Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Կ’ամբարոյականան Ընկերութիւնները

Փետրուար 28, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Բարոյականը, իմաստութիւնը, գիտութիւնը եւ ծառայութեան փաստը դադրած են փառասիրութեան, դիրքի տիրացման եւ ընդհանրապէս ղեկավարման լծակ եւ չափանիշ ըլլալէ, պետութիւններու եւ ընկերային կազմակերպութիւններու պարագային: Ինչպէս սովորութիւն է ըսել, կրկնենք` յարգելով բացառութիւնները:

Մեր մոլորակի հեռու եւ մօտ անկիւնները ընկերութիւններու առօրեային մաս կը կազմեն գայթակղութիւնները, բոլոր մակարդակներու վրայ, արքայական տուներէն մինչեւ նախագահները, երեսփոխանները, կուսակցութիւնները, միութիւնները, հաստատութիւնները, բոլոր այն վայրերը, ուր մարդիկ խմբուած կ’ըլլան գործակցութեան եւ ծառայութեան կարգախօսներով:

Լրատուամիջոցները այդ բոլորի ամբոխները զուարճացնող թատերաբեմ են եւ կեր կը հայթայթեն իշխանատենչական մրցակցութիւններու, բոլորն ալ` ընկերութիւնը եւ մարդկային յարաբերութիւնները բարելաւելու խոստումներով:

Երբեմն չարաշահումներու հեղինակները դիմակազերծ կ’ըլլան, կամ կը մնան դիրքերու վրայ, նոյնիսկ յետմահու կ’արժանանան լուսապսակի` իրենցմէ ետք եկողներու դիրքերը ամրացնելու համար: Ժողովուրդը ընդոծին ողջախոհութեամբ կը զգայ, կը տեսնէ, բայց քանի մը տարին անգամ մը իրեն տրուած քուէի զէնքով սրբագրելու անկարող է խաղքութիւնները:

Անմիջապէս տեսանելին անաշխատ հարստացումներն են, բազմաշերտ մակարդակներու վրայ, ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած փտածութիւնը, «կոռուպցիա»-ն (corruption), որուն շնորհիւ «յաջողութիւններ» կ’արձանագրուին, որոնք իրենց կարգին կը ծառայեն որպէս օրինակ ուրիշներու: Այսինքն փտածութիւնը կը տարածուի ընկերութեան բոլոր շրջանակներուն մէջ, մեծ եւ պզտիկ համեմատութիւններով, ոչ միայն յետադէմ եւ ոչզարգացած, այլ` մեծ, անցեալ ունեցող եւ օրէնքներու յստակ համակարգով կառավարուող երկիրներու մէջ:

Միջազգային ամպագոռգոռ ժողովներու մէջ ճառերը անպակաս են, զանազան պաշտօններու տիրացման թեկնածուները խոստումներ կ’ընեն վերացնելու համար փտածութիւնը, «կոռուպցիա»-ն իր բոլոր ձեւերով` կաշառակերութիւն, իշխանութեան չարաշահում անձնական հարստացման համար, ընտանեկան իշխանութեան հաստատում (népotisme), խարդախութեամբ պետական գանձի կողոպուտ, երբեմն ալ, օրինականութեան շղարշի տակ, առանց արդիւնքի հասնելու: Դատարաններու վճիռները սառցալերան  երեւցող փոքրիկ մասն են միայն:

Փտածութիւնը (կոռուպցիա) կ’արտայայտուի զանազան ձեւերով եւ զանազան մակարդակներու վրայ: Հայրը կամ մայրը, դիրքի չարաշահումով, իրենց զաւակները կը տեղաւորեն զանազան պաշտօններու վրայ` ստեղծելով նոր օրերու «էսթեպլիշմընթ»ային աւատապետութիւնը: Եթէ կարելի ըլլար կազմել ցանկը իւրաքանչիւր երկրի հասութաբեր դիրքերու վրայ գտնուող անձերու ընտանեկան պատկանելիութեան, աւելի իրատես կ’ըլլայինք:

Երբեմն փտածութեան (կոռուպցիա) պարագաներ կը հրապարակուին եւ յայտնի մարդիկ դատարան կը տարուին, նոյնիսկ կը դատապարտուին, բայց քանի մը տարի ետք կը վերայայտնուին, եւ առանց խպնելու` կ’ըսեն, թէ «ընկերութեան հանդէպ իրենց պարտքը վճարած են», յանցանքը քաւած են եւ կը վերսկսին, կարծէք` ոչինչ պատահած ըլլայ: Եւ ոչ ոք կը զարմանայ: Չզարմանալով եւ մոռացութեամբ` բարենիշ կը տրուի:

Փտածութիւնը (կոռուպցիա) ոճիր է, եւ ինքզինք յարգող պետութիւնը, կամ այլ իշխանութիւն մը, որ ինքզինք կոչած կ’ըլլայ ժողովուրդի ծառայութեան (այդպէս կը լսենք), այդ ոճիրին դէմ պայքարը առաջնահերթ պէտք է համարէ, եթէ ինք ալ մասնակից-մեղսակից չէ: Փտածութիւնը, ուր որ ալ երեւան գայ, բարձրագոյն կամ համեստ մակարդակներու վրայ, ընկերութիւնը, ընկերային կարգերը, կանոնները, բարքերը հարուածող ոճիր է: Փտածութիւնը, ուր ալ գտնուի, կ’արգելակէ յառաջդիմութիւնը եւ բարօրութիւնը:

Փտածութիւնը (կոռուպցիա), որ համատարած երեւոյթ է, ընկերատնտեսական զարգացումը կը խոչընդոտէ, անկարելի կը դարձնէ, կը շեշտէ անհաւասարութիւնները, որոնց պատճառով կ’աճի թշուառութեան կեղը: Փտածութիւնը կաշառակերութենէն անդին կը տարածուի, երբ անմիջական եւ մեծ շահերու հետամուտ ըլլալով` ներդրումները եւ նախաձեռնութիւնները կը դադրին ուղղուած ըլլալէ դէպի ընկերութիւն եւ երկրին համար օգտակար եւ կենսական նպատակները: Ցած աշխատավարձով այլ երկիրներ երբ կը փոխադրուի արտադրութիւնը, յաւելեալ շահի համար երեւութապէս հանդուրժուող փտածութիւն է (կոռուպցիա) օրինականութեան պիտակով:

Փտածութիւնը (կոռուպցիա) աշխատանքի արդիւնքի եւ միջոցներու անհատական իւրացման եւ կեդրոնացման պատճառով կրթական համակարգը կը զրկէ կարելիութիւններէ, հետեւանքը կ’ըլլայ այն, որ բնակչութեան ուսումնական մակարդակը անկում կը կրէ, նոյն ձեւով անկում կը կրէ նաեւ առողջապահական մարզը` բժշկութիւն, դարմանումներու որոնում, կենսամարդակի անկում: Այս վերջինի հակապատկերն է փոքրամասնութեան գայթակղեցնող ճոխութիւնը, պերճանքը, յղփացումը:

Անմիջականի ճնշումէն եթէ պահ մը հեռանանք, կը հաստատենք նաեւ, որ փտածութիւնը յորձանքին մէջ կ’աւերէ նաեւ անհատական ազատութիւնները եւ ժողովրդավարութիւնը, քանի որ զանոնք կը դարձնէ վաճառքի ապրանք, թշուառութեան մատնուածներու ազատութիւն-քուէն գնելով կամ մեծածախս ծանուցում-քարոզչական միջոցներով հանրային կարծիք ձեւաւորելով: Հարկ է երբեմն մտածել, թէ ի՛նչ կ’արժէ երեսփոխանական կամ նախագահական ընտրութիւն մը:

Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ արդարարատութիւնը եւ զանգուածային լրատուամիջոցները յաճախ թիրախ են եւ զոհ` նոյն փտածութեան, այսինքն` դրամի կայսերական նախայարձակման եւ տիրակալութեան:

Փտածութեան (կոռուպցիա) ընկերային կեղը կայ ամէնուրեք` մեծ եւ փոքր, հարուստ եւ աղքատ երկիրներու մէջ, ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն, քաղաքներու եւ համայնքներու մէջ: Երբեմն գայթակղութիւն մը կ’իմացուի, կը յառաջանայ յուզում, նիւթ կը հայթայթուի լրատուամիջոցներուն, կը սրուին հետաքրքրութիւնները, եւ ապա կեանքը կը վերագտնէ իր հունը: Հանրային կարծիքը հանդարտեցնելու համար օրէնքները սրբագրութիւններ կը փորձեն ընել, բայց անզօր են չարաշահումներու կեղը վերջնականապէս վիրահատելու:

Փտածութիւնը կը հարուածէ համեստ խաւերը, վերնախաւի մարդիկ զիրար կը ճանչնան, մենաշնորհները եւ պաշտօնները իրարու միջեւ կը բաժնուին` ընտանեկան, ընկերահամակրական: Չենք զարմանար, կը հաշտուինք, սերունդէ սերունդ կրկնուող անուններով, դիրքերու վրայ տեսնելով նոյն ընտանիքի անդամները:

Մեծ քաղաքագէտ եւ իմաստուն ըլլալու կարիք չկայ տեսնելու համար, որ փտածութեան (կոռուպցիա) պատճառով ընկերային կեանքը կը խանգարուի`  քաղաքական, ընկերային, մշակութային, կրթական, բարոյական, պատեհապաշտութիւնը կը դառնայ համատարած, բնականօրէն կը բազմանան ոճիրները, մենաշնորհներու պատճառով կը խախտին շուկայի օրէնքները:Մանր առեւտուրը, արհեստները աստիճանաբար կ’անհետանան, մեծ ընկերութիւնները, ինչպէս` մեծ վաճառատուները, կը յառաջացնեն գործազրկութիւն եւ անոր հունով` թշուառութիւն:

Սահման չճանչցող փտածութիւնը պատճառ է նոյն երկրին մէջ ապակայունութեան,  նաեւ` միջազգային հաւասարակշռութեան ապակայունացման, քանի անաշխատ շահերու կուտակումը ինքնին փտածութիւն է, եւ այդ կուտակման հզօր ցանկութիւնը յարաճուն է, սահման չի ճանչնար: Պայքարող կազմակերպութիւններ կան` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, ինչպէս ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրը կամ թմրեցուցիչներու եւ ոճիրներու դէմ պայքարի գրասենեակը: Արդիւնքները վտիտ են:

Ինչպէ՞ս օրինական ձեւերով պայքարիլ համատարած փտածութեան (կոռուպցիա) դէմ, երբ ան կ’անտեսէ օրէնք եւ բարոյական` շահագործելով եւ իրեն ծառայացնելով նոյնիսկ օրէնքները, անբարոյացնելով զանոնք, մանր մակարդակէն մինչեւ վերերը:

Երբ մանուկ էինք, հեռատեսիլ չկար, երէցները հեքիաթներ կը պատմէին: Անոնցմէ մէկը կը յիշեմ, ուր կը խօսուէր հարստացում դիզած թագաւորի մը դէմ եղած ըմբոստութեան մասին: Այդ թագաւորը հետեւեալը ըսած է իր հեռացումը պահանջողներուն: «Ես ոչինչ ունէի, հարստութիւն դիզեցի եւ կշտացայ, հիմա զիս պիտի փոխարինէք ոչինչ ունեցողով մը, որ իր կարգին հարստութիւն պիտի դիզէ…»: Կարծէք այդ թագաւորը այսօր ապրէր:

Յիշուած հեքիաթէն ներշնչուելով` ըսենք, որ թագաւորները պիտի կարենա՞ն գերանցել իրենց փտածութիւն յառաջացնելու հակամէտ ախտը:

Յաճախ կը յիշեմ անցեալ դարու իմաստունը, որ կ’ըսէր, թէ` «Ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»(*), փոխանակ աւազակութիւնը խելացութիւն, ճարպիկութիւն եւ աչքաբացութիւն համարելու, որոնք հաւաքաբար անբարոյութիւն են:

6 փետրուար 2016, Նուազի-լը-Կրան

(*) Le droit d’autrui est mon devoir. (René le Senne)

Նախորդը

Հայկականութեան Մոմ Մը Եւս Շիջեցաւ

Յաջորդը

Ակնարկ. Ահազանգ` Կազմակերպուա՛ծ Արատագաղթի Մը

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?