիգորեանի Աշխարհընկալումը

ԿԱՐԻՆԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆ «Քնքշութիւն», գործ` Էմմա Գրիգորեանի Էմմա Գրիգորեանը նկարիչ է ոչ միայն մասնագիտութեամբ եւ տաղանդով, այլ` իր ողջ էութեամբ, բուն ապրելակերպով: Եթէ ձեզ ծանօթ է նրա կեղծիքից բացարձակ զերծ գեղանկարչութիւնը, ապա համարէք, որ ծանօթ էք հէնց նրան` նկարչուհուն: Նա եւ իր արուեստը մի ներդաշնակ եւ անքակտելի ամբողջութիւն են կազմում, մի աշխարհ` Էմմա Գրիգորեանի աշխարհը: Նոյնիսկ դժուար է ասել, արդեօ՞ք դա...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յունուար Դ. –  Հպարտութեամբ Կը Խոնարհինք Հայոց Բանակին Խիզախութեան Առջեւ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յունուար Դ. – Հպարտութեամբ Կը Խոնարհինք Հայոց Բանակին Խիզախութեան Առջեւ

28 յունուարին կը նշենք մեր ազգային սրբազնագոյն տօներէն մէկը` Հայոց բանակին տօնը: Պատմական հերոսամարտերու, ազատագրական պայքարի երկունքէն ծնունդ առած ու անկախ մեր հայրենիքի անվտանգութեան հիմնական երաշխիքը հանդիսացած հայոց բանակը մեր ազգային հպարտութիւնն է: Հայոց բանակն է հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան մարմնացումը: Բանակին ծառայող մեր մարտունակ զինուորները ոչ միայն մեր հայրենիքին սահմանները կը պաշտպանեն, այլեւ` մեր ժողովուրդին ազատ ու մեր պետութեան ինքնիշխան...

«Դրօշակ»-ի Խմբագրական.  Շուշիի Ազատագրումը Տարիների Հեռուից

«Դրօշակ»-ի Խմբագրական. Հայոց Բանակը

Յունուարի 28-ը հայոց  բանակի ծննդեան օրն է: Նորաստեղծ հանրապետութեան  զինուած ուժերը  ծնուեցին  կռուի դաշտում, յընթացս մարտական մկրտութիւն անցնող կամաւորական ջոկատների հիմքի վրայ: Հայոց պետական բանակը երկար ժամանակ  դեռ պիտի կրէր  կամաւորական  իր թթխմորի ազդեցութիւնը: Նորաստեղծ պետական բանակը ձեւաւորուեց  խորհրդային բանակից  կամաւորապէս հայրենիք վերադարձած արհեստավարժ սպաների, բայց հիմնականում`  պատերազմի դպրոցն աւարտած  կամաւորականների ուժերով: Չժխտելով խորհրդային զօրքերից վերադարձածների վաստակը, այնուամենայնիւ, նրանք գործող ...

Ամօ՛թ Մեզի, Եթէ…

Ամօ՛թ Մեզի, Եթէ…

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Հայոց բանակի կազմաւորման տարեդարձն է: Կը շնորհաւորենք մեր յաղթական բանակին տօնը. վստահ եմ, որ այսօր հազարաւոր հայկական սեղաններու վրայ բաժակ պիտի բարձրացուի եւ հայրենասիրական կենացներ պիտի խմուին: Մե՛նք ալ պիտի միանանք այդ կենացներուն, որոնք «հալալ» կենացներ են, եթէ` Սահմանը պաշտպանող զինուորներու ծնողներուն ու հարազատներուն ուղղուած օրհնանքներ ու մաղթանքներ են, Հայոց բանակին գործնական աջակցութիւն ցոյց տուողներուն, բանակի հզօրացման շօշափելիօրէն...

Տօնդ Շնորհաւոր` Հայկական Բանակ

Տօնդ Շնորհաւոր` Հայկական Բանակ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Դարերով հայը երազած եւ տենչացած է իր հայրենի հողին վրայ ապրիլ ազատ եւ անկախ, ապա նաեւ ունենալ պետականութիւն եւ յատկապէս` բանակ: Այսօր այդ դարաւոր փափաքն ու իղձը արդէն իրականութիւն է, որովհետեւ մեր երկրի խաղաղութեան եւ անոր սահմաններուն պաշտպանութեան համար կեանքի կոչուած է հայկական ազգային բանակը, որ արդէն 25 տարեկան է: Համազգային ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը դիմաւորենք մեր զինեալ...

Փա՜ռք, Մեր Երկրորդ Արարատին` Հայոց Դիւցազուն Բանակին (28 Յունուար)

Փա՜ռք, Մեր Երկրորդ Արարատին` Հայոց Դիւցազուն Բանակին (28 Յունուար)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Պէտք չէ թոյլ տալ, որպէսզի հակառակորդը մտածի թուլութեան մասին հայկական կողմից, եւ, որպէսզի դրա զգացումն ազրպէյճանական կողմը չունենայ, անյապաղ պէտք է հզօր կրակ բացել 10, 100 անգամ աւելի, քան նրանք: Զօրավար Նորատ Տէր Գրիգորեանց (Նախկին սպայակոյտի պետ, արցախեան պատերազմի հերոս) «Ազդակ», 23 դեկտեմբեր 2015 Իւրաքանչիւր հայ կրնայ հարց տալ, եւ արդարօրէն, թէ հայութիւնը ունի մէկ Արարատ, որուն գագաթին...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957). Հայ Մամուլի Արթուն Պահակն Ու Անկաշառ Պատգամախօսը

26 յունուարին կ՛ոգեկոչենք մահուան վաթսունամեակը հայ ժողովուրդի արժանաւոր դէմքերէն` հայկական հրապարակագրութեան մեծատաղանդ վարպետ Շաւարշ Միսաքեանի: Հայ մամուլի պատմութեան մէջ բարձրադիր գագաթ մը կը հանդիսանայ աւազանի անունով Եղիազար, բայց Շաւարշ անունով հայաշխարհով մէկ հռչակուած Միսաքեաններու այս անզուգական ծնունդը: Գրական-գեղարուեստական կատարելագոյն մշակումի հասած իր արեւմտահայերէնով, կուռ ոճի եւ խոհական հրապարակագրութեան իր տաղանդով եւ, մանաւա՛նդ, դաշնակցականի անխախտ հաւատքով ու սկզբունքայնութեամբ, Շաւարշ Միսաքեան հրապարակագրական...

Մայրենիին Նահատակութիւնը` 100-Ամեակէն Ետք Ալ

Գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեան` Նաեւ Գրող

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Յարութիւն Թորոսեան անունը անմիջականօրէն արուեստասէրը կը կամրջէ հայկական արդի գեղանկարչութեան հետ: Լիբանանէն մինչեւ եւրոպական ոստաններ, Հայաստան եւ ովկիանոսէն անդին` Միացեալ Նահանգներ, անոր հռչակը անցեալ դարու ուշ 50-ական տարիներէն սկսեալ տարածուած է նկարչութեան աշխարհին մէջ, ոչ միայն ստեղծագործական վաստակին շնորհիւ, այլ նաեւ իբրեւ արուեստի ու գեղանկարչութեան դասախօս-արուեստաբան: Մասնակցած է հաւաքական ու անհատական բազմաթիւ ցուցահանդէսներու, արուեստի աշխարհն ու մամուլը առաջին...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Տարեկան Հանդիպումին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Տարեկան Հանդիպումին

Երկուշաբթի, 16 յունուար 2017-ին, Ապու Տապիի Կաթողիկէ համայնքի կեդրոնէն ներս սկիզբ առաւ Ծոցի Եկեղեցիներու խորհուրդի տարեկան հանդիպումը: Սոյն ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին պաշտօնապէս պետութեան կողմէ ճանաչում ունեցող եկեղեցիները, յատկապէս` ոչ քաղկեդոնական, ուղղափառ, աւետարանական եւ անգլիքան եկեղեցիներու ընտանիքները: Երկու օրերու վրայ տարածուած ժողովներուն գլխաւոր նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ եկեղեցիներու գործունէութեանց, անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու յատկապէս քննարկել Ծոցի երկիրներու մէջ քրիստոնեայ եկեղեցիները...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Միութեան Նուիրուած Միջեկեղեցական Արարողութեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Միութեան Նուիրուած Միջեկեղեցական Արարողութեան

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, բոլոր եկեղեցիները յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը նուիրած են եկեղեցիներու միութեան աղօթքի: Այս տարի եւս յատուկ արարողութիւններ եւ քարոզախօսութիւններ տեղի ունեցան շեշտելու համար եկեղեցիներու միութեան հրամայականը: Առ այդ, հինգշաբթի, 19 յունուար 2017-ին  Լիբանանի մէջ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան բացումը կատարուեցաւ Պէյրութի մարոնիներու «Սայիտեթ Ուահտէ» վանքին մէջ: Միջեկեղեցական արարողութեանց ներկայ էին հոգեւոր պետեր, առաջնորդներ եւ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ` անոնց...

Խմբագրական.  Ակնկալե՛լ Դաշնակցութենէն

Խմբագրական. Ակնկալե՛լ Դաշնակցութենէն

  Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 126-ամեակի նշումը կամ աւանդական ըսելաձեւի օգտագործումով «Դաշնակցութեան օր»-ը տօնակատարելը միաժամանակ համաժողովրդային փառատօնի եւ քաղաքական վարքագիծի հիմնադրոյթներու յայտարարութեան առիթ է: Եւ եթէ մէկ կողմէ անցած ուղին ներկայացնելու, այնտեղ դիմագրաւուած դժուարութիւններու յաղթահարման համար որդեգրուած միջոցառումներուն մասին խօսելու պահն է, որմէ նաեւ` հետագայ ընելիքներու, նոր ուղիներու մատնանշման առիթ, բայց նաեւ ու անպայման ժողովրդային զանգուածին ամէնէն պատասխանատու դիրքերէ հանդիպելու խորհրդաւոր պահ:...

Ազգային Ինքնութիւն Եւ ՀՅ Դաշնակցութիւն

Ազգային Ինքնութիւն Եւ ՀՅ Դաշնակցութիւն

ՎԱՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆ Այս գրութիւնը կը փորձէ վերլուծել ազգային ինքնութեան բնոյթը, քննարկել ներկայ իրավիճակը եւ ճշդել ազգին վերապրումին եւ Հայաստանի վերականգնման գործընթացին առաջ ցցուող խոչընդոտները: Ան կ՛անդրադառնայ նաեւ  հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան արդի միջոցներուն դերին եւ ազդեցութեան: Ապա կը ներկայացուի Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ այս ուղղութեամբ ՀՅ Դաշնակցութեան դերը` նշելով գործադաշտին բնոյթը եւ գործելաձեւը եւ տրամադրելի մարդուժին ու միջոցներուն արդիւնաւէտ օգտագործումի կարեւորութիւնը:...

Page 849 of 1110 1 … 848 849 850 … 1,110

Արխիւներ