Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Վրաստան
Հրանդ Տինքի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկներ
«Ակօս» երկլեզու շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի մահուան 10-րդ տարելիցին առթիւ, 21 յունուարին Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին կազմակերպուեցան զանազան ձեռնարկներ:
* Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
* Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թուրք լուսանկարիչ Ումուտ Վեդատի «Ո՞վ եմ ես» խորագրով լուսանկարչական ցուցահանդէսին բացումը` նուիրուած Հրանդ Տինքի: Ցուցադրուած էին լքուած շինութիւններ, ամայացած գիւղեր ու քաղաքներ, փլատակ վանքեր ու տաճարներ:
«Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավար Լեւոն Չիդիլեան իր բացման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ումուտ Վեդատին` թրքական իշխանութիւններուն վերաբերմունքը արհամարհելուն, Ցեղասպանութեան թեման բարձրացնելուն, նաեւ Հրանդ Տինքի յիշատակը սոյն ցուցահանդէսով նշելուն համար:
Ումուտ Վեդատը իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային եւ լուսանկարներուն միջոցով արդարութեան ձայնը լսելի դարձնելու, հայերու դէմ թուրք ազգայնամոլներու գործած ոճիրները սերունդներուն հասանելի դարձնելու իր նպատակին մասին:
Ելոյթ ունեցան Իրակլի Կակապածէն, «Վրաստան» թերթի խմբագիր Վան Բայբուրթեան, «Խաղաղութեան հիմնադրամ»-ի նախագահ Կիորկի Թումասեան, Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Կարէն Մելիքեան, «Ալիք միտիա օն լայն» հայերէն լրատուամիջոցի գլխաւոր խմբագիր Արսէն Խարատեան:
Վազգէն եպս. Միրզախանեան իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հրանդ Տինքի ապրած կեանքին եւ գործունէութեան` շեշտելով անոր արժանաւոր հայորդիի ազատամտութիւնը, ժողովրդավարական գաղափարները, պայքարը` ազգայնամոլութեան եւ ճշմարտութեան խեղաթիւրման դէմ:
Փարիզ
* 17 յունուարին Փարիզի «Անաքօ» տափանաւուն վրայ տեղի ունեցաւ երեկոյթ մը: Աստղիկ Գառնիկեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Տինքի կատարած հսկայ գործը եւ անոր սպանութեան դրդապատճառներուն մասին:
Գեղարուեստական բաժինով ներկայացուեցան երգեր, կարդացուեցան Հրանդ Տինքի գրութիւններէն հատուածներ, նաեւ ներկաները ունկնդրեցին Հրանդ Տինքի ձայնագրութիւններէն մէկը:
Կարճ բանախօսութիւններով հանդէս եկան` Միշիկընի համալսարանի պատմութեան եւ քաղաքական գիտութիւններու դասախօս Ռոնալտ Գրիգոր Սիւնի, որ խօսեցաւ իսկական հայրենասէր Տինքի տեսլականին մասին, որ կը կայանար արդիական, լայնախոհ, ժողովրդավար երկրի ժողովուրդին մաս կազմող բոլոր ազգերու համերաշխ գոյակցութեան մէջ` եւ Փարիզի «Ի. Էյչ. Ի. Էս. Էսե դպրոցի պատմութեան եւ ընկերաբանական պատմութեան դասախօս Համիթ Պոզարսլան, որ շեշտեց, թէ Տինքի առաքելութիւնը կը կայանար հիմնական երեք կէտերու մէջ. ա) Ան իր ձայնով խորտակեց թրքահայութեան լռութիւնը. բ) Թուրքիոյ պաշտօնական պատմագրութեան մասին ան ըսաւ, որ անիկա հիմնուած էր եւ դեռ ալ կը շարունակէ հիմնուիլ անմեղութեան, դաւաճանութեան դէմ պայքարի եւ հուսկ` ազատագրման վրայ, աւելցնելով, որ այդ քողին տակ կը գտնուի արդարութիւն հաստատելու պատրուակով աշխարհին տիրապետելու մօտեցումը: Տինք նաեւ ապացուցեց, որ հայերը ոչ մէկ դաւաճանութիւն գործած են, ինչպէս կ՛ըսեն թուրքերը. գ) Տինք ընկերութեան մէջ ներմուծեց մահ-կեանք յարաբերութեան գաղափարը:
Միացեալ Նահանգներ
Հայաստան-Արցախ Ֆոնտը Անցեալ 13 Ամիսներուն 22 Միլիոն Տոլարի Նպաստ Հայթայթած Է Հայաստանին Եւ Արցախին
1 դեկտեմբեր 2015-էն 31 դեկտեմբեր 2016-ի միջեւ Հայաստան-Արցախ ֆոնտը աւելի քան 22 միլիոն տոլարի արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթեց Հայաստանի ու Արցախի բնակչութեան:
Հայաստան-Արցախ ֆոնտը 16 միլիոն տոլարի ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ մարդասիրական այլ պիտոյքներ ապահովեց հետեւեալ բարեգործական կազմակերպութիւններէն. «Ամերիքերզ» (8,4 միլիոն տոլար), «Տայրեքթ ռիլիֆ ինթըրնեշընըլ» (5,5 միլիոն տոլար), Կաթողիկէ բժշկական առաքելութեան վարչութիւն (875.000 տոլար), «Հելթ փարթնըրզ ինթըրնեշընըլ», Քանատա (818.000 տոլար), «ՄՋԲ ինթըրնեշընըլ» (606.000 տոլար), «Ֆոուն կրօվ քոմփեշըն սենթըր» (543.000 տոլար) եւ «Ֆիտ տը չիլտրըն ֆոնտ» (351.000 տոլար):
Այլ կազմակերպութիւններ եւս մեծարժէք ապրանքներ նուիրած են նշեալ ժամանակաշրջանին. «Փրայմ տելթքեր» (777.000 տոլար), Պոսթընի Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը (717.000 տոլար), «Փրոճեքթ ագապ» (586.000 տոլար), Հայ որբերու օգնութեան միութիւնը (552.000 տոլար), Աւստրալիոյ Հայ քրիստոնեայ առաքելութիւնը (288.000 տոլար), Հայաստանի ակնաբուժական ծրագիրը (280.000 տոլար), Բրիտանիոյ Հայ աւետարանական խորհուրդը (262.000 տոլար), տոքթ. Ճորճ Խաչերեան (255.000 տոլար), «Ֆոքըս ան չիլտրըն նաու» (201.000 տոլար), Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (188,000 տոլար), «Հայ փարոս» բարեգործական հիմնարկը (150.000 տոլար) եւ «Սեմրափլաս ֆաունտէյշըն», Զուիցերիա (128.000 տոլար), «Հայաստանի բարեկամներ» կազմակերպութիւնը (84.000 տոլար), «ՏՔ փապլիշինկ» ընկերութիւնը (43.400 տոլար), Սան Ֆրանսիսքօ շրջանի «Հայաստանի բարեկամներ»-ը (17.000 տոլար), «Վարդանանց ասպետներ» (15.000 տոլար), «Թիւֆէնքեան» հիմնարկը (9000 տոլար) եւ բժ. Ալպերթ Ֆիլիփս (5000 տոլար):
1 դեկտեմբեր 2015-էն ի վեր Հայաստան-Արցախ ֆոնտին կողմէ Հայաստանի ու Արցախի բնակչութեան հայթայթուած աւելի քան 22 միլիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւնը հայրենիք փոխադրուած է 29 թռիչքներով եւ 43 ծովարկղերով:
Անցեալ 27 տարիներուն, Հայաստան-Արցախ ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ հայկական ֆոնտը, միասնաբար, Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են 741 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն` 158 թռիչքներով եւ 2333 ծովարկղերով:
Հայաստան-Արցախ ֆոնտի նախագահ Յարութ Սասունեան յայտնեց, որ Հայաստան-Արցախ ֆոնտին կանոնաւոր դրութեամբ կ՛առաջարկուին միլիոնաւոր տոլարի արժէքով կեանքեր փրկող դեղեր ու բժշկական պիտոյքներ, աւելցնելով, որ իրենք մեծապէս կը քաջալերեն առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենան շարունակաբար կենսական նպաստ տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն:
Հանդիպում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Պատգամաւոր Արմէն Սարգսեանի
19 յունուարին Ազգային Ֆերահեան վարժարան այցելեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Սարգսեան, որ Ամերիկա հրաւիրուած էր ՀՅԴ 126-ամեակի տօնակատարութեան օրուան իբրեւ գլխաւոր բանախօս:
12-րդ դասարանի աշակերտ Նարեկ Գույումճեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ` շեշտը դրաւ հայ ժողովուրդի փառաւոր յաղթանակներուն վրայ` աւելցնելով, որ այդ փառաւոր յաղթանակներուն եկաւ միանալու հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքի եւ միասնական ուժի յաղթանակի խորհրդանիշ արցախեան շարժումը, որ նոր էջ մը բացաւ հայ ազատագրական պայքարի մեր պատմութեան մէջ: Ան նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօս Արմէն Սարգսեանի կենսագրական գիծերը:
Սարգսեան իր խօսքին մէջ գոհունակութիւն եւ հպարտութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած առիթին համար` այցելելու Ազգային Ֆերահեան վարժարան եւ ծանօթանալու աշակերտութեան հետ: Ապա ան անդրադարձաւ Արցախի ներկայ իրավիճակին, ազրպէյճանցիներուն կողմէ զինադադարի խախտումներուն մասին, եւ յաջորդական սերունդներու Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան: Եզրափակելով իր խօսքը` Սարգսեան վստահեցուց, որ հայրենիքը բոլորիս է, եւ եթէ ներկայիս սփիւռք ենք, ապա ապագային պէտք է մտածենք հայրենիք վերադառնալու մասին:
Վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Արմէն Սարգսեանին եւ վարժարանին կողմէ յուշանուէր մը յանձնեց հիւրին:
Յայտագիրը վերջ գտաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի «Տէրունական աղօթք»-ով:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Լոյս Տեսաւ Վահէ Պէրպէրեանի «Յանուն Հօր Եւ Որդւոյ» Վէպը
Վերջերս «Արաս» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ սփիւռքահայ արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ» խորագիրը կրող ժամանակակից կեանքէ առնուած դիւրին ընթեռնլի վէպը:
Շարժապատկեր մը յիշեցնող վէպին դէպքերը տեղի կ՛ունենան Հոլիվուտի մէջ: Հօր մը եւ անոր զաւակին երկու աշխարհները իրարու կը բախին: Երիտասարդ ամերիկուհի մը ապաստան կը գտնէ անոնց տան մէջ: Որդին` Հրայր, որ հայկական վարժարանի մը մէջ ուսուցիչ է եւ գիշերներն ալ` սիրողական դերասան մը, կը սիրահարի աղջկան եւ այս պատճառով կը դառնայ իր շուրջիններուն թիրախը, նաեւ իր եւ հօրը միջեւ մշակութային եւ բարոյական բախումը կը սաստկանայ:
Պէրպէրեանի այս գործը կը բանայ ընկերային, մշակութային եւ սեռային աշխարհ մը, որ իր անկեղծութեամբ կը ցնցէ ու կը յուզէ ընթերցողը:
Գրիշ Դաւթեանի «Օրաւուր» Գիրքին Շնորհահանդէսը
19 յունուարին «Ապրիլ» գրախանութին մէջ տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեանի նոր բանաստեղծական ժողովածու «Օրաւուր» գիրքին շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքը արտասանեց Առնօ Երէցեան, որ անդրադարձաւ գիրքին եւ հեղինակին կենսագրութեան: Ան նկատել տուաւ, որ «Օրաւուր» գիրքը Դաւթեանի հեղինակած եօթներորդ գիրքն է: Երէցեան յայտնեց, որ հեղինակը, շնորհիւ իր գրականութեան, մշակութային եւ ազգային-հասարակական ծառայութիւններուն, արժանացած է գնահատագիրներու եւ շքանշաններու:
Այնուհետեւ արձակագիր Պօղոս Քիւփելեան կատարեց գիրքին ներկայացումը: Ան գնահատեց Դաւթեանին գրականութիւնը` հաստատելով, որ անոր գլխաւոր թեման գլխագիր Սէրն է` իր համամարդկային եւ տիեզերական իմաստով:
Արձակագիր Ռ. Կորիւն շնորհաւորելով գիրքին ծնունդը` նկատել տուաւ, որ Գրիշ Դաւթեան սիրերգակ է` սիրային խոր, զգացումով լեցուն բանաստեղծութիւններով, հայրենաերգակ է` հայրենասիրական գրութիւններով, մարդերգակ է` մարդկային արժէքները բարձր դասող քերթուածներով:
Իրանահայ միութեան «Տեղեկատու» ամսագրի խմբագիր, բանաստեղծ, երգիծագիր Ներսէս Տէր Մեսրոպեան, որ պատմեց յուշեր իրենց ժամանակի Իրանահայ գրողներու միութեան մասին, որուն անդամ էին ինք եւ Դաւթեան:
Արձակագիր Կիմա Կիրակոսեանը շնորհաւորեց հեղինակին նոր գիրքը եւ կատարեց կարգ մը ընթերցումներ:
Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ գիրքին հեղինակը, որ կենսագրական հետաքրքրական յուշեր պատմեց, նաեւ գիրքէն ընթերցումներ կատարեց:
Ջրօրհնէք` «Կլենտէյլ Էտվենթիսթ» Հիւանդանոցին Մէջ
4 յունուարին առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան այցելեց «Կլենտէյլ էտվենթիսթ» հիւանդանոց եւ հիւանդանոցի նախագահ Քեւըն Ռապըրթսի, բժիշկներուն եւ պաշտօնէութեան ներկայութեան կատարեց ջրօրհնէք ու հացի օրհնութիւն: Սրբազան հայրը խօսեցաւ Ս. մկրտութեան մասին եւ իր գնահատանքը յայտնեց հիւանդանոցի ղեկավարութեան` ամէն տարի աւանդութիւն դարձած այս արարողութիւնը կատարելուն համար:
Արարողութեան աւարտին հիւանդանոցին անունով Ռամելլա Մարգարեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին` անոր այցելութեան եւ կատարած ջրօրհնէքի արարողութեան համար:
Խօսք առաւ նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Փոլա Տիվայն:
Այցելութեան աւարտին սրբազան հայրը այցելեց հիւանդներուն: