Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա.Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 25 յունուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միզային համակարգի հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ տոքթ. Էլի Թաշճեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ նշեց, թէ մեր մարմինը կազմուած է զանազան օրկաններէ, որոնք հաւաքուելով` կը կազմեն մեր մարմինի տարբեր համակարգերը, ինչպէս` արեան, մարսողական, ջղային, նաեւ` միզային: Միզային համակարգը կարեւոր բաժին մը կը գրաւէ մարմինի ընդհանուր համակարգերու աշխատանքին ու անոնց ներդաշնակման մէջ:
Տոքթ. Էլի Թաշճեան դասախօսութիւնը սկսաւ` նշելով, որ միզային համակարգին առնչուած են շարք մը հիւանդութիւններ, իսկ ինք պիտի ներկայացնէ յաճախ պատահողները: Միզային համակարգի հիմնական պարտականութիւնն է անհատի մարմինէն դուրս հանել զանազան երկրորդական նկատուող, ոչ կարեւոր արտադրութիւնները: Միզային համակարգը գլխաւորաբար ունի երեք բաժիններ` երիկամներ, միզածորաններ ու միզաման: Ամէն մէկ բաժին ունի համակարգող պարտականութիւն, յատկապէս միզամանը կ՛ամբարէ մէզը, ու երբ բաւարար լեցուի, կը պարպէ:
Ամէնէն յաճախակի պատահող հիւանդութիւններէն կարել է նշել միզային համակարգի բորբոքումը: Այս պարագային մէզը չի բորբոքիր, միզային համակարգի որեւէ մէկ բաժին կրնայ բորբոքիլ, իսկ անոր ախտանշաններն են` յաճախամիզութիւնը, այրուածքը եւ միզելու անկարողութիւնը կամ դժուարութիւնը:
Տոքթ. Էլի Թաշճեան մտահոգութիւն յայտնեց այն մասին, երբ ոչ մասնագիտական ու բժշկական թելադրութեամբ, նման բորբոքումի պարագային, անթիպիոթիքներու գործածութիւնը յաճախ կը յառաջացնէ դիմադրողականութիւն` անթիպիոթիքներու դէմ, որոնք բարդացնելով վիճակը` կը դժուարացնեն բժիշկին միջամտութիւնը: Այս բաժինին մէջ դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ երիկամներու բորբոքումին, որ յարաբերաբար քիչ պատահող, բայց իբրեւ հիւանդութիւն` աւելի բարդ վիճակ ստեղծող երեւոյթ է: Գլխաւոր ախտանշանը ջերմաստիճանի բարձրացումն է, իսկ երբ վիճակը աւելի զարգանայ, կրնայ բորբոքումը տարածուիլ` հասնելով արեան համակարգ:
Տոքթ. Թաշճեան բացատրեց, որ երիկամներու բորբոքման ախտանշաններն են` ջերմաստիճանի բարձրացում, սուր ցաւեր, ինչպէս նաեւ` բոլոր այն ախտանշանները, որոնք ընդհանրապէս միզային բորբոքումներու ընթացքին կը պատահին, նաեւ` արիւնամիզութիւնը:
Միզային համակարգի բորբոքումներու մէջ կարեւոր է յիշել այրերու մօտ, տեղի ունեցող շագանակագեղձի բորբոքումը, որ կը դրսեւորուի վերոնշեալ ախտանշաններով:
Շարունակելով` տոքթ. Էլի Թաշճեան խօսեցաւ նաեւ միզային ուղիներու մէջ աւազի կուտակման, խիճերու գոյացման մասին: Խիճերը երիկամներու մէջ կը յառաջանան զանազան պատճառներով եւ հոն մնալով` կրնան աճիլ ու մեծնալ այնքան, որ պատճառ դառնան երիկամներու աշխատանքի կասեցման, բայց կայ նաեւ այն, որ փոքր ըլլալու պարագային ալ խիճերը կրնան շատնալ ու հասնիլ մինչեւ միզուղիները, միզամանը:
Ախտանշանները,- Յաճախ սուր ցաւեր, միզելու դժուարութիւն եւ արիւնահոսութիւն:
Բժիշկը ըսաւ, որ միզուղային խիճերը յաճախ, երբ փոքր են, կրնան մէզին հետ դուրս գալ, բայց բաւական մեծ եղած պարագային յատուկ միջոցներով պէտք է չէզոքացնել զանոնք:
Դասախօսը նաեւ կարեւորութեամբ խօսեցաւ միզային անզսպուածութեան մասին: Պատճառները` ուտելիքներն ու խմիչքը, դեղամիջոցները եւ զանազան միզային համակարգի հիւանդութիւնները:
Այս բաժինով տոքթ. Թաշճեան նշեց նաեւ միզային համակարգի ուռուցքներու մասին, որոնք որեւէ տեղ կրնան ըլլան: Այրերու պարագային յաճախ շագանակագեղձի քաղցկեղն է, որուն կը յաջորդէ միզամանի քաղցկեղը:
Աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: