Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի. Յստակացման Համար

Մարտ 1, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շնորհակալ եմ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, որ 23 փետրուարին հրատարակեց «Լափշինը, հաց բերողը եւ նեղազգային հռետորաբանութիւնը» խորագրեալ յօդուածս, թէեւ «առանց բաժնելու այնտեղ արծարծուած կարգ մը տեսակէտներ, դատումներ ու եզրայանգումներ», ինչպէս կը նշուի 24 փետրուարի «Ճշդումի կարգով» գրութեան մէջ: Շատ ամփոփ ձեւով կը փափաքիմ կատարել քանի մը յստակացում:

Նախ պարտիմ ըսել, թէ «Ճշդումի կարգով»-ին մէջ կան յօդուածիս ուղղուած որոշ ուղղակի կամ անուղղակի վերագրումներ, որոնք տեղին չեն. օրինակ «մեր երկիրը մեզ շրջապատող պետութիւններու բռնատիրական կարգերու հետ համեմատել». այդպիսի բան պարզապէս չկար յօդուածիս մէջ: Նմանապէս, «Ճշդումի կարգով»-ը նաեւ հարկ տեսած էր շեշտ դնել երկրի անվտանգութեան առաջնահերթութեան վրայ ու կոչ ուղղել` ծայրայեղութիւններու մերժումին, թէեւ յօդուածիս մէջ յստակ նշուած էր ներքին անարդարութեան եւ երկրի անվտանգութեան փոխկապակցուածութիւնը, խօսուած էր մարդկային իրաւանց խախտումներու երկրին ապահովութեան վրայ ունեցած անուղղակի ազդեցութեան մասին նաեւ, եւ ընդհանրապէս չկար ծայրայեղութեան կոչ կամ վաւերականացում: Այս առթիւ աւելցնեմ միայն, թէ անհրաժեշտ է ախտաճանաչել դրդապատճառները, որոնք հող կը պատրաստեն մեր երկրի համար անբաղձալի ծայրայեղականութեան, ու կեցուածք որդեգրել անո՛նց նկատմամբ նախ եւ առաջ: Իսկ Լափշինի կապակցութեամբ, կը թուի, թէ տողերս բոլորովին սխալ մեկնաբանուած են. Լափշինի ձերբակալութեան հակազդեցութիւնը հարցականի տակ չէր առնուած յօդուածով, այլ նկատի առնուած` որպէս բաղդատական եզր ու ներկայի հռետորաբանական դաշտը բնորոշող լաւ օրինակ:

Մէկ տեղ միայն ստիպուած կը զգամ մտնել մանրամասնութեան մէջ, որպէսզի չստեղծուի այն տպաւորութիւնը, թէ ապատեղեկատուութիւն կատարուած էր իմ յօդուածովս: Այսպէս, «Ճշդումի կարգով»-ը կը գրէ. «Ի դէպ, երկրորդ անգամ այս անձը ձերբակալելու պաշտօնական մեկնաբանութիւնը եղած է ոչ թէ հիւանդութեան պարագան, այլ. «Դուրսը գտնուելով խոչընդոտած է նախաքննութեան ընթացքը»:

Թէեւ յօդուածիս մէջ նշած էի աղբիւրը, բայց այս անգամ պարտիմ ուղղակի մէջբերել պաշտօնական մեկնաբանութենէն, ուր արդարեւ ի յայտ կու գայ հիւանդութեան պարագայի պատճառաբանութիւնը: Այսպէս. «Ստացուած կրկնակի դատաբժշկական փորձաքննութեան եզրակացութեան համաձայն` Արթուր Սարգսեանի մօտ առկայ հիւանդութիւնները (…) չեն դասւում (…) սահմանուած պատիժը կրելուն խոչընդոտող ծանր հիւանդութիւնների շարքին» (Տե՛ս յղում 1): Յստակ է ուրեմն երկու դատաբժշկական քննութիւններու արդիւնքներուն զիրար հակասելը, ինչ որ ինքնին հարցադրումներ կը յառաջացնէ: Արդար ըլլալով շարունակեմ, թէ ճիշդ է, որ հաղորդագրութեան շարունակութեան մէջ պաշտօնական կողմը կը ներկայացնէ երկրորդ պատճառաբանութիւն, ըստ որուն մեղադրեալը խուսափած էր ներկայանալէ. սակայն այդ ալ անհիմն է` տրուած ըլլալով, որ, թէեւ մեղադրեալը չէ ներկայացած փետրուարի 4-ին (այդ ալ փոխադարձ համաձայնութեամբ), բայց փոխարէնը ներկայացած է ամսուն 6-ին, այսինքն ձերբակալուելէն ընդամէնը երեք օրեր առաջ: Յաւելեալ մանրամասնութեան համար ընթերցողը կրնայ լսել Սարգսեանի փաստաբանին բացատրութիւնները (Տե՛ս յղում 2):

Վերյիշեցման կարգով ըսեմ վերջապէս, որ հաց բերողին ու Լափշինին պարագաները այժմէական օրինակներ էին պարզապէս, իսկ յօդուածը կ՛անցնէր անոնցմէ անդին. կ՛առնչուէր երկրի մէջ տեղ գտնող մարդկային իրաւանց խախտումներու անտեսումին, եւ այդ անտեսումի բազմաշերտ բացասական հետեւանքներուն: Կ՛անդրադառնար այն լռութեան պատին, որ, թէեւ կը հերքուի, բայց եւ այնպէս յստակօրէն կը վերարտադրուի «Ճշդումի կարգով»-ին մէջ նաեւ` «քաղաքական հալածանքի բացակայութիւն», «խօսքի ազատութիւնը Հայաստանի մէջ ո՛չ միայն կաշկանդուած չէ…»…  մինչ ընդդիմադիր գործիչներու եւ լրագրողներու հալածանքի, նոյնիսկ ֆիզիքակա՛ն խոշտանգման բազմաթիւ պարագաներ, չբացայայտուած յանցագործներով, որպէս փաստ առկայ են վերջին տարիներու պատմութեան էջերուն մէջ:

Յարգանօք եւ կրկին շնորհակալութեամբ`

ՀՐԱԿ Փ.

1) http://www.azatutyun.am/a/28309021.html

2) https://www.youtube.com/watch?v=PEvuGaMbZWE

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ասիկա Պայքար Է` Յանուն Ինքնապաշտպանութեան Եւ Ֆիզիքական Գոյատեւման. ՄԱԿ-ի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Ելոյթ Ունեցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Մասին

Յաջորդը

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Այցելեց «Ազդակ»

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?