Յօդուածներ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Պաղեստինի Նուիրուած Միջազգային 6-րդ Համագումարին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Պաղեստինի Նուիրուած Միջազգային 6-րդ Համագումարին

Կազմակերպութեամբ Իրանի Հանրապետութեան Խորհրդարանին եւ հովանաւորութեամբ Իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր առաջնորդ Այաթոլլահ Ալի Խամենէի, 21-22 փետրուար 2017-ին Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ Պաղեստինի նուիրուած միջազգային 6-րդ համագումար` առ ի զօրակցութիւն Պաղեստինեան արդար դատին եւ Պաղեստինցի ազնիւ, մարտնչող ու իրաւազրկուած ժողովուրդին: Համագումարին հրաւիրուած էին բարեկամ երկիրներու խորհրդարանի նախագահներ, նախարարներ ու երեսփոխաններ, Պաղեստինեան գլխաւոր կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան պատասխանատուներ, հոգեւոր առաջնորդներ եւ տեղական շրջանային ու միջազգային...

ՀՅԴ-ի 126-ամեակը Նշուեցա Գահիրէի Մէջ

ՀՅԴ-ի 126-ամեակը Նշուեցա Գահիրէի Մէջ

Դաշնակցութեան 126-ամեակի հանդիսութիւնը Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 18 փետրուարի երեկոյեան,  Հելիոպոլսոյ  «Յուսաբեր» ակումբի «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Վարուժան Տատուրեանի: Բանախօսելու հրաւիրուած էր Հայաստանի «Երկիր Մետիա» հեռատեսիլի կայանի քաղաքական ծրագիրներու տնօրէն Գեղամ Մանուկեան, որ սակայն չկրցաւ Գահիրէ ժամանել եւ իր խօսքին տեսագրութիւնը փոխանցեց: Հանդիսութեան ներկայ էին Եգիպտոսի առաքելական եւ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդներ Աշոտ եպս. Մնացականեան եւ Գրիգոր...

Իրաքի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Իրաքի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Փետրուար 28-ին Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին փոխատենապետ Սարգիս Չոլաքեան, ատենադպիր Սարգիս Գոթունեան, վարչութեան անդամ Գէորգ Գատոյեան: Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց կազմակերպութեան հայանպաստ, ազգանուէր գործունէութիւնը եւ նշեց, որ Իրաքի պատերազմական իրավիճակի պայմաններուն մէջ կազմակերպութեան վրայ կը դրուի նաեւ համայնք-պետութիւն փոխյարաբերութիւններու կարգաւորման առաքելութիւնը: Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Քուէյթ Փետրուարեան Ապստամբութեան 96-ամեակի Նշում Հովանաւորութեամբ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս վրդ. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ  «Քրիստափոր» երիտասարդական եւ  «Հ. Դժոխք» պատանեկան  միութիւններու վարիչ կազմին, 17 փետրուարին  Քուէյթի Ազգային  վարժարանի  շրջափակէն  ներս ժողովրդային հանդիսութեամբ նշուեցաւ  Փետրուարեան  ապստամբութեան հերոսներու յիշատակը: Քուէյթի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք խումբ  մը  պատանիներ կենդանի  պատկերի  մը  ընդմէջէն մարմնաւորեցին  ժողովուրդի զանազան խաւերը: Պատկերը  իր  ամբողջական  իմաստը...

Նամականի

Անդրադարձ. Վերյիշելով 1955-1965-ական Պէյրութը Եւ Հանրակառքը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Էշրեֆիէի մեր թաղամասին, «Սի-Էմ-Սի» հիւանդանոցէն շուրջ հարիւր մեթր դէպի վար եւ հարիւր մեթր վեր, 1955-ին, միայն երկու ինքնաշարժի սեփականատէրեր կային, մեր տանտէրը` «Փլայմութ» տիպի եւ դիմացի հիւանդանոցին տնօրէնը` Օգոստին Պետիր` «Սթուտպէյքըր» տիպի. այժմ երկու մակնիշներուն արտադրութիւնը դադրած է, ու մինչեւ 1965 վեց թաղեցիներ եւս դարձան ինքնաշարժի սեփականատէրեր: Այդ ժամանակներուն, երբ զարմիկներ կ՛այցելէին մեզի, մեր մանկական զբաղում-խաղերուն մաս կը...

Լափշինը, Հաց Բերողը Եւ Նեղազգային Հռետորաբանութիւնը

Նամականի. Յստակացման Համար

Շնորհակալ եմ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, որ 23 փետրուարին հրատարակեց «Լափշինը, հաց բերողը եւ նեղազգային հռետորաբանութիւնը» խորագրեալ յօդուածս, թէեւ «առանց բաժնելու այնտեղ արծարծուած կարգ մը տեսակէտներ, դատումներ ու եզրայանգումներ», ինչպէս կը նշուի 24 փետրուարի «Ճշդումի կարգով» գրութեան մէջ: Շատ ամփոփ ձեւով կը փափաքիմ կատարել քանի մը յստակացում: Նախ պարտիմ ըսել, թէ «Ճշդումի կարգով»-ին մէջ կան յօդուածիս ուղղուած որոշ ուղղակի կամ անուղղակի վերագրումներ,...

Ասիկա Պայքար Է` Յանուն Ինքնապաշտպանութեան Եւ Ֆիզիքական Գոյատեւման. ՄԱԿ-ի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Ելոյթ Ունեցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Մասին

Ասիկա Պայքար Է` Յանուն Ինքնապաշտպանութեան Եւ Ֆիզիքական Գոյատեւման. ՄԱԿ-ի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Ելոյթ Ունեցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Մասին

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պ. Կլիմկինի նախագահութեամբ, փետրուար 21-¬ին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ կայացած է «Միջազգային խաղաղութիւն եւ անվտանգութեան պահպանում. հակամարտութիւնները Եւրոպայի մէջ» խորագիրով բաց քննարկում, որուն նպատակն էր դիտարկել Եւրոպայի մէջ առկայ հակամարտութիւններուն պատճառով տարածաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար սպառնալիքները: Քննարկման մասնակիցներուն մէջ եղած են Հունգարիոյ, Լիթվայի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները, Խրուաթիոյ պետական քարտուղարը, Շուէտի, Ղազախստանի,...

«Ապարաժ»-ի Խմբագրական.  Փետրուարից Փետրուար

«Ապարաժ»-ի Խմբագրական. Փետրուարից Փետրուար

Համաշխարհային օրակարգ մուտք գործելը մեր երկրի նման փոքր երկրների եւ փոքրաքանակը ազգութեան համար բաւականին դժուար է: Դեռ աւելի՛ն, համաշխարհային օրակարգում պատմական բարի համբաւ վաստակելը եւ շրջադարձի առիթ դառնալը համարեա անհնարին է: Սակայն հայ ժողովրդին անցեալ դարում երկու անգամ այդպիսի առիթներ են տրուել 67 տարիների տարածութեամբ` հէնց փետրուար ամիսներին: Մէկը` 1921 թուականի փետրուարի 18-ին, իսկ երկրորդը` 1988-ի փետրուարի 20-ին: Երկու իրողութիւններն...

Խօսքն Ու Գործը

Խօսքն Ու Գործը

ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ Իր արտասովոր պաշտօնավարութեան առաջին մէկ ամսուան ընթացքին նախագահ Տանըլտ Թրամփ ցոյց տուաւ, որ ոչ միայն իբրեւ նախագահութեան թեկնածու կարեւորութիւն չի տար իրականութեանց, այլ պատրաստ է իր շահերուն չյարմարող ճշմարտութեանց դէմ պայքարը շարունակելու` Սպիտակ տունէն եւս: Միայն իր իրականութիւնները լուսարձակի տակ պահելու նպատակով ազատ մամուլին վրայ յաճախ անարդար եւ անընդունելի յարձակումներ կատարելու ընթացքին Թրամփ կը մոռնայ, որ արդար ժողովրդավարութեան...

Հեռուներէն  Եկող Երթ

Խոհեր Մայրենի Լեզուի Մասին

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Ծածկագիր, դրոշմ հայ լեզուին վրայ Արեան մէջ մեր սուրբ, խնկահոտ բուրում Հրաբուխն հայոց դուք վառ պահեցիք... Արեան հոսքով մեր երակներուն Նոր աւիշով բորբ կը գոյատեւէք...: «Աստուածային մեր լեզուին-կանչ արարչական» Մ.Պ.Ղ. Լեզուն մարդոց հաղորդակցութեան կարեւորագոյն միջոցն է: Անիկա յառաջացած ըլլալով հասարակութեան մէջ ստեղծուած անհրաժեշտութեան ստիպողական պահանջով` իր գոյութիւնը կը պահպանէ, քանի որ մարդոց միջեւ իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց կը ծառայէ:...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ.  «Ծխախոտը Դադրեցնելու Միջոցները»

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Ծխախոտը Դադրեցնելու Միջոցները»

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 22 փետրուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ծխախոտը դադրեցնելու միջոցները» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց «Էլ. Էյ. Եու» համալսարանի հիւանդապահութեան դպրոցի տնօրէն դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան-Քուլուիքի: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ նշեց, թէ ներկայիս ծխախոտի...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մայրենիի Օրուան Տօնակատարութիւնը Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Փետրուար 21-ին Մայրենիի օրուան առիթով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցան նախարարութեան աջակցութեամբ բացուած «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքի Armlands.com շնորհահանդէսը եւ «Իմ քաղցր լեզու» խորագիրով շարադրութիւններու մրցոյթին ամփոփումը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար  Հրանուշ Յակոբեան: Ան նշեց, որ վաղնջական ժամանակներէն հայոց լեզուն եղած է հայու տեսակի կերտման, հայ ժողովուրդի մտածողութեան ու հոգեբանութեան...

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Արցախի Մէջ Զինուած Հակամարտութեան Դադրեցման Համար` Պիշքէքի Բանակցութիւնները Եւ Զինադադարը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախի Մէջ Զինուած Հակամարտութեան Դադրեցման Համար` Պիշքէքի Բանակցութիւնները Եւ Զինադադարը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի եւ Հայաստանի սահմանային շրջաններուն վրայ ազերիական ցամաքային եւ օդանաւային յարձակումները հետեւողականօրէն կը բախէին հայ ազատամարտիկներու ուժեղ դիմադրութեան եւ ետ կը մղուէին ծանր կորուստներով: Ազրպէյճան կը փորձէր երեք ճակատներու վրայ զբաղեցնել հայկական ուժերը. Արցախի մէջ, Հայաստանի հիւսիս-արեւելքը եւ Նախիջեւանի սահմանին վրայ: Արցախի մէջ, ազերիական ուժերը 1994-ի ապրիլի կիսուն դարձեալ փորձեցին յառաջխաղացք արձանագրել հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան ճակատներուն վրայ, սակայն...

Ակնարկ.  Միջազգային Գնահատականներ  Սպասելու Պահը

Ակնարկ. Միջազգային Գնահատականներ Սպասելու Պահը

Արցախի նորացուած սահմանադրութեան յատկացուած հանրաքուէի գրեթէ անթերի անցնիլը եւ մանաւանդ միջազգային դէտերու այդ ուղղութեամբ տուած գնահատականը բնական է, որ պիտի անհանգստացնէին Պաքուի պետական շրջանակները: Այդ օրերուն անհրաժեշտ էր հակակշիռ քայլ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղեցնելու եւ միջազգային քաղաքական իրաւաչափութիւններուն ընդառաջ տնօրինում կատարելու: Ազրպէյճանի փոխնախագահութիւնը կինով օժտելու մօտեցումը կարելի էր նկատել այդ իրաւաչափութիւններուն համահունչ որոշում, եթէ... Միջազգային կարծիք շեղեցնելու Պաքուի մարտավարութիւնը կու...

Անդրադարձ.  Ջղագարութեան Փաստ  Ու Կանխարգիլման Միջոց

Անդրադարձ. Ջղագարութեան Փաստ Ու Կանխարգիլման Միջոց

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ բանակցութիւններու նախաշեմին Արցախ-Ազրպէյճան կամ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագիծերուն վրայ ազրպէյճանական կողմի մագլցողական քայլերը արդէն դարձած են սովորական երեւոյթ: Ազրպէյճան այդ նոյն մարտավարութեան դիմեց նաեւ Արցախի մէջ 20 փետրուարին տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի նախօրեակին: Ազրպէյճանի համար մագլցողական քայլերու դիմելը կանխարգիլման միջոց է: Այդ հնարքի կիրարկումը մինչեւ օրս յաջող եղած է զինադուլի հսկողութեան մեքանիզմի կիրարկման կանխարգիլման պարագային,...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Դաշնակցութեան Առաջադրանքը, Դաշնակցութեան Խոստումը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեր ժողովուրդին կը ներկայանայ յստակ առաջադրանքով եւ բիւրեղացած խոստումով: Դաշնակցութիւնը կ'առաջադրէ հայրենի ժողովուրդին հետ միասնաբար հիմնադրել նոր սկիզբ մը` դէպի իսկական ժողովրդավարութիւն, դէպի իրական հաւասարութիւն, դէպի բարգաւաճ տնտեսութիւն, դէպի արդիւնաւէտ իշխանութիւն, դէպի իրաւական պետութիւն: Դաշնակցութիւնը կը խոստանայ հայրենի ժողովուրդին` հիմը դնել արդար Հայաստանի, ուր հայ ժողովուրդն է իրաւական տէրն ու վճռողը երկրի...

Այլընտրանք Կա՛յ

Այլընտրանք Կա՛յ

ԺԱՆԻԿ ՔԷՉԵԱՆ Ըստ երեւոյթին, այլ բաներու կարգին, կը թուի, թէ համաշխարհայնացումը պատճառ դարձած է, որ իրական իշխանութիւնը քաղաքականութենէն առանձնազատուի ժամանակակից պետութիւնները բացարձակ նորազատական հայեցակարգի չափանիշի մը ենթարկուած ըլլալուն պատճառով: Ասիկա ակադեմական գաղափարախօսական հիմնադրոյթներուն հետ ոչ մէկ կապ ունի, այլ մօտեցում ունի, օրինակ` թէ ո՞ւր եւ ի՞նչ ձեւով կը միջամտէ (կամ ոչ) պետութիւնը, ի՞նչ ձեւով պետութիւնը կրնայ ներդրում ունենալ առաջնահերթութիւն տալով...

Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն.   Հաղորդագրութիւն

Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն. Հաղորդագրութիւն

Ուրախ ենք յայտնելու, որ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը վերջերս նուէր ստացաւ Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթի 1 յուլիս 1916-29 յունիս 1918 շրջանը ընդգրկող թիւերով կազմուած երկու ծաւալուն հատորներ, որոնք յանձնուեցան Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» հայագիտական գրադարանին: Այս թերթերը Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին նուիրուեցան Լոս Անճելըսի «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանին կողմէ: Ուրախ ենք յայտնելու նաեւ, որ փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեանի միջոցով Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան...

Նամականի

Ակնարկ. Ահազանգ` Կազմակերպուա՛ծ Արատագաղթի Մը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հեգնօրէն, զուգադիպելով Վարդանանցի տօնակատարութեան օրուան, 23 փետրուար 2017-ին «Լինքտին» «մասնագէտներու» վերաբերող ընկերային ցանցի «Հայ մասնագէտներ» խմբաւորումէն ստացայ խիստ մտահոգիչ հաղորդագրութիւն մը, որուն անգլերէն վերնագիրն է` «Քանատան աւելի մօտ է, քան կը կարծես», իսկ ծանուցում-կոչը` «Եթէ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունիս եւ կ՛ուզես Քանատա փոխադրուիլ, բարեհաճէ հետեւիլ մեր Դիմատետրին` հետեւեալ հասցէով...»: Հաղորդագրութիւնը ստանալուս պահուն արդէն իսկ հինգ հետաքրքրուողներ յաւելեալ մանրամասնութիւն կը...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Ինչո՞ւ Կ’ամբարոյականան Ընկերութիւնները

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Բարոյականը, իմաստութիւնը, գիտութիւնը եւ ծառայութեան փաստը դադրած են փառասիրութեան, դիրքի տիրացման եւ ընդհանրապէս ղեկավարման լծակ եւ չափանիշ ըլլալէ, պետութիւններու եւ ընկերային կազմակերպութիւններու պարագային: Ինչպէս սովորութիւն է ըսել, կրկնենք` յարգելով բացառութիւնները: Մեր մոլորակի հեռու եւ մօտ անկիւնները ընկերութիւններու առօրեային մաս կը կազմեն գայթակղութիւնները, բոլոր մակարդակներու վրայ, արքայական տուներէն մինչեւ նախագահները, երեսփոխանները, կուսակցութիւնները, միութիւնները, հաստատութիւնները, բոլոր այն վայրերը, ուր մարդիկ...

Page 840 of 1110 1 … 839 840 841 … 1,110

Արխիւներ