ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ծածկագիր, դրոշմ հայ լեզուին վրայ
Արեան մէջ մեր սուրբ, խնկահոտ բուրում
Հրաբուխն հայոց դուք վառ պահեցիք…
Արեան հոսքով մեր երակներուն
Նոր աւիշով բորբ կը գոյատեւէք…:
«Աստուածային մեր լեզուին-կանչ արարչական»
Մ.Պ.Ղ.
Լեզուն մարդոց հաղորդակցութեան կարեւորագոյն միջոցն է: Անիկա յառաջացած ըլլալով հասարակութեան մէջ ստեղծուած անհրաժեշտութեան ստիպողական պահանջով` իր գոյութիւնը կը պահպանէ, քանի որ մարդոց միջեւ իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց կը ծառայէ: Ուր որ չկայ հաղորդակցութիւն ,այնտեղ չկայ նաեւ լեզու: Հասարակական հաղորդակցութիւնը լեզուի ոչ միայն ծագման, այլեւ գոյութեան անհրաժեշտ պայմանն է: Լեզուն կ՛ապահովէ հասարակութեան միասնակամութիւնը եւ անոր անդամներուն համատեղ գործունէութիւնը: Իսկ որպէսզի հասարակութեան անդամները կարենան իրարու հետ փոխադարձ ըմբռնման հասնիլ, անհրաժեշտ է, որ լեզուն ընդհանուր եւ միասնական ըլլայ:
– Իրարու դրացի ժողովուրդներն ու ազգերը մեկուսացած չեն, անոնք իրարու հետ փոխադարձ յարաբերութիւններու եւ շփման մէջ են:
– Խօսիլ` կը նշանակէ մտածել: Լաւ կը խօսի կամ կը գրէ ան, որ լաւ կը մտածէ: Իսկ մտածել` կը նշանակէ խօսիլ: Մարդիկ կը մտածեն` խօսելով իրենց մտքին մէջ: Մեր մտաւոր խօսքը կը դառնայ գրաւոր խօսք, ներքին խօսքը կը վերածուի գիրի:
Ներքին խօսքը անհատական գործողութիւն է:
Լեզուն քերականական համակարգ է, որ գոյութիւն ունի իւրաքանչիւրի ուղեղին մէջ, նաեւ` ամբողջ հաւաքականութեան մտածողութեան մէջ: Լեզուն իր լիակատար ամբողջականութեամբ գոյութիւն չունի առանձին-առանձին անհատներու մտքին մէջ, հապա իբրեւ ամբողջութիւն գոյութիւն ունի զանգուածի մտածողութեան մէջ: Ուր որ չկայ հասարակութիւն, այնտեղ չկայ նաեւ լեզու: Որովհետեւ լեզուն հաղորդակցութեան միջոց է եւ ուրիշ ձեւով չի կրնար հանդէս գալ:
Հայոց լեզուի գոյութիւնն ու պահպանութիւնը պայմանաւորուած է ոչ միայն մեր` հայերուս գոյութեամբ, այլեւ` մեր հայոց լեզուի լիակատար գործածութեամբ:
– Առանձին մտահոգութեան եւ յատուկ խօսակցութեան նիւթ է մեր գործածական լեզուի աղքատութիւնը, հայերէնի բառամթերքէն կէս բուռ օգտուելու կամաւոր մուրացիկութիւնը: Իսկ բառերը կ՛ապրին ո՛չ բառարաններու մէջ, ո՛չ ալ գիրքերու: Բառերուն կեանքը անոնց գործածութեան մէջ է: Լեզուն մտածողութիւն ըլլալով` նաեւ գործիք է, իսկ այդ գործիքը կ՛ապրի, երբ կը բանեցնենք «կ՛աշխատցնենք», զայն հակառակ պարագային կը փտի կամ կը ժանգոտի: (Պարոյր Սեւակ):
Լեզուն նաեւ վարք է:
Երբ մարդիկ կը տեղափոխուին մէկ միջավայրէ դէպի ուրիշ միջավայր, ժամանակի ընթացքին անզգալաբար նաեւ կը փոխուին անոնց բառամթերքն ու խօսելաոճը` յարմարելով նորին:
Մեր զարգացման առաջին թշնամին այն է, երբ մենք մտածենք, որ կը տիրապետենք խօսքի մշակոյթին:
Մարդը լաւ խօսիլ կը սորվի իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան, իսկ խօսքի տիրապետութեան ամենալաւ տարիքը մանուկ ու պատանի հասակն է: Մանուկներ ատակ են միաժամանակ տարբեր լեզուներ իւրացնելու: Մայրենիի լաւ իմացութիւնը ձեռք կը ձգուի մանուկ հասակէն: Իսկ մենք` չափահասներս պարտաւոր ենք մեր ամբողջ կեանքի տեւողութեան կատարելագործել մեր գիտցած հայերէնը:
– Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող եօթը հազար լեզուներուն կէսը դատապարտուած է ընդմիշտ կորսուելու վտանգին: Այս մտահոգիչ կացութեան մէջ կը գտնուի նաեւ արեւմտահայերէնը` ոչ միայն իբրեւ գրաւոր, այլ մանաւանդ որպէս բանաւոր լեզու, յատկապէս` եւրոպական ու ամերիկեան երկիրներու մէջ հայ երդիքներու տակ, ուր հայերէնը խօսակցական լեզու չէ այլեւս: Նոյնիսկ յարաբերաբար աւելի բախտաւոր գաղութներու մէջ, ուր հայախօս երիտասարդներ գոյութիւն ունին, խօսակցական արեւմտահայերէնին վտանգ կը սպառնայ, որ մտահոգիչ է:
Պարոյր Սեւակ կ՛ըսէ. «Լեզուի խնամքը անոր անաղարտութիւնը, անոր պահպանութիւնն ու պաշտպանութիւնը դրուած է մեր վրայ: Օտար համալսարաններն ու ակադեմիաները ի վիճակի չեն ընելու այն, ինչը պարտաւոր է ընել հայկական համալսարանն ու հայկական ակադեմիան…
«Պիտի նայինք մեր լեզուին ոչ միայն այն պատճառով, որ ան մեր մայրենին է, այլ նաեւ` այն բանին համար, որ ան իր չորս գրական լեզուներու եւ վեց տասնեակ բարբառներու անչափելի հարստութեան դրամագլուխը մեզի պահելով` պարտաւոր է մարդկութեան փոխանցել շահոյթը»:
Մեր ժողովուրդը ապրած եւ գոյատեւած է, որովհետեւ ամենադժուար դարերու մէջ անգամ պահպանած է ի՛ր լեզուն, իսկ լեզուն ալ պահպանած է` իր ժողովուրդը:
Անգլիացի մեծ բանաստեղծ Լորտ Պայրն հայերէն ուսումնասիրած է Մխիթարեաններու մօտ եւ ըսած `«Ճոխ է հայոց լեզուն եւ առատօրէն կը վարձատրէ ուսումնասիրողը»:
Հին հայերէնին մէջ լեզուն միասնական էր,արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի տարբերութիւններ չկային: Գրաբարի մէջ, ինչպէս նաեւ միջին հայերէնի մէջ,որ որպէս գրական լեզու օգտագործուած էր 10-17-րդ դարերու ընթացքին, տարբերութիւններ չկային: Միջին հայերէնը բազմատարր եւ հարուստ լեզու էր, որ օգտագործած են Ներսէս Շնորհալին, Ֆրիկը, Կոստանդին Երզնկացին, Նահապետ Քուչակը, Վարդան Այգեկցին եւ շատ ուրիշներ: Այս հեղինակներուն համար արեւելահայերէնով կամ արեւմտահայերէնով գրելու հարց չկար:
18-րդ եւ յատկապէս 19-րդ դարերուն սկսան ձեւաւորուիլ մեր լեզուին արեւմտահայ եւ արեւելահայ ճիւղերը` իբրեւ գրական լեզուներ: Իսկ 19-րդ դարու կէսերուն արդէն իսկ ունէինք երկու գրական լեզուաճիւղեր:
Հայերէնը ունի մօտաւորապէս 50 բարբառ: Անոնց մէկ մասը `պատմական Հայաստանի արեւմտեան գաւառներու բարբառներն են ,մեծամասնութեամբ կը պատկանին ԿԸ ճիւղին, իսկ արեւելեան բարբառները <որոնց մէջ է նաեւ ժամանակակից արեւելահայ գրական լեզուի հիմքը կազմող Արարատեան կամ Երեւանի բարբառը», կը պատկանի ՈՒՄ ճիւղին:Ուրեմն բային ներկայ ժամանակը «ամէնէն գործածականը բոլոր լեզուներուն մէջ», կը կազմուի Ում վերջաւորութիւնը կազմող անկատար դերբայով եւ օժանդակ բայով` արեւելահայերէնի պարագային, իսկ արեւմտահայերէնի պարագային` ԿԸ մասնիկով:
Կան նաեւ ուրիշ տարբերութիւններ, որոնք բնաւ արգելք չեն հանդիսանար, որ մենք զիրար հասկնանք:Կան հնչիւնաբանական տարբերութիւններ` բաղաձայններու համակարգերու տարբերութեամբ:
Երկու լեզուաճիւղերն ալ ունին իրենց առանձնայատկութիւններն ու նրբութիւնները, որոնք կը հարստացնեն մեր լեզուն:
Երկու լեզուաճիւղերը կը պահպանուին տարբեր պայմաններու տակ: Արեւելահայերէնը կը վայելէ Հայաստանի պետական աջակցութիւնը: Արեւմտահայերէնը եւս պէտք ունի յատուկ հոգածութեան եւ սփիւռքը իր գոյնզգոյն շերտերով անկարող է ընելու այդ մէկը: Անոնք նոյն ընտանիքի երկու գլխաւոր անդամներն են, եւ մէկը միւսով կ՛արժեւորուի: Կարելի չէ անտեսել արեւմտահայերէնի կարեւորութիւնը, եւ ան կարիքը ունի պետական հոգածութեան:
Լեզուաբաններու կարծիքով, արեւմտահայերէնը մօտ է գրաբարին` իր շարահիւսութեամբ, իսկ արեւելահայերէնը` իր արտասանութեամբ:
Կան զուգահեռ բառեր, որոնք տարբեր նախասիրութեամբ կը կիրարկուին երկու ճիւղերուն մէջ, ինչպէս` փոքր-պզտիկ, սիրուն-աղուոր, խանդ-նախանձ, ազգանուն-մականուն, վաղ-կանուխ, ցուրտ-պաղ, հարեւան-դրացի, ծրար-պահարան, հիւրանոց-պանդոկ, րոպէ-վայրկեան, ձգել-քաշել… եւ այլն
Ըստ Լեւոն Հախվերդեանի, արեւմտահայերէնը աւելի բարեհունչ է եւ աւելի նուրբ, բայց եւ` գրքային, արեւելահայերէնը աւելի կոպիտ է, բայց` աւելի հողեղէն: Առաջինը աւելի լաւ մշակուած է գեղագէտօրէն, երկրորդը` գաղափարապէս:
«Գալով անյիշելի ժամանակներէն, անցնելով բազում դարերու մէջէն, շփուելով բազմաթիւ ազգերու լեզուներուն հետ` հայոց լեզուն իւրատեսակ հանրագիտարան է անյիշելի ժամանակներու, բազում դարերու եւ բազմաթիւ այլ ազգերու: Այսպէս դատելով` մեր լեզուն միայն մեզի չի պատկանիր,այլեւ աշխարհին. ան միայն մեր սրբութիւնը չէ, այլեւ` մասունքը` հանուր մարդկութեան»: (Պարոյր Սեւակ):
Մենք պարտաւոր ենք փայփայել ու սիրել մեր լեզուն, դողալ անոր վրայ: Հայերէնի ճիշդ գործածութիւնն ու ուսուցումը կը սկսի տունէն ,հայ մօր նուիրական պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ դողալ ու գուրգուրալ մայրենիին վրայ: Ապա դպրոց, եկեղեցի, ակումբ ունին հսկայ պարտաւորութիւններ… Մենք հպարտութեամբ պէտք է խօսինք մեր լեզուով: Մեզ հայ պահող մեծագոյն ազդակը մեր լեզուն է: Պէտք է հասկնանք, որ իբրեւ հայեր` մեր ժառանգութեան մեծագոյն գանձը մեր լեզուն է, որ կրնայ զատորոշել մեզ ուրիշներէն եւ կնքել մեզ իւրայատուկ առանձնայատկութեամբ եւ դրոշմով: Մեր լեզուն հարուստ է, բայց մեր լեզուի բառապաշարը պէտք է օգտագործենք, որպէսզի կարենանք հարստանալ մեր լեզուով: Մեր լեզուն ճկուն է: Արեւելահայերէնը հասկնալի է արեւմտահայերուն համար, իսկ արեւմտահայերէնը` արեւելահայերուն համար: Իւրաքանչիւր գիտակից հայ պարտաւոր է հաւասարապէս դողալ երկու ճիւղերուն վրայ:
Իւրաքանչիւր լեզու կը զարգանայ եւ կը գեղեցկանայ, ոչ թէ պատահական, այլ խելացի փոխառութիւններով: Մեր լեզուն, միայն` մտածուած, հայեցի եւ նորակազմ բառերով պէտք է ճոխանայ եւ հարստանայ առօրեայ նորութիւններուն հետ համահունչ քայլ պահելու համար:
Հայերէնը ունի բառակազմութեան` նոր բարդ բառեր կազմելու առաւելութիւնը, ինչը առիթ կու տայ մեզի, որ կարենանք նոր բառեր կազմել հայերէն արմատներով ու բառերով: Ստիպուած չենք օտար բառեր ներմուծելու հայոց լեզուի բառագանձէն ներս` մեր գեղեցիկ բառապաշարը աղաւաղելով:
Օտար բառերու ներմուծումը կամ գործածութիւնը հայերէն նախադասութիւններուն մէջ` կիրթ եւ զարգացած ըլլալու նշան չէ, ընդհակառա՛կը, քաղքենիութիւն է անիկա:
Ժողովուրդ մը չի կրնար գոյատեւել առանց մայրենի լեզուի, դպրոցի, գիրի ու գրականութեան: Որպէս ազգ` իր բոլոր զաւակներով պիտի գոյատեւենք, եթէ ունենանք գիտակցութիւնը` մեր մայրենի լեզուին, անով խօսելու կարեւորութեան, մեր գիր ու գրականութեան անհրաժեշտութեան:
«Լեզուն իրաւ գանձ մըն է, զոր չի կրնար փոխարինել աշխարհի ոչ մէկ հարստութիւն: Իր մայրենի լեզուն վատ գիտցող մարդը կէս մարդ է, չգիտցողը` թշուառ, ծառէն ինկած տերեւ մը, որ կը տատանի ամէն պատահական քամիէ»:
(Ստեփան Զօրեան)
Հալէպ
22 փետրուար 2017