ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հեգնօրէն, զուգադիպելով Վարդանանցի տօնակատարութեան օրուան, 23 փետրուար 2017-ին «Լինքտին» «մասնագէտներու» վերաբերող ընկերային ցանցի «Հայ մասնագէտներ» խմբաւորումէն ստացայ խիստ մտահոգիչ հաղորդագրութիւն մը, որուն անգլերէն վերնագիրն է` «Քանատան աւելի մօտ է, քան կը կարծես», իսկ ծանուցում-կոչը` «Եթէ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունիս եւ կ՛ուզես Քանատա փոխադրուիլ, բարեհաճէ հետեւիլ մեր Դիմատետրին` հետեւեալ հասցէով…»: Հաղորդագրութիւնը ստանալուս պահուն արդէն իսկ հինգ հետաքրքրուողներ յաւելեալ մանրամասնութիւն կը խնդրէին…
Կարծեցի, թէ կրկին քանատական-հայկական կազմակերպութեան մը քարոզչութիւնն է այս, նման սուրիահայերու պարագային` «Քանատայի ներգաղթի նախարարութեան «Հայ տուն» կազմակերպութեան» Քանատա արտագաղթելու ծրագիրին, սակայն փնտռտուքս զիս տարաւ Երեւանի մէջ գտնուող հայաստանեան իրաւաբանական հաստատութիւն մը… Անշուշտ հաւանական է, որ այս ծրագիրը ունի՛ քանատական պետական մղում եւ աջակցութիւն:
Մինչ ընդհանրապէս դժգոհեցանք սուրիահայերու Հայաստանէն զատ այլ երկիրներ գաղթելու իրականութեան ի տես, ահաւասիկ` Հայաստանի քաղաքացի «մասնագէտներ» որսալու ուղղուած ծրագիր մը, որ կը համապատասխանէ Քանատայի կառավարութեան որոշումին` 2017-ին 7,41 տոկոսով աւելցնելու ներգաղթի թուաքանակը, որոնց 101.000-ը` ճարտար, մասնագիտացած աշխատաւորներ եւ փոքր մաս մը` գործարարներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն եւ Արցախի Հանրապետութեան կայացումէն ետք, ցարդ հայահաւաքի եւ հայրենադարձութեան պետական համապարփակ ծրագիր եւ ռազմավարութիւն չէ մշակուած: Ինչպէս Քանատան, նոյնպէս ալ Հայաստանը եւ Արցախը պէտք է ունենան ներգաղթի նախարարութիւն կամ վարչութիւն, որ հաստատուն հիմերու վրայ եւ ըստ պահանջի կազմակերպէ ծրագրուած հայրենադարձութիւն` անկախ տնտեսապէս կարող «զբօսաշրջիկ», ինքնաբուխ, կամաւոր հայրենադարձներէն եւ հայաշատ սփիւռքներու անակնկալ տագնապներէն:
Հեգնօրէն, վերանկախացումէն ետք հակառակը պատահած է եւ շուրջ կէս միլիոն հայեր արտագաղթած են Հայաստանէն… Այս է հետեւանքը իրերայաջորդ իշխանութիւններուն եսակեդրոն, անհեռատես ու ապազգային` վտանգաւոր ու հայրենակործան քաղաքականութեան` պահպանելու համար մենաշնորհեալները եւ թալանելու ազգային հարստութիւնը:
Շատ ուրախ պիտի ըլլայինք, եթէ վերոնշեալ ծանուցում-կոչը շրջուած ըլլար. այսպէս` «Հայաստանը աւելի մօտ է, քան կը կարծես», «Եթէ սփիւռքահայ ես եւ կը փափաքիս Հայաստան փոխադրուիլ, բարեհաճէ դիմել հետեւեալ հասցէին…»:
24 փետրուար 2017