Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիգէն Դարբինեանի «Վերադարձը»

Փետրուար 2, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Մ. Լ.

Երկար ատեն է, որ կը սպասէինք իր վերադարձին: Ձայնը կարօտցած էինք: Կը յիշեմ` արցախեան ազատագրական պայքարի օրերն էին, հայրենիքի պաշտպանութեան համար անհաւասար կռիւ կը մղէին ղարաբաղցի տղաքը: Ինչպէս ամէնուր, ֆրանսահայութիւնն ալ ոտքի ելած էր: Ամէնուրեք` հանրահաւաքներ, զօրակոչի ձեռնարկներ… Եւ Վիգէնը բեմին վրայ էր, իր երգերով ու խօսքով կը քաջալերէր երիտասարդութիւնը: Իր «Զարթի՛ր, լաօ»-ն կը դղրդացնէր սրահները եւ ոգեւորուած նոր սերունդը միաբերան կը ձայնակցէր իր կոչին: «Դէպի Երկիր» կանչը համատարած էր: Այդպէս են յանձնառու արուեստագէտները: Այդպէս է Վիգէնը:

Վիգէնը հայ է, տարագիր հայ: Իր ժողովուրդին պէս ինք ալ թափառական ու աստանդական կեանք ապրած է` Դամասկոսէն Պէյրութ, այնտեղէն ալ Ֆրանսա… Փոքր տարիքէն սիրած է երգը, թատրոնը եւ «եկեղեցին հայկական»-ը, որոնք մեր մշակոյթի անբաժան մասնիկներն են: Վիգէն կ՛երգէ հայերէն, արեւմտահայերէն: Հին ու նոր երգերը կը պատշաճեցնէ ժամանակի ոգիին: Կարօտը, յիշատակները, մանկութիւնը, ընկերները, հայրենի բնօրրանը եւ մօր սէրը միշտ ներկայ են իր երգերուն մէջ: «Երբ եկայ Ֆրանսա, բացութիւն մը զգացի, գտնուեցայ պարտէզի մը մէջ, ուր ծառ չկար, կարօտս խորացաւ եւ որոշեցի իմ միջոցներով ուղիս գտնել ու… երգս դարձաւ բոլոր ետիս ձգածներուս ապաւէնը», կ՛ըսէ Վիգէն:

Եւ ահաւասիկ, Վիգէնի «Վերադարձը»… Յաճախ կ՛ըսուի, որ արուեստագէտի մը վերջին գործը ամէնէն կատարեալն է: Եւ արդարօրէն այդպէս է 21 կտորներէ բաղկացած Վիգէնի վերջին խտասալիկը, որ երկարաշունչ եւ բծախնդիր աշխատանքի արդիւնք է: Երգերուն բառերը փրցուած են իր վերջին տարիներու օրագրութենէն: Գեղեցիկ ու պատկերաւոր է իր նկարագրած մէկ տեսարանը. «Պատուհանը աջիս, զիս կը հանդարտեցնէ, ժամը կը յուշէ, կը նկատեմ, թէ երկինքը պահած է ամպերը, անձրեւ կը տեղայ, դիմացի ծառը, որ կը գրաւէ ուշադրութիւնս, դիմացի մայթին ծայրը, թրջուած կը նայի ինծի… ան դարձած է պատուհանիս մէջի շրջանակուած պատկերին կեդրոնական դերը ստանձնող տիպարը` ընկերս. իր տարբեր տարազներով կը նկարագրէ եղանակները: Տպաւորուած եմ իր համբերատար գոյութեամբ, հիւրընկալ տարածքով` անձրեւին, արեւուն, փոթորիկին… մանաւանդ հիւղակ մը` թռչուններուն…»:

Ուրբաթ, յունուար 20-ին, Փարիզի եկեղեցւոյ «Նուրհան Ֆրենկեան» սրահին մէջ հաւաքուած էին երաժշտասէրներ: Ներկայ էր Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Վահան եպս.  Յովհաննէսեանը:

Սրբազան հօր առաջարկով եւ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր երեկոյթը: Բեմը կը զարդարէին բարձրադիր մոմակալներու մէջ դրուած զոյգ մոմեր, որոնց սփռած լոյսը խորհրդաւոր մթնոլորտ մը կը ստեղծէր: Բեմին վրայ երեւցաւ երգիչը: Ունկնդրեցինք իր տպաւորիչ ձայնը: Իր նոր երգերը նուիրուած են գարնան անձրեւին, ծիծեռնակներուն, հայրենիքին, Մուսա Տաղին, Ղարաբաղին, անկեղծ ընկերներուն, Սասունցի Խաչիկին… Երգեց` առանձնութիւնը, նոր աշխարհը, հին ու նոր յուշերը, սէրը… Եւ այսպէս, վերանալով շուրջ երկու ժամ, շարունակ մենք ալ Վիգէնի հետ միտքով փոխադրուեցանք ուրիշ աշխարհ մը: Վերյիշեցինք մեր մանկութեան օրերը, լաւ ընկերները, պապենական այգիները, հին սէրերը, երազները…

Երգահանդէսի աւարտին Վիգէն Դարբինեան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, որուն ընդունելութիւնը եւ աջակցութիւնը հաճելի անակնկալ եղած են իրեն համար: Նաեւ երախտագիտութեան խօսք ըսաւ իր բարեկամներուն, հայ թէ օտար երաժիշտներուն ու արուեստագէտներուն, որոնց օժանդակութեամբ ծնունդ առած էր «Վերադարձը»:

Հուսկ, բեմ բարձրացաւ Վահան սրբազանը, որ դրուատիքով անդրադարձաւ Վիգէնի երգարուեստին եւ գնահատեց արեւմտահայերէնով երգելու անոր յանձնառութիւնը: Ան ըսաւ, թէ կը ծրագրեն Ֆրանսայի զանազան շրջաններու մէջ ալ համերգներ կազմակերպել, որպէսզի մեր միւս համայնքներն ալ ծանօթանան այս նոր խտասալիկի երգերուն:

Երգարուեստի նուիրեալ եւ հայ երաժշտական աշխարհի համակրելի մենակատար է Վիգէնը:

Կը մնայ ըսել` բարի՛ «Վերադարձ»:

«Նոր Յառաջ»

Նախորդը

Թռչնակրիփ – Bird Flu

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?