Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Վերյիշելով 1955-1965-ական Պէյրութը Եւ Հանրակառքը

Մարտ 2, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Էշրեֆիէի մեր թաղամասին, «Սի-Էմ-Սի» հիւանդանոցէն շուրջ հարիւր մեթր դէպի վար եւ հարիւր մեթր վեր, 1955-ին, միայն երկու ինքնաշարժի սեփականատէրեր կային, մեր տանտէրը` «Փլայմութ» տիպի եւ դիմացի հիւանդանոցին տնօրէնը` Օգոստին Պետիր` «Սթուտպէյքըր» տիպի. այժմ երկու մակնիշներուն արտադրութիւնը դադրած է, ու մինչեւ 1965 վեց թաղեցիներ եւս դարձան ինքնաշարժի սեփականատէրեր: Այդ ժամանակներուն, երբ զարմիկներ կ՛այցելէին մեզի, մեր մանկական զբաղում-խաղերուն մաս կը կազմէր պատշգամէն փողոց դիտելով` կռահել փողոցէն յաջորդ անցնելիք ինքնաշարժին մակնիշը կամ գոյնը, երբեմն յաջորդ ինքնաշարժը 10 վայրկեան կամ աւելի ուշ կը յայտնուէր…

Տեսակաւոր փերեզակներ բնակչութեան ծառայութիւն կը մատուցէին` ըստ եղանակին, ջորիի կամ էշի վրայ բեռցուած` կիտրոնային եւ այլ պտուղներ ու բանջարեղէն վաճառելով, իսկ ծանրութիւնը` նժարին մէկ կողմը դրուած զանազան չափի քարերով է, որ կը չափէին եւ ընդհանրապէս նժարը ի շահ յաճախորդին կ՛ըլլար: Մինչ, ձիու կառքով, ձմերուկ եւ քարիւղ կը վաճառէին: Երեկոյեան հայ ու տեղացի, հետիոտն, հեծելանիւով կամ եռանիւ կառքով փերեզակները կը շատնային` ընդմիջումով մը իրար յաջորդելով, կարծես համաձայնած ըլլային` քաքար, բլիթ ու լիբանանեան «քաաք», պաղպաղակ, թըրմոս, շաքարաբամպակ, քերեպիճ, խորոված կամ խաշած կորեկ, «նիֆա» (եփած ոչխարի գլուխ), խաշած մանր կուտ, չամանի խիւս ու ֆրանսական հացեր եւ այլն կը վաճառէին:

Փողոց՝ հնդկահաւի վաճառք
Քարիւղի վաճառք «փրիմուսին» համար

Տօնական օրերուն, հետիոտն, հնդկահաւի երամով մը հնդկահաւ կը վաճառէին, նմանապէս` ոչխար: Իսկ զանազան տարիքի մանուկները զուարճացնելու համար, ընդհանրապէս գնչուներ, քիթը շղթայով կապուած արջ մը կը պտտցնէին, որ իր տիրոջ դափին կշռոյթով կը պարէր, կամ` գունաւոր տարազով պարմանուհի մը դափը մէկ ձեռքին ու մատի ծնծղան միւս ձեռքին, հօրը զուռնային ընկերակցութեամբ կը պարէր, մինչ իրենց ընկերակցող փոքր կապիկը մետաղէ գաւաթ մը ձեռքին` դիտողներէն դրամ կը հաւաքէր «համոզիչ» կերպով:

Աւելի հետաքրքրական էր շարժադիտակը. հսկայ կազմով ու թաւ պեխով մարդը կը պոռար` «Եկէք դիտեցէք հրաշքը…»: Կռնակին շալկած, նկարներով ու փոքր հայելիներով զարդարուած երեք գլանաձեւ բաժիններով, այս «կախարդական» պահարանի նման կազմածով, ան քանի մը վայրկեան շարժանկար ցոյց կու տար` ձեռքով անիւ մը դարձնելով, ու երեք անձեր միատեղ, խոշորացոյց դիտակներուն միջոցով զաւեշտալի կարճ ժապաւէն մը կը դիտէին: Ու վերջապէս, այլ գործարար մը չորս աթոռով դարձող կարուսել մը կը պտտցնէր. իւրաքանչիւրին համար 5-ական դահեկան կը վճարէինք:

Պարող արջը եւ դրամ հաւաքող կապիկը
«Կարուսելը»

Անձնական ինքնաշարժով երթեւեկին պակասը մասամբ կը փոխարինէր երթուդարձի զոյգ ուղղութեամբ երկաթուղին` ելեկտրականութեամբ բանող, 1909-ին գործածութեան դրուած Պելճիքական հանրակառքը (1): Հանրակառքին բազմաթիւ կայաններով շրջագայութեան առաջին ծիրը կ՛երկարէր Պուրճ Համուտի Փոլիկարպոս կայանէն, անցնելով Արմենիա պողոտայէն, ժըմէյզի, Նահատակաց հրապարակ, ապա Ռիատ Սոլհ հրապարակ, ուրկէ կը դառնար դէպի Պասթա` վերջին կայանը: Երկրորդ շրջագայութեան ծիրը կ՛երկարէր Ֆըրըն Շըպպեքի հրապարակէն Դամասկոս փողոցով դէպի Նահատակաց հրապարակ, ու սինեմա Ռիվոլիի առջեւէն կը դառնար դէպի Պապ Իտրիս, Ժորժ Փիքօ փողոց, դէպի Ամերիկեան համալսարան, մինչեւ վերջին կայանը` Մանարա, փարոսէն քանի մը հարիւր մեթր առաջ: Հանրակառքի ցանցին ընդհանուր երկարութիւնը ժամանակի ընթացքին աւելնալով` եղած է 12 քիլոմեթր:

Ոչխարի վաճառք, Ժորժ Փիքօ, փողոց 1958, Վ. Օֆլազեանի ասեղնագործութեան խանութին առջեւ, «Սթարքօ»-ի դիմացի շարքին. ակնյայտ է հակապատկերը ձախ կողմին եւ աջին միջեւ…

Ուղեւորութեանը իւրաքանչիւր ծայրամասին` հանրակառքին վարորդը եւ օգնականը պարանով կապուած ու փողոցին վերեւ զետեղուած ելեկտրական ցանցէն ելեկտրականութիւն ստացող ծայրը փոքր անիւով հպիչ ձողը կ՛անջատէին եւ ուղղութիւնը հակառակ կողմ կը դարձնէին, իսկ վարիչին շարժական ղեկը, արգելակին բռնակն ու ոտքով բանող բարձրագոչ յատկանշական զանգ-ճչակին ոտնակը հանրակառքին հակառակ կողմը փոխադրելով` կը փոխէին հանրակառքին ուղղութիւնը դէպի վերադարձ, նաեւ շարժական մուտքի «դուռերուն» արգելքները կը փոխադրէին միւս կողմ: Զոյգ կառքերու պարագային, աւելի բարդ էր ուղղութիւն փոխելու գործողութիւնը: Պատանեկութեանս` մի քանի առիթով յատկանշական զանգ-ճչակը զարնելու «պատիւը» ունեցած եմ:

Այդ օրերուն հանրակառքը ունէր երկու դասակարգի բաժիններ: Առաջին դասակարգը օժտուած էր խսիրով հիւսուած աւելի հանգստաւէտ նստարաններով, սակը` 10 դահեկան, ու փոքր ուղղանկիւն տոմսակը կապոյտ` երկրորդ դասակարգը, փայտէ նստարաններով կամ ոտքի` 5 դահեկան, իսկ տոմսակը` դեղին: Կար նաեւ խնայողական ամսական կամ շաբաթական արտօնագիրի «փաս» դրութիւնը, որ առանց տոմս գնելու` կարելիութիւն կու տար որեւէ կայանէ եւ բազմաթիւ անգամներ հանրակառք օգտագործելու:

Բանուկ ժամերուն, շատ անգամ գերխճողուած, նոյնիսկ ոտքի կենալու տեղ չէր մնար, ու քսակահատները գործի կ՛անցնէին… Մինչ ձրիակերներ, կայաններէն հեռու, ցատկելով կը կախուէին ընթացող հանրակառքի դուռէն, եւ նոյնպէս ցատկելով կ՛իջնէին կայանէն առաջ` երբեմն արկածի ենթարկուելով, եւ տոմս վաճառողը զայրացնելով:

Հանրակառքի ընկերութեան կեդրոնը Մար Մըխայելի այժմու ելեկտրական ընկերութեան շէնքին վայրը կը գտնուէր, ուր «կը գիշերէին» հանրակառքերը, իսկ երկրորդական մասնաճիւղ մը կը գտնուէր Ֆըրըն Շըպպեքի մէջ:

Հանրակառքը Պուրճ Համուտի հին կամուրջին վրայ, 1950-ի ձմրան, երբ Նահր գետը պատով չէր եզերուած տակաւին, ու գետը երբեմն կը յորդէր` ողողելով շրջակայ թաղերը եւ տուները:

Ամրան մեր զբաղումի միջոցներէն էր հեծանիւ վարձել, սակայն` ապահով թաղերու մէջ քշելու համար: Մեր բնակավայրին շրջակայքը, հեծանիւ վարձու տուող չորս խանութներ կային, ամէնէն մօտը «Ազատամարտ» ակումբին շեղաբար դիմացի անկիւնի շէնքին տակի տեղացի Ատիպը, որ դժխեմ ու անհաճոյ անձ մըն էր եւ ունէր միայն ամենամեծ չափի հինցած հեծանիւներ: Աւելի յարմար եւ ամէն չափի ու տեսակի հեծանիւ վարձող երկու հայեր կային Նոր Հաճընի մէջ, եւ օտար մը` դիմացի կողմը: Ընդհանրապէս Հաճընէն կը վարձէինք հեծանիւը, երբ ազգականներու այցելութեան կ՛երթայինք, քանի որ այնտեղ թաղերը ապահով էին` ինքնաշարժներու գրեթէ լրիւ բացակայութեան. վարձակալութեան կէս ժամը 5 դահեկան էր:

Հայաշէնէն դասընկերս, նաեւ ինծի նման ՀՄԸՄ-ի սկաուտ, չարքաշ, ջղուտ եւ արկածախնդիր, քեսապցի Սուրէնին հետ քանի մը անգամ հեծանիւ վարձած ենք: Սուրէնին մէկ ձեռքը կամ ոտքը ընդհանրապէս գաճի մէջ կ՛ըլլար, եւ չեմ յիշեր զինք առանց գաճի կամ վիրակապի: Անոր հետ վերջին անգամ, հաւանաբար` 1963-ի ամրան, երբ Սուրէնին մէկ ձեռքը գաճի մէջ էր, Ատիպէն հեծանիւ մը վարձեցինք, սակայն ինք չերեւցաւ Ատիպին, քանի որ ան ծանօթ ըլլալով Սուրէնին արկածախնդրական համբաւին ու ձեռքի գաճին` հեծանիւ պիտի չյանձնէր: Ընդհանրապէս մօտակայ Ազարիյէյի ինքնաշարժներէ զուրկ, ապահով հանրային պարտէզին մէջ եւ շուրջն էր, որ կը քշէինք:

Զոյգ վակոնով հանրակառքը` կեդրոնէն դէպի Պուրճ Համուտ ուղղուող, ձախին` «սինեմա Ամփիր»-ը

Այդ օր, սակայն, Սուրէնին նպատակը նոր արկածախնդրութիւն մըն էր, որմէ տեղեակ չէի…Նստայ ետեւի աթոռին ու հակառակ բողոքիս` Սուրէն յառաջացաւ դէպի մեր տան կողմը, ու անկէ ետք միայն զառիվայր` սուրալով քշեց մինչեւ Արմենիա պողոտայ` հանրակառքի գիծը, ապա ուղղուեցաւ փողոցին կեդրոնը` հանրակառքի երթուդարձի երկաթուղիներուն միջեւ: Ահա իսկոյն իրականացաւ իր երազը. քշելով հազիւ հեծանիւին լայնքը բաւարարող գացող եւ եկող երկու հանրակառքերուն միջեւ` ան հրճուանքով սկսաւ մէկ ոտքով զարնել գացող` ու միւս ոտքով եկող հանրակառքի կողերուն, ու իր «բարեբաստիկ» բախտէն արկածախնդրութիւնը լիակատար էր, քանի որ երկուքն ալ զոյգ հանրակառքեր էին: Հանրակառքի ճամբորդները սարսափահար, խաչակնքելով բացագանչեցին` «ըսմըլ սալիպ», «եա Ատրա» եւ այլն, ու վարորդները իրենց բարկութիւնը թափեցին մեր վրայ: Այս եղաւ Սուրէնին հետ իմ վերջին արկածախնդրութիւնս:

Պէյրութի մէջ ինքնաշարժներուն թիւը սկսած էր աւելնալ, որուն պատճառով նաեւ խճողումը կ՛աւելնար ամէնուրէք: Միւս կողմէ` նաեւ բնակելի վայրերը ընդարձակուելով դէպի շրջակայ արուարձաններ` հանրակառքին ծառայութիւնը անբաւարար դարձաւ, ու 1964-ին կառավարութիւնը որոշեց եւ շրջագայութեան մէջ դրաւ սովորական, ոչ երկաթուղային «Սավիէմ» մակնիշով ֆրանսական հանրակառքի դրութիւնը, որ ունէր աւելի ընդարձակ շրջագայութեան ծիր` մասամբ բաւարարելով բնակչութեան առօրեայ երթեւեկի պահանջը: Ժողովուրդը նոր հանրակառքը «ժահշ էլ տաուլէ» (պետութեան էշը) կը կոչէր` անոր հսկայական կազմին, սակաւաթիւ նստարաններուն ու կարգ մը վարորդներուն վտանգաւոր ու անապահով քշելու վարքագիծին պատճառով:

Երկու հանրակառքերը զուգահեռ կը ծառայեն ….
Նահատակաց հրապարակին հարաւը

Այս հանրակառքերը ունեցան հազիւ 10-15 տարուան կեանք, երբ 1975-ի քաղաքացիական պատերազմին անոնք գործածուեցան իբրեւ պատնէշներ` հակառակորդ կողմերուն միջեւ: Այժմ անոնց մնացորդը կը գտնուի Նահր քոռնիշին մօտակայ Ժըսըր Ուաթիի շոգեկառքերու «գերեզմանին» մէջ:

Ճաշարանի վերածուած երեք հանրակառքերը` …
Ռաուշէի ծովեզերեայ շրջանին մէջ

Հանրակառքին ծառայութիւնը` քանակ ու շրջագայութեան ծիր, սկսաւ աստիճանաբար նուազիլ, ու 1969-ին վերջնականապէս վերցուեցաւ շրջագայութենէն իրեն հետ տանելով Պէյրութը բնորոշող այս պատմական արժէք ներկայացնող խորհրդանիշներէն մէկը:

Ի՞նչ ճակատագիրի ենթարկուեցան հանրակառքերը: Օրին ըսուեցաւ, որ անոնք վաճառուեցան ափրիկեան երկիրի մը: Սակայն, խելամիտ լիբանանցի գործարար մը, գնելով երեք հանրակառքեր Պէյրութի ծովահայեաց Ռաուշէի հրապուրիչ վայրի մը մէջ զանոնք ճաշարանի վերածեց` որոշ ժամանակ մը պահպանելով սիրելի հանրակառքին մշակոյթը, ներկայութիւնը եւ կարօտը:

10 փետրուար 2017

(1) (https://en.wikipedia.org/wiki/Beirut_Tramway)

 

Նախորդը

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքները. Կիտրոնը Օգտագործելու 10 Հետաքրքրական Տարբերակներ

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?