Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախի Մէջ Զինուած Հակամարտութեան Դադրեցման Համար` Պիշքէքի Բանակցութիւնները Եւ Զինադադարը

Մարտ 1, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախի եւ Հայաստանի սահմանային շրջաններուն վրայ ազերիական ցամաքային եւ օդանաւային յարձակումները հետեւողականօրէն կը բախէին հայ ազատամարտիկներու ուժեղ դիմադրութեան եւ ետ կը մղուէին ծանր կորուստներով:

Ազրպէյճան կը փորձէր երեք ճակատներու վրայ զբաղեցնել հայկական ուժերը. Արցախի մէջ, Հայաստանի հիւսիս-արեւելքը եւ Նախիջեւանի սահմանին վրայ:

Արցախի մէջ, ազերիական ուժերը 1994-ի ապրիլի կիսուն դարձեալ փորձեցին յառաջխաղացք արձանագրել հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան ճակատներուն վրայ, սակայն հակահարուած ստանալով ետ մղուեցան: Ազերիական օդանաւերու միջամտութիւնը եւս անհետեւանք մնաց:

Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ, ազերիներ կը ռմբակոծէին Նոյեմբերեանի Ոսկեպար, իսկ Տաւուշի Այգեպար ու Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղերը: Հայաստանի սահմանապահ ուժերը կը հակադարձէին ռմբակոծման:

Նախիջեւանէն, ազերիական հրետանին կը ռմբակոծէր Սիսիանի կարգ մը գիւղերը:

Ազրպէյճան հետեւողական քաղաքականութեան վերածած էր արցախեան քաղաքներու եւ դիրքերու վրայ մեծ յարձակումները:

Ազերիական բանակը փորձեց թնդանօթներով եւ հրասայլերով թափանցել Արցախ, յարձակում գործելով Մարտակերտ-Աղտամ գիծին վրայ: Ազերիական օդանաւեր ռմբակոծեցին հայկական պաշտպանութեան դիրքերը: Արցախի պաշտպան ուժերը յաջողեցան կասեցնել յարձակումները:

Ազերիական բանակները այնուհետեւ Արցախի հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան ճակատներուն վրայ իրերայաջորդ յարձակումներ գործեցին, փորձելով խորտակել հայկական պաշտպանութեան գիծերը, սակայն անոնց բոլոր փորձերը մնացին ապարդիւն:

Ապրիլ 18-ին ազերիները երեք առանցքներու վրայ յարձակման անցան դէպի արցախեան դիրքեր:

Ազերիական յարձակումները տեղի կ՛ունենային Մարտակերտի, Աղտամի եւ Ֆիզուլիի ճակատներուն վրայ:

Ուշ գիշերին ազերիական ուժերը երկու առանցքներու վրայ յարձակման անցան նաեւ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան շրջանին վրայ: Ղազախէն ճամբայ ելած միաւոր մը, երեք զրահամեքենաներով, յարձակում գործեց Նոյեմբերեանի Բերդաւան գիւղին վրայ: Բախումները տեւեցին չորս ժամ: Հայ սահմանապահ ուժերը յաջողեցան ետ շպրտել յարձակումը:

Ապրիլ 19-ին հայ ազատամարտիկները հակայարձակողականի անցան հետեւողական ոտնձգութիւններ փորձող ազերիական ուժերուն դէմ եւ յառաջխաղացք արձանագրեցին Արցախի հիւսիս-արեւելեան ճակատին վրայ: Անոնք իրենց հակակշիռին տակ առին շարք մը բարձունքներ:

Մարտակերտի հիւսիս-արեւելեան ճակատին վրայ իր կրած ծանր հարուածները հաւասարակշռելու փորձով մը, Ազրպէյճանի բանակը ապրիլ 20-ին ռազմաճակատը տեղափոխեց եւ լայնածիր յարձակումի անցաւ Ֆիզուլիի շրջանին մէջ:

Ազերիական բանակը ծանր զէնքերով, մեծ թիւով զինուորներով եւ օդուժի օժանդակութեամբ, յարձակման անցաւ Ֆիզուլիի ճակատին վրայ, սակայն իր դիմաց գտաւ հայ ազատամարտիկներու ուժեղ պաշտպանութիւնը:

Յաջորդող օրերուն ազերիական բանակը երկու ճակատներու վրայ շարունակեց Արցախի հայկական դիրքերուն վրայ հետեւողական յարձակումները: Մարտակերտի եւ Ֆիզուլի-Մարտակերտ (հարաւ-արեւելք) ճակատներուն վրայ:

***

«Ազդակ»-ի 22 ապրիլ 1994-ի թիւով եւ «… Բայց նաեւ մտահոգուելու պատճառ» խորագիրով ակնարկով պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Թուրքիա կրնայ մտածել, որ մենք` հայերս, ամբողջովին կլանուած ենք Արցախի դէպքերով: Փաստօրէն, Թուրքիոյ դաշնակից Ազրպէյճանը այնպիսի թափ տուած է Արցախի եւ Հայաստանի վրայ իր յարձակումներուն, որ մինչեւ իսկ կարելի է մտածել, թէ այս փուլը որոշ կանխամտածումի մը արտայայտութիւնն է եւ կը միտի «ծածկել» ապրիլ 24-ին կարեւորութիւնը եւ անոր վեր առնուիլը:

Մահսէրէճեան կը նշէր, որ ահա նոյն այդ Արցախն է որ գործնապէս աշխարհին աչքերուն առջեւ կը պարզէ պատմական անժամանցել ճշմարտութիւնը: Թուրքիա, զինուորական եւ զինական օժանդակութիւններով` գործնապէս Ազրպէյճանի ճամբով կը փորձէ շարունակել այն, ինչ որ սկսած էր 1915-ին, սանձուած էր 1918-ին, ապա պատնէշի մը ետին ձգուած էր 1921-էն ետք: Արցախի մղած պայքարը ամէնէն պերճախօս եւ գործնական ապացոյցն է, որ թուրք պետութիւնը անցեալին փորձած է բնաջնջել հայ ժողովուրդն ու ոչնչացնել անոր հայրենիքը: Արցախի մղած համահայկական պայքարը նաեւ «պատգամ» մըն է Թուրքիոյ եւ անոր դաշնակից ազերիին, որ ապրիլ 24-ը պատմութեան փոշիներուն տակ ի սպառ չեն թաղուած, այլ հայկական պատմական հողերուն իրաւատէր հայը կայ նաեւ այսօր ու կը մնայ պահանջատէր:

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Անգարայի եւ Պաքուի վարիչները ունին նաեւ մտահոգուելու իսկական պատճառներ: Արցախի հայ ազատամարտիկին տուած հակահարուածները վկայ:

***

«Ազդակ», 23 ապրիլ 1994-ի յաւելուածով եւ «Իրաւունքները լռութեամբ չեն հետապնդուիր» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ արցախեան պայքարը եղաւ ու կը մնայ մարմնաւորումը իր հողային եւ ազգային իրաւունքներուն տէրն ըլլալու հայուն վճռականութեան: Ահա թէ ինչու ողջ հայութիւնը սփիւռքներէն մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն, իր քաղաքական տենչերուն եւ իրաւազրկումներուն արդար հատուցման երթին սկզբնաւորումը կը տեսնէ արցախեան շարժումին մէջ, հետեւաբար ոչինչ կը սակարկէ նիւթապէս, բարոյապէս եւ քաղաքականապէս զօրավիգ կանգնելու, մասնակի՛ց ըլլալու համար այդ պայքարին:

«Ազդակ» կը նշէր, որ Արցախի պայքարը պայքարն է ամբողջ հայութեան. անոր քուրային մէջ կը ձուլուին հայ ժողովուրդին պատրադրուած ամէն տեսակի բաժանումներն ու հատուածականութիւնը: Տակաւին, անոր մաքրազտող քուրան իր բորբոքումին մէջ հայ իշխանաւորներու անհեռատես եւ ժամանակավրէպ մտածողութենէն պիտի թօթափէ բոլոր այն տարրերը, որոնք հարազատ չեն հնչեր հայուն մարդկային եւ ազգային տարրական իրաւունքներուն ու քաղաքական ձգտումներուն հետ, կամ իբրեւ ժանգոտած թափօն կ՛արգելակեն հայ պետական կառոյցներուն առաքելութեան կենսագործումը:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ ապրիլ 24-ը ճաշակած եւ արցախեան պայքարի իմաստը ապրող հայը, Հայաստանի բնակիչ ըլլայ ան թէ շնչէ արտերկրի երկնակամարներուն տակ, այսօր ի մի կը խմբուի հայութեան քաղաքական դատը իմաստաւորող եւ անոր հիմնական ուղեցոյցը հանդիսացող յայտարարներուն շուրջ, սկզբունքներու` որոնք վիճելի չեն, վէճ չեն կրնար յարուցանել հայութեան ազգային տարբեր հոսանքներուն միջեւ: Ու մեր քաղաքական դատին այդ հիմնաքարերը կ՛ըսեն բոլորիս:

«Ազդակ» կ՛ընդգծէր. հայ ժողովուրդը կը մնայ իրաւազրկուած եւ անհատոյց: Ցեղասպանութիւնն ու Արեւմտահայաստանի բռնագրաւումը չիրաւազրկեցին հայութեան միայն մէկ հոսանքը, որովհետեւ հայ ժողովուրդը մէկ է եղած միշտ, հակառակ դարերու ընթացքին իրեն պարտադրուած աշխարհագրական բաժանումներուն: Նոյն այդ սկզբունքները ցոյց կու տան, որ Արցախի դատը այսօր ուղղակի հետեւանքն է 24 ապրիլով արտայայտուած քաղաքականութեան, անիկա նոյնպէս ուղղուած է ամբողջ հայութեան եւ ոչ թէ անոր միայն մէկ հատուածին դէմ: Հետեւաբար, ինքնախաբէութիւն է կամ հայ ժողովուրդի շահերուն վնասել փորձողներուն լծակցութիւն` մեր ամբողջական եւ անմասնատելի դատին հատուածական կամ մասնակի որեւէ մօտեցում, նաեւ` երկչոտութիւն եւ անվիճելի իրաւունքները բարձրաղաղակ յայտարարելէ հրաժարումն ու «բարձր քաղաքականութիւն» խաղալու պատրուակով` թուրքին եւ անոր նեցուկ կանգնողներուն հաճոյանալու որեւէ վարքագիծ:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ իրաւունքները պահելով եւ լռութեամբ չեն հետապնդուիր, այլ բոլոր ճակատներուն եւ մակարդակներուն վրայ կարելի բոլոր միջոցներով աշխատանքով, ա՛յն միջոցներով, որոնք կը թելադրուին մեր թշնամիին կամ աշխարհի քաղաքական ուժերուն ու անոնց մրցակցութիւններուն կողմէ:

***

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Փաւէլ Կրաչեւ եւ Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Ռեսուլ Ղուլիեւ 26 ապրիլ 1994-ին համաձայնութիւն գոյացուցին, որ ապրիլ 27-էն 28 լուսցող գիշերը զինադուլ գոյանայ Արցախի ճակատներուն վրայ: Ղուլիեւ խոստացաւ, որ ազերիական կողմը պիտի դադրեցնէ կրակը:

Սակայն իրողական գետնի վրայ, Ազրպէյճան ոչինչ փոխած էր իր յարձակողական քաղաքականութենէն: Մարտակերտի, Աղտամի եւ Ֆիզուլիի ճակատներուն վրայ անիկա կը շարունակէր հետեւողական յարձակումները: Ազերիական ուժեր երկու բարձունք գրաւեցին Ֆիզուլիի շրջանին մէջ, սակայն հայ ազատամարտիկները ուժգին հակահարուածով մը վերատիրացան կարեւոր դիրքերուն:

Արցախի արտաքին գործոց նախարար Արկադի Ղուկասեան եւ բանակի հրամատանար Սամուէլ Բաբայեան ուղերձ մը յղեցին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Կրաչեւի եւ նախագահ Ելցինի յատուկ ներկայացուցիչ Քազիմիրովի: Անոնք կ՛ըսէին, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, ընդունելով Ազրպէյճանի հետ խաղաղ լուծման Ռուսիոյ առաջարկը, համաձայն է, որ զինուորական գործողութիւնները դադրեցուին: Անոնք կը գրէին նաեւ, որ խաղաղար լուծման ծրագիրին կարելի է ընդառաջ երթալ միայն այն պարագային, երբ հակառակորդ կողմը պատրաստ է նոյնը ընելու:

Սակայն ազերիական ուժերը գործնապէս ոչինչ կ՛ընէին զինադուլի համար եւ նոր յարձակումներ կը գործէին Արցախի ու Հայաստանի արեւելեան սահմանին վրայ:

***

Խրխըզիստանի մայրաքաղաք Պիշքէքի մէջ պատրաստութիւններ կը տեսնուէին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Արցախի խորհրդարաններու ներկայացուցիչներուն միջեւ խորհրդաժողովի համար: Բայց նոյն օրերուն, 1994-ի ապրիլի վերջը եւ մայիսի սկիզբը, Արցախ-Ազրպէյճան բախումները սաստիկ բնոյթ ստացան ազերիական յարձակումներու բազմացումին պատճառով: Ազրպէյճան կը փորձէր ամէն գնով յառաջխաղացք արձանագրել եւ յաղթականի դիրքէ ներկայանալ Պիշքէքի բանակցութիւններուն: Սակայն Արցախի պաշտպան ազատամարտիկները շրջեցին անոնց հաշիւները եւ ուժեղ հակայարձակողականով, նահանջի մատնեցին անոնց բանակները:

Բախումներուն գլխաւոր դաշտերը կը տարածուէին Արցախի հիւսիս-արեւելքը` Մերպաշիրէն դէպի Պարտա եւ Եաւլախ տարածուող գօտիին մէջ:  Հայկական ուժերը ետ մղեցին Արցախի հիւսիսային լեռնային շրջաններու վրայ կատարուած ազերիական յարձակումները եւ նկատառելի նահանջի մատնեցին զանոնք:

Պատերազմական գօտիէն հազարաւոր ազերիներ գաղթական դարձած էին եւ կը խուժէին դէպի Պարտա եւ Եաւլախ, որովհետեւ հայկական ուժերը 8-էն 10 քիլոմեթր յառաջխաղացք արձանագրած էին Թարթառի եւ Աղտամի շրջաններուն մէջ: Հայկական ուժերը կը մօտենային Եաւլախի, որ երկաթուղագիծերու եւ վառելանիւթի խողովակներու կարեւոր կեդրոն մըն է, իսկ անոր օդակայանը մեծ կարեւորութիւն ունի Ազրպէյճանի բանակին գործունէութեան համար:

Ազերի գաղթականները էշաքարշ կառքերով, թրաքթէօրներով, ինքնաշարժներով եւ հետիոտն կը հեռանային բախումներու գօտիէն: Անոնք իրենց հետ կը տանէին իրենց հօտերը եւ արջառը: Գաղթականները բնակութիւն հաստատած էին ինքնաշարժներու եւ կերպընկալէ վրաններու մէջ. աւելի բախտաւորները վրաններ ստացած էին միջազգային Կարմիր խաչէն:

Ազերիական բանակը մայիս 4-ին լայնածաւալ յարձակման անցաւ եւ փորձեց հրասայլերով ճեղքել Աղտամի ճակատը, սակայն ծանր վնասներ կրելով, նահանջեց դէպի իր նախկին դիրքերը:

Ազերիական բանակը միաժամանակ յարձակման անցաւ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան Նոյեմբերեանի, Տաւուշի եւ Կրանոսելսքի շրջաններուն վրայ: Գլխաւոր յարձակումը տեղի ունեցաւ Բերդաւանի վրայ, ուր ազերիական ուժերը Ղազլախէն թափանցելով որոշ յառաջխաղացք արձանագրեցին եւ ծանր վնասներ պատճառեցին հայկական կողմին: Հայաստանի սահմանապահ ուժերը, հակայարձակողականի անցնելով, յաջողեցան ետ մղել թշնամի ուժերը եւ վերատիրացան նախկին դիրքերուն:

***

Ռազմաճակատներուն վրայ այս վիճակին դիմաց, Պիշքէքի մէջ սկսան խորհրդարանական բանակցութիւններ` Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Արցախի ներկայացուցիչներուն մակարդակին վրայ: Ժողովը կը նախագահէր Խրխըզիստանի խորհրդարանի նախագահ Շերիմքուլով: Բանակցութեանց ներկայ էին անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան խորհրդարանէն ներկայացուցիչներ, Ռուսիոյ խորհրդարանի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն Վլատիմիր Շումէյքօ եւ Ֆինլանտայէն պատուիրակութիւն մը:

Շումէյքօ տագնապին լուծման համար անհրաժեշտ նկատեց երեք հանգրուաններ. զինուորական գործողութեանց դադրերումը, բոլոր ուժերուն հեռացումը հակամարտութեան գօտիէն եւ հաշտութեան պայմանագիրի կնքումը:

Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը մերժեց իր ստորագրութիւնը դնել համաձայնագիրին տակ, որ զինադուլ եւ խաղարարար այլ քայլեր կ՛առաջադրէր Արցախի համար: Ազրպէյճան կը մերժէր համաձայնագիրը, որովհետեւ անիկա կ՛առաջադրէր Անկախ պետութիւններու հասարակապետութենէն խաղաղարար ուժեր հաստատել հակամարտութեան գօտիին մէջ, ինչպէս նաեւ` որեւէ ակնարկութիւն չէր կատարուած Ազրպէյճանի «գրաւեալ հողերուն»: Բանակցութեանց մասնակցող միւս կողմերը` Հայաստան, Արցախ, Ռուսիա եւ Խրխըզիստան (վերջին երկուքը իբրեւ հովանաւոր եւ հիւրընկալ) մայիս 5-ին ստորագրեցին համաձայնագիրը:

Ազրպէյճան կ՛ուզէր, որ միջազգային ուժեր բերուին հակամարտութեան գօտի, մինչդեռ Ռուսիա կ՛ուզէր Անկախ պետութիւններու հասարակապետութենէն ուժեր հաստատել շրջանին մէջ:

***

Արցախի շուրջ Պիշքէքի մէջ տեղի ունեցած բանակցութեանց ձախողութենէն ետք, ազերիական ուժերը նոր յարձակումներ սկսան Մարտակերտի հիւսիսային եւ Աղտամի ճակատներուն վրայ, սակայն հայկական ուժերը ետ մղեցին զանոնք:

Մայիս 7-ին սաստիկ բախումներ տեղի ունեցան Մարտակերտի հիւսիսը, Չայլու-Լենինաւան գօտիին մէջ: Ազերիները չյաջողեցան որեւէ յառաջխաղացք արձանագրել:

Հայաստանի Նոյեմբերեանի շրջանին մէջ եւս ծանր բախումներ տեղի ունեցան ազերիական յարձակումներու պատճառով:

***

Ազրպէյճան մայիս 8-ին ընդունեց Արցախի գծով զինադուլի Պիշքէքի համաձայնագիրը: Այսպիսով Ազրպէյճան իրողապէս Արցախը կը ճանչնար իբրեւ բանակցող կողմ:

Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Ռասուլ Ղուլիեւ, որ իր երկիրը կը ներկայացնէր բանակցութիւններուն, ստորագրեց համաձայնագիրը:

Համաձայնագիրը կ՛ենթադրէր զինադուլ եւ խաղաղարար ուժերու շրջան մուտք: Ազրպէյճան առաջարկած էր երկու փոփոխութիւն մտցնել համաձայնագիրին մէջ. միջազգային (եւ ոչ թէ Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան) ուժերու դիրքաւորում եւ «Ղարաբաղի հակակշիռին ենթակայ» գօտին նկատել «գրաւեալ հողեր»: Երկու փոփոխութիւններն ալ ձեւական էին:

Միւս կողմէ, Ռուսիա առաջարկեց եռահանգրուան ծրագիր մը: Առաջին փուլին պէտք է զինադուլ հաստատուէր եւ հակամարտ կողմերը իրարմէ անջատուէին: Երկրորդ հանգրուանին պէտք է տեղի ունենար «գրաւեալ հողերու» պարպումը, բացի Լաչինէն եւ Շուշիէն: Պէտք է նաեւ ազատ արձակուէին պատերազմական գերիները: Երրորդ եւ վերջին հանգրուանին, պէտք է սկսէր Լեռնային Ղարաբաղի իրաւական վիճակին քննարկումը:

Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կրակի դադրեցման վերաբերեալ համաձայնագիրը, Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնները ստորագրեցին մայիս 11-ին: Համաձայնագիրը ուժի մէջ մտաւ մայիս 12-ին:

***

Արցախեան շարժման նուիրուած այս յօդուածաշարքին համար օգտագործուած էին գլխաւորաբար «Ազդակ»-ի հաւաքածոները: «Ազդակ»-ի հաւաքածոներուն մէջ տակաւին անսպառ աղբիւր կայ ազատամարտի դրուագներու, ազատամարտիկներու եւ անոնց խիզախումներու, ինչպէս նաեւ Արցախի պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ բնակավայրերուն մասին:

(Վերջ)

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Մարտ 1967)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?