Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Ծխախոտը Դադրեցնելու Միջոցները»

Մարտ 1, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 22 փետրուար 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ծխախոտը դադրեցնելու միջոցները» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց «Էլ. Էյ. Եու» համալսարանի հիւանդապահութեան դպրոցի տնօրէն դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան-Քուլուիքի:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ նշեց, թէ ներկայիս ծխախոտի գործածութիւնը շատ լուրջ ու ծանր վիճակներ կը ստեղծէ` ընկերային, առողջապահական, հոգեկան եւ այլ ազդակներով անհատը, ընտանիքը, ընկերութիւնը ուղղելով դէպի անլուծելի տագնապներ: Եթէ հետեւինք վերջին ուսումնասիրութիւններու, տարեկան 10 առ հարիւրով աւելցած է թիւը ծխողներու, որոնց մէջ երիտասարդները մեծ տոկոս կը կազմեն:

Դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան-Քուլուիքի դասախօսութեան սկսաւ ներկայացնելով վերջին ուսումնասիրութիւններուն տուեալները` ծխախոտի գործածութեան իբրեւ արդիւնք:

Ծխախոտ գործածողներու 41 առ հարիւրը  երիտասարդներ են, իսկ 31  առ հարիւրը` երիտասարդուհիներ:

Երկու մեծագոյն հիւանդութիւններ, քաղցկեղը եւ սրտանօթային հիւանդութիւնները, հիմնականօրէն ծխախոտի գործածութեան հետեւանք են:

Երիտասարդ-երիտասարդուհիներ 13-14 տարի աւելի կանուխ կը մահանան, երբ բաղդատենք չծխողներու հետ: Բայց երբ ծխախոտը կը դադրեցնեն, 10 տարի ետք կը վերացնեն քաղցկեղի եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու տոկոսը:

Երբ բաղդատական մը կատարենք, կլկլակի 1 ժամ գործածութիւնը հաւասար է 100 ծխախոտի, եւ տակաւին այս պարագային զանազան հիւանդութիւններ կրնան փոխանցուիլ կլկլակի ճամբով:

Դասախօսը բացատրեց, որ ծխախոտի գործածութիւնը կ՛ազդէ ծխողին, ինչպէս նաեւ շրջապատին վրայ` պատճառ կը դառնայ  բարձր համեմատութեամբ ականջի բորբոքումներու, կը վնասէ երեխային դիմադրողական համակարգը, քունի խանգարումներ եւ ազմա կը պատճառէ:

Ծխախոտ գործածողը կը վնասէ իր առողջութեան, ինչպէս նաեւ շրջապատին, որ կրնայ ազդուիլ  ծուխէն: Օրինակ սրտանօթային հիւանդութիւններու կարելիութիւնը կը հասնի մինչեւ 25-30 առ հարիւրի, իսկ թոքերու քաղցկեղի 20-30 առ հարիւրի:

Ծխախոտի գործածութիւնը յատկապէս յղութեան շրջանին կ՛ազդէ սաղմին եւ երեխային ընդհանրապէս աճման, ուղեղի աճման վրայ, ինչպէս նաեւ այլ հիւանդութիւններու պատճառ կը դառնայ:

Շարունակելով` դասախօսը թուեց այն պատճառները, որոնք անհատներ մոլի կը դարձնեն ծխախոտին: Գլխաւորը նիքոթինի առկայութիւնն է, անիկա շատ նման է հերոյինի եւ քոքայինի, եւ նիքոթինը 4 ժամի կը կարօտի  մարմնինէն դուրս գալու համար:

Ծխախոտի մէջ կան նաեւ զանազան քիմիական բաղադրութիւններ, որոնք կրնան քաղցկեղ ու այլ մահացու հիւանդութիւններ պատճառել:

Խօսելով ծխախոտի դադրեցման ձեւերուն մասին` դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան-Քուլուիքի ըսաւ, թէ թէեւ դիւրին չի թուիր, բայց կարելի է, պէտք է փորձել առանց յուսահատելու` շեշտելով, որ կարգ մը դեղամիջոցներ կը նպաստեն անոր դադրեցման:

Դասախօսը ներկաներուն բացատրեց, որ ծխախոտի դադրեցումը կրնայ իր անդրադարձները ունենալ անհատին վրայ, ինչպէս` կշիռքի բարձրացում, քնանալու դժուարութիւն, մտահոգ ու յոգնած ըլլալու զգացում, գլխացաւ, անսովոր քրտինք, հազ, ջղային ու ճնշուած վիճակ: Առ այդ, ան թելադրեց, որ նման որոշում տուողը գիտակցի դժուարութիւնները, բայց եւ այնպէս դիմէ այդ յանդուգն քայլին` ունենալով յստակ ծրագիր մը, ճշդուած թուական, աստիճանաբար դադրեցնելու ոճ որդեգրէ: Անահիտ Տէր Վարդանեան-Քուլուիքի խորհուրդ տուաւ դիմել անձի մը, որ մնայուն հետեւի ծխախոտը դադրեցնողին, որ պէտք է առատ ջուր խմէ, առանց աղի արեւակուտ ուտէ եւ տարբեր զբաղումներ գտնէ:

Բանախօսը շեշտեց, որ ժամանակի ընթացքին մեր մարմինը կը ձերբազատի ծխախոտին պատճառած վնասներէն, արեան գերճնշումն ու սրտի զարկերը կը բնականոնանան, ինչպէս նաեւ արիւնը լաւապէս կը շրջագայի եւ թոքերը կը գործեն հարկ եղածին պէս:

Աւարտին ան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն` օրինակներ եւ բացատրութիւններ տալով:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Խոհեր Մայրենի Լեզուի Մասին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?