Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Իննսունամեակ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Դիրքային Բախումներ Եւ Ազերիական Ներթափանցումի Փորձեր

Փետրուար 1, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Օմարի Լեռնանցքը Հայ
Ազատամարտիկներու Հակակշիռին Տակ

Արցախ-Ազրպէյճան ճակատումները 1994 փետրուարի սկիզբը վերածուած էին դիրքային բախումներու, որոնք ամէնօրեայ հերթականութեամբ կը շարունակուէին զանազան առանցքներու վրայ: Ազերիական օդանաւեր յաճախ կը փորձէին խզել Արցախի օդային տարածութիւնը եւ իրենց մասնակցութիւնը բերել քանի մը ռումբով:

Ազերիական բանակը փետրուար 9-ին խզեց Արցախի հետ չյայտարարուած զինադուլը եւ ցամաքային ու օդանաւային յարձակումի փորձեր կատարեց Արցախի վրայ:

Ցամաքային յարձակումները կատարուեցան Ֆիզուլիի, Մարտունիի եւ Մարտակերտի մօտակայ Յակոբ Կամարի շրջաններուն մէջ: Արցախեան ուժերը ետ մղեցին յարձակումները: Հակառակ մշուշապատ երկինքին, ազերիական օդանաւեր փորձեցին ռմբակոծել Ստեփանակերտի շրջանը եւ ռումբեր արձակեցին մայրաքաղաքին մօտակայ վայրերու վրայ: Ազերիական օդանաւերը աւելի քան տասը անգամ խզեցին Արցախի օդային տարածութիւնը:

***

«Ազդակ»-ի 9 փետրուար 1999-ի  թիւով եւ «Թուրքիա` ալիեւեան հաւասարակշռուած քաղաքականութեան մէջ» խորագիրով ակնարկով պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Հայտար Ալիեւ նախկին Խորհրդային Միութեան բարձրաստիճան ղեկավարներէն էր, որ Պաքուի ղեկավարութենէն Մոսկուա հասաւ, սիրաշահելով Կրեմլինի ղեկավար Լէոնիտ Պրեժնեւը:  Ազրպէյճան տնտեսական եւ ռազմագիտական կարեւորութիւն կը ներկայացնէր Մոսկուայի դիտանկիւնէն: Ալիեւ, համայնավարութեան խաղաքարտը խաղալով, յաջողեցաւ իր երկրին շահերը ներդաշնակել Մոսկուայի այդ օրերու շահերուն հետ, որովհետեւ այլ ընտրանք չունէր: Այսուհանդերձ, Ալիեւ եւ անոր ընկերակիցները չէին մոռցած, այլ պարզապէս քողարկած էին 20-րդ դարասկիզբի իրենց քաղաքական տենչերը, որոնք զիրենք կը մղէին մէկ աչքը պահել Թուրքիոյ վրայ եւ սպասել այն օրուան, երբ կարելիութիւնը պիտի վերստեղծուէր աշխարհագրականօրէն կապուելու Թուրքիոյ եւ դառնալու դէպի Կեդրոնական Ասիա անոր կամուրջը, ինչպէս որ Թուրքիա միշտ փորձած է եւ յաճախ յաջողած` ըլլալ Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ հետ Արեւմուտքին կամուրջը:

Շարունակելով` Մահսէրէճեան կ՛ըսէր, որ 1993 յունիսին Ալիեւ վերադարձաւ Պաքուի ղեկին եւ առաջին քայլերէն մէկը եղաւ վերստին ձեռք առնել Մոսկուայի խաղաքարտը: Ազրպէյճանը Ա. Պ. հասարակապետութեան շրջագիծէն ներս առաջնորդելէ ետք, սակայն, Ալիեւ յայտնապէս նախընտրեց աւելի յարիլ դէպի Թուրքիա եւ Արեւմուտք, Մոսկուայէն որոշ հեռաւորութիւն պահելու մէջ տեսնելով իր երկրին շահերուն ապագան: Թուրք խորհրդականներու եւ թրքական զինական օժանդակութեանց ապաւինելու անոր ընթացքը միայն մէկ փոքր արտայայտութիւնն է ալիեւեան թրքամէտ քաղաքականութեան:

* * *

«Ազդակ», 10 փետրուար 1994-ի թիւով եւ «Արցախն է մեր այսօրուան Աւարայրը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ մեր նորագոյն Աւարայրը կը մղուի Արցախի մէջ: Միօրեայ ճակատամարտ մը չէ արցախեան պայքարը, սակայն բարդ աշխարհին  ստեղծած բազմահաւաք ազդեցութիւնները անորոշ կը պահեն անոր ելքն ու տեւողութիւնը: Վարդանանց հերոսներուն ժառանգորդները կը կոչուին Շահէն, Բեկոր, Վարդան եւ Մերուժան, որոնք իրենց անուանի եւ անանուն զինակիցներուն հետ, ամէն օր կուրծք կը պարզեն ազերի բռնադատողին դէմ:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ ինչպէս որ Աւարայրի ճակատամարտը եղաւ ամբողջ հայ ժողովուրդին` հայոց աւագանիին միացեալ կռիւը, նոյնպէս ալ Արցախի պայքարը ողջ հայութեան պայքարն է: Անիկա մարմնաւորումն է Արցախի, Հայաստանի եւ արտերկրի հայութեան կամքին` հայկական  հողը հայուն պահելու եւ անոր վրայ իբրեւ ինքնուրոյն ազգ գոյատեւելու մեր վճռականութեան:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ ազերի բանակները կրնան փիղերու տեղ հրասայլեր կամ վարձկաններ գործածել Արցախի ազատամարտիկներուն դէմ: Դարուն բերած նոր գործիքները ոչինչ կը փոխեն պայքարին բնոյթէն ու էութենէն: Ուժերը այսօր ալ անհաւասար են, ինչպէս որ էին Տղմուտի ափերուն: Արցախեան պայքարին մէջ ալ կրնան արձանագրուիլ Աւարայրեան միօրեայ ճակատամարտին զինուորական արդիւնքները, սակայն ոչ մէկ կասկած, որ իր հողն ու հայրենիքը, սեփական դիմագիծը պահպանելու հայուն վճռակամութիւնը ի վերջոյ յաղթական դուրս պիտի գայ իրաւունքի պատերազմէն, ինչպէս ըրին Վահանեանք` Աւարայրով սկսուած պայքարէն տարիներ ետք:

* * *

Իսկ 12 փետրուար 1994-ի թիւով եւ «Արցախի անժամանցելի եւ անսակարկելի իրաւունքները» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր, որ Արցախը հայ ժողովուրդի պատմական հայրենիքին մէկ անբաժանելի մասնիկն է: Հնչած է ժամը սրբագրելու ստալինեան կամակայութեան հետեւանքով 1923-ին արձանագրուած սխալին:

Ազրպէյճան ամբողջ 65 տարի միայն ու միայն խտրական եւ հայաթափումի քաղաքականութիւն կիրարկած է Արցախի նկատմամբ: Պէտք է վերջ տալ անարդարութեան եւ Արցախը վերամիացնել մայր հայրենիքին` Հայաստանին: Այսպէս ըսին Արցախի քաջ զաւակները 1988-ի փետրուարեան օր մը եւ խաղաղ միջոցներով բողոքի եւ պահանջատիրութեան ձայն բարձրացուցին աշխարհի մեծերուն:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ ազերի թուրքը ահազանգի եւ խուճապի մատնուեցաւ եւ արդարութեան ձայնը խեղդելու համար, դիմեց իրեն ծանօթ միակ միջոցին` ահ ու սարսափ ստեղծելու միտող  արիւնահեղութեան: Եւ եղաւ Սումկայիթ, եղան Պաքու, Գանձակ, Գետաշէն ու Շահումեան: Եղան տնտեսական պաշարում: Անոնց յաջորդեցին Պաքուի քարիւղի հորերուն ստեղծած ձգողութեան դաշտի ներգործութիւնն ու Ազրպէյճանի կողմէ վարձկաններու օգտագործումը:

«Ազդակ» կը նշէր, որ զինուորական բռնադատութիւններն ու քաղաքական կամ մեծապետական խաղերը յաճախ զինուորական տեղատուութեան մատնեցին Արցախի ազատամարտիկները, սակայն երբեք ընկրկում ու պարտուողական ոգի չներարկեցին անոնց: Ու եղան Շուշի, Լիսագոր, Բերդաշէն, Լաչին ու միացում: Եղան Հաթերք, Մարտակերտ, Քելբաջար, Աղտամ, Ֆիզուլի եւ Ճիպրայիլ:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ այս բոլորը իրագործուեցան Արցախի քաջարի ժողովուրդին հերոսական մաքառումով, բազմահարիւր հայ ֆետայիներու հայրենիքն ու ժողովուրդը իրենց անձերէն վեր դասող աննման հերոսներու կեանքերու գնով, մի՛շտ եւ գործնապէս յիշեցնելով սկզբնական պահանջն ու անսակարկելի իրաւունքը:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Արցախի ժողովուրդին բողոքի եւ պահանջատիրութեան ձայնին բարձրացումէն ետք, արդէն անցած են տարիներ: Արցախցին ու անոր հետ ամբողջ հայ ժողովուրդը գիտեն, դաժան փորձառութեամբ զգացին, որ իրաւունքը կը խլուի՛, չի շնորհուիր: Արցախցին, Հայաստան եւ արտերկրի հայութիւնը արդէն գործնապէս ցոյց կու տան, որ Արցախի ժողովուրդը առանձինն չէ իր դատին` իր իրաւունքներուն հետապնդման պայքարին մէջ, այլ հայկական քաղաքական, դիւանագիտական եւ տնտեսական միջոցները գործի պէտք է լծուին, արդէն իսկ լծուած են Արցախի դատին ի խնդիր: Նոյն այդ փորձառութիւնը ցոյց տուած է նաեւ, որ Արցախի դատին հետապնդումը իր դիմաց ունի երկար ու փշոտ ճամբայ եւ թէ` յետ-պաղ  պատերազմեան խաղաղ աշխարհ մը կերտելու ելած մեծերը միայն ձեւականօրէն մէկդի դրած են «պաղ պատերազմ»-ի օրերուն իրենց կիրարկած ոճը, մինչդեռ «մեծ հաշիւներն» ու դարաւոր մրցակցութիւնները կը շարունակուին փոքր ժողովուրդներու հաշուոյն վարելու մարտավարութիւնը: Նոր աշխարհի հին խաղերուն համապատասխան գործի մղած է նաեւ Արցախն ու հայ ժողովուրդը, որոնց համար, Արցախն ու իրաւունքը սակարկելի չեն ու պիտի չըլլան:

***

Ազերիական յարձակումներուն հակադարձելով, Արցախի ազատամարտիկները քանի մը բարձունքներ գրաւեցին Քելբաջարի հիւսիսը, ազերիական ուժերուն պատճառելով մարդկային եւ զինական կորուստներ:

Փոխադարձաբար, ազերիական օդանաւեր բռնաբարեցին Արցախի օդային տարածութիւնը եւ փորձեցին ռմբակոծել Մարտունիի շրջանը:

Արցախի ազատամարտիկները ազերիական յարձակում մը եւս ձախողութեան մատնեցին Քելբաջարի հիւսիսային շրջանին մէջ եւ հակայարձակումի մը վրայ, Օմարի լեռնանցքը ամբողջութեամբ իրենց հակակշիռին տակ առին:

Ազերիական ուժերը փորձեցին յառաջխաղացք արձանագրել նաեւ Մարտունիի շրջանին մէջ, սակայն ետ շպրտուեցան:

Ազերիկան ուժերը փետրուարի կիսուն նոր յարձակումներու անցան Քելբաջարի հիւսիսային շրջանի Օմարի լեռնանցքին ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ` դէպի Մարտակերտի Տօնաշէն գիւղը: Արցախի ազատամարտիկները յաջողեցան կասեցնել թշնամիին յառաջխաղացքը:

Հակառակ իր կրած մարդկային եւ զինուորական կորուստներուն, Ազրպէյճան յաջորդող օրերուն շարունակեց Քելբաջարի եւ Մարտակերտի ճակատներէն ներթափանցումի իր փորձերը, որոնք սակայն բախեցան հայ ազատամարտիկներու ամուր պաշտպանողականին:

Հայաստանի ուժերը փետրուար 18-ին ազերիական «Սուխոյ 24» տիպի օդանաւ մը վար առին, երբ անիկա թռիչք կը կատարէր Հայաստանի հողերուն վերեւ, եւ գերի բռնեցին անոր օդանաւորդը` Խրխզիստանէն վարձկան մը, որ անկարգելով իջած էր Հայաստանի հողին վրայ:

Գերի բռնուած օդանաւորդը խոստովանեցաւ որ ինք վարձկան մըն է: Ան ամսական հազար տոլար կը գանձէր, իսկ իւրաքանչիւր թռիչքի համար` 300 տոլար:

***

ՄԱԿ-ի մօտ Ազրպէյճանի դեսպան Եաշար Ալիեւ Նիւ Եորքի մէջ յայտարարեց, որ Արցախի ճակատներուն վրայ գերի բռնուած հայ ազատամարտիկներու մօտ գտնուած են փաստաթուղթեր, որոնք կ՛ապացուցեն թէ Հայաստան մասնակից է Ազրպէյճանի դէմ Արցախի պատերազմին: Ան ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց դատապարտել Հայաստանը, իսկ իր ամբաստանութիւնները հիմնաւորելու համար իբրեւ միակ ապացոյց` հարց տուաւ. «Արցախի 100 հազարը ինչպէ՞ս կրնայ ճակատիլ 7 միլիոննոց Ազրպէյճանի դէմ»:

«Ազդակ»-ի 19 փետրուար 1994-ի թիւով եւ «Եօթը միլիոնին դէմ հարիւր հազար» խորագիրով նշմարով Մահսէրէճեան կը գրէր, որ եթէ Ազրպէյճան իսկապէս Հայաստանի մասնակցութիւնը ապացուցող փաստաթուղթ ունենար, անպայման փողով ու թմբուկով զայն ցուցադրութեան պիտի հանէր աշխարհին առջեւ:

Երկրորդ` ո՞վ կրնայ արգիլել հայաստանցի հայ կամաւորներուն, կամ մինչեւ իսկ նոյնինքն Հայաստանին, որ օժանդակութեան ձեռք երկարեն Արցախի իրենց եղբայրներուն: Արցախը հայկական հող է եւ անոր պաշտպանութիւնը նուիրական պարտականութիւն է իւրաքանչիւր հայու համար: Արցախի մէջ կռուող հայը վարձկան չէ, ինչպէս ազերիին կողքին կռուող աֆղանը, թուրքը, բրիտանացին կամ խրխըզը: Արցախի մէջ կռուող հայը իր հողը եւ իր իրաւունքը կը պաշտպանէ:

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով որ Եաշար Ալիեւ կը զարմանայ հաւանաբար ի տես «եօթը միլիոննոց Ազրպէյճան»-ի հսկայական ուժին դէմ «հարիւր հազարնոց արցախցիներու» խոյանքին, բայց նո՞ր է, որ արդար իրաւունքի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար կռուող  բուռ մը քաջեր ընկրկումի ու նահանջի կը մատնեն հսկայական բանակներ: Հայոց պատմութիւնը հարուստ է նման սխրանքներով: Իրաւունքին գիտակցութիւնն ու սեփական հողին վրայ կռուելու հանգամանքն է որ կը զօրացնէ Արցախի ազատամարտիկին բազուկը եւ հարիւր-հազարնոց Արցախը կրնայ ապշեցնել ու նահանջ պարտադրել եօթը միլիոննոց Ազրպէյճանին:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Փետրուար 1967)

Յաջորդը

Քեսապի Սահմանագիծին Վրայ Թուրքիոյ Կառուցած «Ամօթի Պատը»

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?