Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուէտահայութիւնը Հանդիսաւոր Շուքով Տօնեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126-ամեակը

Փետրուար 2, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

22 յունուար 2017-ին Շուէտի Սոտէրթելիոյ շրջանի Փանորոմա սրահին մէջ, աւելի քան 350 հոգիի ներկայութեան նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 126-ամեակը:

Հանդիսութեան ներկայ էին Շուէտի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտակ Ապիտոնեանը եւ հիւպատոս Արշակ Մանուկեան, ինչպէս նաեւ համայնքի հոգեւոր հովիւ Եղիշէ վրդ. Աւետիսեան, Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Յովսէփ վրդ. Պատօ, Նորայր քհնյ. Կարճումեան եւ Արշակ Քաֆաֆեանը:

Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ 1 վայրկեան յոտնկայս յարգելով յիշատակը ազատագրութեան ճանապարհին զոհուած մարտիկներուն, որոնք իրենց արեան գնով կերտեցին այսօրուան հայրենիքը: Ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի «Մեր հայրենիք» քայլերգով բացուած յայտարարուեցաւ յայտագիրը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ծիլա Մարգէեան, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց ազգերու մէջ յեղափոխութեան տուն տուող պատճառները եւ մանաւանդ հայ ժողովուրդին կրած տառապանքները: Յիշեցնելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դերակատարութիւնը, հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին մղած մարտերու ընթացքին, ինչպէս` Խանասոր, Պանք Օթոման, Սասնոյ եւ Վանի հերոսամարտեր եւ ի վերջոյ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտեր ան, ըսաւ. «Եթէ Հայաստան չունենար 1918-ի անկախութիւնը, այսօր մենք հայրենիք չէինք ունենար»: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Լիւսի Թաշճեան, որ ֆլիւթով նուագեց «Գարահիսար լերան կրծքին» երգը, որմէ ետք Փաթիլ Յակոբեան մեներգեց «Վեհ գաղափար դաշնակցութիւն» երգը` խլելով ներկաներու ծափահարութիւնը, ինչպէս նաեւ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի պարախումբը` 2 պարով գեղարուեստական ղեկավար Սեւակ Եմէնճեանը: Անկէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Հայաստանի դեսպան Արտակ Ապիտոնեան, որ վեր առաւ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը` մեկնարկելով յեղափոխական մարտերէն մինչեւ Հայաստանի ազատագրումը` 1918-ին, ղեկավարելով հայ զանգուածը իսկ յետխորհրդային տարիներուն ըլլայ սփիւռքի մէջ կամ 1990-ին արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին իր ներդրումները: Ան խօսեցաւ նաեւ ներկայիս, որպէս պետականութեան անդամ, կուսակցութեան տարած աշխատանքին մասին, որով ան  սատար հանդիսացած է հայկական պետականութեան հզօրացման եւ զօրաւոր բանակի կերտման: Դեսպանը շեշտեց, որ անիկա ըլլայ որպէս համախոհութեան անդամ կամ ընդիմադիր, ունենալով իր արժանավայել կեցուածքը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, միշտ պաշտպանած է զօրաւոր պետականութեան գաղափարը:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Քնար Գարամանեանը, որ խոր ապրումով ասմունքեց Պարոյր Սեւակէն եւ Անդրանիկ Ծառուկեանէն քառեակներ` սրահը լեցնելով իր տպաւորիչ ելոյթով:

Օրուան պատգամաբերն էր ՀՅԴ Շուէտի կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան, որ 126 տարուան կազմակերպչական կեանքի հաշուետուութեամբ եւ շրջանի կազմակերպչական կեանքի մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դերակատարութեան մասին խօսեցաւ` յիշելով  հայապահպանման առումով դժուարութիւնները, որոնց լուծումը կը կարօտին համազգային ճիգի` հեռու մնալով ըսի ըսաւներէ, այլ մեր ուժերը կեդրոնացնելով գաղութի հզօրացման ի խնդիր:

Գոհար Յակոբեան մեներգեց «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ»-ը, որ հմայեց ներկաները, ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Երէցեան, որ մեկնաբանեց «Ախպերս ու ես» երգը` իր ձայնով տպաւորելով ներկաները:

Մէկ ժամ յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ  Համօ Երէցեան ոգեւորեց եւ ոգեւորուեցաւ` իր ելոյթով գոհացնելով հանրութիւնը եւ իր շուրջ համախմբելով ՇԵՄ-ի երիտասարդներ, որոնք  ՀՅԴ դրօշը բարձրացուցած խոստացան ջահակիր դառնալ այդ դրօշին փոխանցման: Ձեռնարկին վերջին երգն էր «Արիւնոտ դրօշ վեհ Դաշնակցութեան»-ը:

Աւարտին «Պահպանիչ»-ով փակումը կատարեց Եղիշէ վրդ. Աւետիսեան:

ՍՄԲԱՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
ՀՅԴ ՇՈՒԷՏԻ ԿՈՄԻՏԷԻ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Այլատեացութիւնը Եւ Ցեղասպանութիւնը Ազգային-Պետական Քաղաքականութիւն Ազրպէյճանում

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?