Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի 126-ամեակը Նշուեցա Գահիրէի Մէջ

Մարտ 2, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դաշնակցութեան 126-ամեակի հանդիսութիւնը Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 18 փետրուարի երեկոյեան,  Հելիոպոլսոյ  «Յուսաբեր» ակումբի «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Վարուժան Տատուրեանի: Բանախօսելու հրաւիրուած էր Հայաստանի «Երկիր Մետիա» հեռատեսիլի կայանի քաղաքական ծրագիրներու տնօրէն Գեղամ Մանուկեան, որ սակայն չկրցաւ Գահիրէ ժամանել եւ իր խօսքին տեսագրութիւնը փոխանցեց:

Հանդիսութեան ներկայ էին Եգիպտոսի առաքելական եւ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդներ Աշոտ եպս. Մնացականեան եւ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան, Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան  Արմէն Մելքոնեան, Գահիրէի Ազգային իշխանութեան անդամներ, ՌԱԿ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի տեղական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, եգիպտահայ մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու վարչականներ ու անդամներ, դաշնակցականներ ու համակիրներ:

Եգիպտոսի, Հայաստանի եւ ՀՅԴ քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, օրուան հանդիսավար Նորա Քէօհնէլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց Արմէն Մազլումեանը, յանուն կազմակերպիչ մարմինին` հանդիսութեան բացման խօսքը փոխանցելու:

Ան առաջին հերթին վեր առաւ հայ ժողովուրդին պատմութեան մէջ 1921 փետրուար 18-ի նշանակութիւնը:

Դաշնակցութեան 126-ամեայ խորհուրդը ան ամփոփեց` ըսելով. «Աւելի քան մէկ դար ու քառորդ Դաշնակցութիւնը եղաւ այն կազմակերպութիւնը, որ մարմնաւորեց հայ ազգի ազատատենչ ոգին, հայը բնորոշող այլ արժէքներու կողքին, յանձնառո՛ւ եղաւ անոնց պաշտպանութեան` խօսքով, գրիչով թէ զէնքով: Այդ յանձնառութեան մէջ ան երբեք չվարանեցաւ, զինք ծնած ժողովուրդը երբե՛ք չձգեց առանձին, միշտ գտնուեցաւ առաջին գիծի վրայ եւ այդպէ՛ս է, որ 126 տարի չկորսնցուց իր փայլքը, անդադար սերունդներ առինքնեց ու ներշնչեց, կեանքը արժեւորելու ուղեցոյց դարձաւ»:

Այնուհետեւ, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեանը: Շնորհաւորելով բոլորը, ան նկատել տուաւ, որ երբ 126 տարի ետք կը խօսուի ՀՅԴ-ի մասին` «միտքդ անպայման գալիս է ազգային արժէքների մասին հասկացողութիւնը. ո՛չ պարզապէս ազգային արժէք, այլ ազգային մնայո՛ւն արժէք», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Իրօք, այդ հարիւր եւ աւելի տարիների ընթացքում Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը վերածուել է ազգային մնայուն արժէքի»: Ան ազգային կուսակցութիւններուն համար նախընտրեց «դասական» բնութագրումը` ըսելով. «Նախընտրում եմ օգտագործել դասական, որովհետեւ աւանդականը աւելի յիշեցնում է սովորոյթ, սովորութիւն… Դասականն արդէն ինքը խօսում է մնայուն արժէքի մասին, արժէք` որը ամբողջացել է եւ դարձել դասական»:

Աւարտին, ան գնահատանքի խօսք ուղղեց «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան:

«Սարդարապատ» պարախումբի պարման-պարմանուհիներ այնուհետեւ հանդէս եկան երկու պարով` «Չինար ես» եւ «Կատակ պար»` արժանանալով ներկաներու ջերմ գնահատանքին:

Ապա մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ 126-ամեակին նուիրուած եւ Հայաստան նկարահանուած շուրջ քառորդ ժամ տեւողութեամբ տեսանիւթ մը, որ շեշտը կը դնէր ՀՅԴ-ի հետ հայոց արժեհամակարգի նոյնութիւններուն վրայ:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Գեղամ Մանուկեանի տեսագրուած խօսքը, որ այնքան անմիջական էր ու ջերմ, գօտեպնդիչ, որ չզգացուեցաւ իր ֆիզիքական բացակայութիւնը հանդիսասրահէն: Գեղամ Մանուկեան, խօսելէ ետք Դաշնակցութեան պատմութենէն մեզի փոխանցուած դասերուն մասին, ներկայացուց Հայաստանի այսօրուան վիճակը եւ շեշտեց ապրիլին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը: «Եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կերտիչներ, ովքեր տասնամեակներ շարունակ ապրեցին Եգիպտոսում, Դաշնակցութեան այս օրը գալիս ենք զեկուցելու, որ ձեր ձեւաւորած, ձեր կերտած, ձեր պատկերացրած խորհրդարանական առաջին հանրապետութիւնը նորից շունչ է ստանում Հայաստանի Հանրապետութիւնում, նորից խորհրդարան է ձեւաւորում, գալիս ենք փաստելու, որ աշխարհից քիչ երկրներից մէկն է, որ դուք ստեղծել էք, որտեղ կինը հաւասար հնարաւորութիւն ունէր տղամարդու հետ, կինը քուէարկելու իրաւունք ունէր, մեր առաջին հանրապետութեան խորհրդարանում երեք կին պատգամաւոր կար, դուք առաջիններից մէկն էիք ամբողջ աշխարհում, որ կին դեսպան նշանակեցիք», յայտնեց ան:

Իր խօսքի աւարտին, Գ. Մանուկեան ըսաւ. «126 տարի Դաշնակցութիւնը եւ բոլոր դաշնակցականները ունեցել են մէկ կարգախօս` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան, յանուն որի տուել են երդում եւ իրենց դրօշի վրայ գրել են` «Մահ կամ ազատութիւն»: «Հազարաւորները դա կեանքով են ապացուցել եւ միշտ գործել են մէկ բառի տակ. կայ մի երգ. երբ որ դաշնակցականները հաւաքւում են, անհնար է որ որեւէ մէկը չմիանայ, քանի որ նրանք ասում են` «Մենք անկեղծ զինուոր ենք», լինի մարտի դաշտում, խորհրդարանի աթոռի վրայ, նախարարական աթոռի, ուսուցչութիւն անելու թէ սփիւռքի որեւէ համայնքում միութենական կեանքի մասնակցելուց: Եւ տայ Աստուած, գա՛յ այն օրը, երբ ցանկացած շարքային դաշնակցական, մեզնից շա՜տ աւելի երջանիկ, որեւէ Դաշնակցութեան օրուայ հաշուետուութիւնը տայ մէկ բառով. մենք կերտե՛լ ենք Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը: Շնորհակալ եմ բոլորիդ»:

Հանդիսութիւնը այնուհետեւ շարունակուեցաւ խրախճանք-ճաշկերոյթով, որուն ընթացքին ազգային-հայրենասիրական երգերով հանդէս եկաւ երիտասարդ մեներգիչ Ռուբէն Սաատ:

Օրուան նախագահ Վարուժան Տատուրեան, կողքին ունենալով առաջնորդ սրբազան հայրերը, Հայաստանի դեսպանը, Թեմական ժողովի ատենապետն ու «Յուսաբեր»-ի շրջանակի պատասխանատուներ, հատեց ՀՅԴ 126-ամեակի կարկանդակը:

Նախորդը

Իրաքի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Պաղեստինի Նուիրուած Միջազգային 6-րդ Համագումարին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?