
Երեքշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2016-ին, տօնական օրերու առիթով Սէն Ժոզէֆ համալսարանի «Հայկական ակումբ»-ի խումբ մը ուսանողներ, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 10-րդ դասարանին աշակերտներ, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի հետ գործակցաբար, այցելեցին Պուրճ Համուտի մէջ բնակող հայ կարիքաւոր ընտանիքներու:

Ամանորի ու Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, անոնք ուրախացուցին նշեալ ընտանիքները` անոնց տրամադրելով ուտեստեղէնի, հագուստեղէնի եւ խաղալիքներու ծրարներ, նաեւ մաքրութեան վերաբերեալ պիտոյքներ ու նիւթական օժանդակութիւններ:
Այս քաջալերելի եւ նուիրական նախաձեռնութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց եւ ուրախացուց կարիքաւորները, իսկ երիտասարդ ուսանողներուն թէ աշակերտներուն տուաւ սրտի անհուն գոհունակութիւն, որ դրսեւորուեցաւ անոնց դէմքին վրայ, երբ անսահման ուրախութիւն տեսան այդ ընտանիքներուն դէմքերուն վրայ: Կարիքաւորները երախտագիտական եւ աղօթքի խօսքեր ուղղեցին իրենց այցելուներուն:

Վերոյիշեալ բարեսիրական արարքը տպաւորիչ եւ անմոռանալի փորձառութիւն մը եղաւ ուսանողներուն համար, որոնք վստահեցուցին, որ հետագային պիտի ձեռնարկեն հանրօգուտ նման մարդասիրական ծառայութիւններու: Այս արարքը վերանորոգեց իրենց կեանքն ու հոգիները:
Վարձքը կատար բոլորին:


