Քուէյթ
Փետրուարեան Ապստամբութեան 96-ամեակի Նշում
Հովանաւորութեամբ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս վրդ. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» երիտասարդական եւ «Հ. Դժոխք» պատանեկան միութիւններու վարիչ կազմին, 17 փետրուարին Քուէյթի Ազգային վարժարանի շրջափակէն ներս ժողովրդային հանդիսութեամբ նշուեցաւ Փետրուարեան ապստամբութեան հերոսներու յիշատակը:
Քուէյթի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք խումբ մը պատանիներ կենդանի պատկերի մը ընդմէջէն մարմնաւորեցին ժողովուրդի զանազան խաւերը: Պատկերը իր ամբողջական իմաստը ստացաւ, երբ պատանիները բոլորուելով բեմին խորքը զարդարող ՀՅԴ-ի հիմնադիր երրորդութեան պաստառին առջեւ, կարմիր դրօշին ու ծրագիր-կանոնագիրին շուրջ կատարեցին իրենց ուխտը` ծառայելու ազգին ու հայրենիքին:
Բացման խօսքով Սէրլի Թովմասեան, ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Փետրուարեան ապստամբութեան հերոսներու սխրագործութիւններն ու կտակած աւանդը: Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը եւ ցուցադրուեցաւ Փետրուարեան ապստամբութեան ժամանակագրութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Օրուան բանախօս Ճորճ Արապաթլեան ներկայացուց օրուան խորհուրդը: Ան նկատել տուաւ, որ Փետրուարեան ապստամբութիւնը օրն է ամէն տեսակ անարդարութեան, անիրաւութեան, բռնակալութեան եւ բարբարոսութեան դէմ մղուող պայքարին, որ կը բխի մեր ազատատենչ ոգիէն: Բանախօսը դրուատելով ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու ծաւալած յոյժ գնահատելի աշխատանքը` ըսաւ, որ ՀՅԴ երիտասարդական շարքերէն ներս հայ երիտասարդը կու գայ թրծուելու մարդկային վսեմագոյն յատկանիշներով, աւելցնելով, որ հոն կը դրսեւորուին անոր բարոյական նկարագիրի ցայտուն կէտերը, եւ կը փոխանցուին` ազգասիրութիւն, հայրենասիրութիւն, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, անձնուրաց ծառայութիւն եւ ընկերասիրութիւն, նաեւ կը ստեղծուի ու կը բիւրեղանայ առաքինի դաշնակցական հայու տեսակը:
Ապա ՀՅԴ ՔԵՄ եւ ՀԴՊՄ միութիւններու Վարիչ կազմին ներկայացուցիչ Յարութ Պետիրեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ծնողներուն, որոնց անվերապահ աջակցութեամբ այսօր կանգուն կը մնան պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւնները, ի գին բոլոր դժուարութիւններուն:
Յայտագրի վերջին բաժնով կատարուեցաւ խոստման արարողութիւն` կնքահայրութեամբ Վահան Մարտիրոսեանի, որ իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ, թէ խոստման արարողութեան պահերը յուսադրող եւ գօտեպնդող են, որովհետեւ նոր անդամներու մուտքը երիտասարդական շարքերէն ներս նոր աւիւն կը բերէ մեր հաւաքական աշխատանքներուն: Ան մաղթեց, որ անոնք երբեք չյուսահատին, այլ իրենց վստահուած սրբազան առաքելութիւնը կատարեն բծախնդրութեամբ ու դառնան օրինակելի դաշնակցականներ:
Աւարտին թեմի առաջնորդ. Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեան բարձր գնահատեց սփիւռքի ուծացող պայմաններուն մէջ երիտասարդական-պատանեկան միութիւններու անխոնջ աշխատանքը, որ կու գայ կամրջելու անցեալն ու ներկան եւ երաշխաւորելու մեր յուսադրիչ ապագան:
Փարիզ
Հայաստանի Նուիրուած Ձեռնարկ
Նախաձեռնութեամբ «Փուատուի հայերը» հայկական կազմակերպութեան, 4 փետրուարին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ու հայկական մշակոյթին նուիրուած ձեռնարկ, որ սկսաւ առաւօտեան կանուխ ժամերուն` հայկական խոհանոցի մասին ֆրանսացիներուն դասաւանդումով, իսկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայկական ճաշկերոյթ` ներկայութեամբ աւելի քան 100 ֆրանսացիներու:
Գեղարուեստական բաժինով ներկայացուեցան հայկական պարեր, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ «Ճանապարհորդութիւն Հայաստանի մէջ» տեսերիզը:
Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ Հայաստանի մասին համաժողով-քննարկումով: Եղան հարցումներ հայոց պատմութեան, խոհանոցի, Լեռնային Ղարաբաղի, Արարատի, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այլ նիւթերու մասին:
Յայտնենք, որ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց ներկաներուն մէջ, որոնք փափաք յայտնեցին այցելելու Հայաստան եւ անձամբ տեղեկանալու բոլոր իրադարձութիւններուն մասին:
Միացեալ Նահանգներ
Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի «Հիւսիսարեւելեան Միջերկրականի Հայ Գաղութներ. Մուսա Տաղ, Տէօրթ-Եօլ Եւ Քեսապ» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի համալսարանի հայկական ամպիոնին, համագործակցութեամբ Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղին, 27 յունուարին համալսարանի «Ալիս Փիթըրզ» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց եւ Միջին Արեւելքի պատմութեանց փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի հեղինակած «Հիւսիսարեւելեան Միջերկրականի հայ գաղութներ. Մուսա Տաղ, Տէօրթ-Եօլ Եւ Քեսապ» պատմագիրքին շնորհահանդէսը:
Հայագիտական ամպիոնի վարիչ-տնօրէն փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ծանօթացուց օրուան հիւր` փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, յիշատակելով անոր բազմավաստակ գործունէութիւնը եւ աշխարհածաւալ համբաւը` հայոց եւ Միջին Արեւելքի պատմութեանց մարզերուն մէջ:
Ռ. Յովհաննէսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ իր բազմահատոր պատմագիրքերու պատրաստութեան` նուիրուած բոլոր այն գաղութներուն եւ շրջաններուն մէջ ապրող հայութեան, որ ստեղծած էր ճարտարապետական, մշակութային եւ տնտեսական բարձր ապրելակերպ, որմէ ետք լուսանկարներու միջոցով, ան ներկայացուց իր նիւթը` զայն բաժնելով երեք գլխաւոր շրջաններու` Մուսա Տաղ, Տէօրթ-Եօլ եւ Քեսապ: Ան անդրադարձաւ այս շրջաններուն մէջ ապրող հայութեան վերաբերող տնտեսութեան, աւանդութեանց, գրական եւ կրօնական մշակոյթին եւ քաղաքական իրավիճակին: Ռ. Յովհաննէսեան յիշատակեց շրջաններու հայութեան զանգուածային տեղափոխութիւնները` օսմանեան անհանդուրժողական քաղաքականութեան պատճառով, հանդէպ` քրիստոնեաներու եւ փոքրամասնութեանց, ինչպէս նաեւ` Համաշխարհային Ա. պատերազմին, երբ իւրաքանչիւր պետութիւն նախ կը հետապնդէր ի՛ր իսկ երկրի շահերը:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի ատենապետ Սրբուհի Մսրլեան:
Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Վարչութեան Այցելութիւնը Առաջնորդարան
7 փետրուարին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկի վարչութեան` գլխաւորութեամբ հիմնարկի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Ֆրիտա Ճորտընի:
Հիմնարկի ներկայացուցիչները ամէն տարեսկիզբի օրերուն կ՛այցելեն սրբազան հօր` իրենց մաղթանքը կատարելու, ինչպէս նաեւ` առաջնորդը տեղեակ պահելու իրենց աշխատանքին ու ծրագիրներուն մասին: Առ այդ, անոնք նկատել տուին, որ իրենց ծրագիրները կը ներառեն Ջաւախք եւ Արժանթին այցելութիւններ` ոսկրածուծի փոխներարկման համար նուիրատուներու արձանագրութեան նպատակով: Կը ծրագրուի նաեւ Հայաստանի մէջ աշխատանք տանիլ` ընտանիքներու հիւսկէններու տեսակներու քննութեան ու արձանագրութեան համար, ինչ որ պիտի կատարուի ձրիաբար: Հիմնարկը կը ծրագրէ նաեւ քաղցկեղի մասին գիտաժողով կազմակերպել տարեկան հերթականութեամբ` ի խնդիր հանրութեան ծանօթացման եւ աջակցութեան:
Սրբազանը իր կարգին գնահատեց հիմնարկի կամաւոր ծառայողներու նուիրումը` պատրաստակամութիւն յայտնելով Ազգային առաջնորդարանի միջոցները ի սպաս դնելու հիմնարկի ծառայութեանց: Ան նաեւ առաջարկեց, որ հիմնարկին համար իբրեւ տարեկան աղօթքի օր` նկատի առնուի 7 մայիսը:
Եթովպիահայ Երաժշտագէտ Ներսէս Նալպանտեանին Նուիրուած Նուագահանդէս
Կազմակերպութեամբ Հայ մշակոյթի բարեկամներու հիմնարկին, 19 փետրուարին Ուոթըրթաունի (Մասաչուսեց) «Մովսէսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եթովպիահայ երաժիշտ Ներսէս Նալպանտեանի յիշատակին նուիրուած նուագահանդէս:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց հիմնարկի գործավար Արմինէ Միրզաբեկեան, որ իւրայատուկ նկատեց սոյն հանդիսութիւնը` շեշտելով երաժիշտ Ներսէս Նալպանտեանի` Եթովպիոյ երաժշտութեան բնագաւառէն ներս ունեցած ներդրումին:
Շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցան Նալպանտեանին զաւակը` Յարութ Նալպանտեան, որմէ ետք օրուան բանախօս Պորիս Աճեմեան յաւելեալ տեղեկութիւններ տուաւ Ներսէս Նալպանտեանի մասին: Ան նկատել տուաւ, որ Նալպանտեան, նուագախումբ ղեկավարելու կողքին, նաեւ ստանձնած էր բարձր պաշտօններ պետական երաժշտանոցէն ներս: Ան նաեւ յատուկ հանդիսութեամբ մը եւ Հայլէ Սելասիէ կայսրին հրամանով ստացած է եթովպիական քաղաքացիութիւն: Աճեմեան նաեւ ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացուց Եթովպիահայ գաղութը:
Ապա ելոյթ ունեցաւ «Իտըր օրքեսթրա» խումբը, որ ներկայացուց ստեղծագործութիւններու շարք մը, որոնց կարգին յատկապէս համաափրիկեան միութեան քայլերգը, որուն հեղինակն է Ն. Նալպանտեան:
Վերոյիշեալ խումբին ղեկավար` Ռաս Կերշըն յաւելեալ տեղեկութիւններ տուաւ ներկայացուած գործերուն մասին: Ան նշեց, որ Նալպանտեան մեծ ներդրում ունեցած է երաժշտութեան բնագաւառէն ներս` եթովպիական կշռոյթն ու արդի ճազ երաժշտութեան երանգները ներմուծելով եւ նոր ստեղծագործութիւններ կատարելով:
Նալպանտեանի զաւակներուն հրաւէրով 2004-ին Either Orchestra խումբը այցելած էր Եթովպիա եւ` քանի մը ելոյթներ ունեցած:
Կերշընի կողքին, ելոյթ ունեցան` սրնգահար Մարք Զելեսքի, դաշնակահար Կիլսըն Շաշլիք, հարուածային գործիքներու մասնագէտներ` Վիչենթէ Լըպրոն եւ Ճեք Սմիթ, թաւջութակահար Ռիք ՄըքԼաֆլին, եւ փողահարներ` Թոմ Հալթըր, Տան Ռոզընթալ, Ժոել Ենիոր եւ Չարլի Քոլհասը: Հիւրաբար բեմ բարձրացան Պրուք Թեսֆայէ, Ռոնըլտ Մըրֆի, Մանոլօ Մայրենա եւ Սերենա Չորպաճեան: Այս վերջինը երգեց Կոմիտաս վարդապետի «Քելէ քելէ»-ն:
Համազգայինի «Ծիրանի» Մանկապատանեկան Երգչախումբին Երգահանդէսը
Վերջերս Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տեղւոյն Համազգայինի «Ծիրանի» մանկապատանեկան երգչախումբին երգահանդէսը ղեկավարութեամբ` հայրենի ծանօթ երգիչ (թենոր) Գէորգ Հաճեանի:
Համազգայինի վարչութեան անունով Արմինէ Մինասեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, նկատել տուաւ, որ «Ծիրանի» երգչախումբը ծնունդ առաւ 2015-ին` համագործակցութեամբ Սուրբ Լուսաւորիչ մայր Եկեղեցւոյ եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէին: Ան նկատել տուաւ, որ սփիւռքի տարածքին, մասնաւորապէս Ամերիկայի մէջ, հայ նորահաս սերունդը շատ անգամ առիթը չունի սորվելու իր պատմութիւնը եւ յաճախ ենթակայ է օտարացման հոսանքներուն, աւելցնելով, որ Համազգայինի նպատակը եղաւ հայ երգի միջոցով զանոնք մօտեցնել իրենց արմատներուն, ծանօթացնել հայ պատմութեան, պահել մեր ազգային ինքնութիւնն ու արմատաւորել հայ լեզուն իրենց մատղաշ հոգիներուն մէջ:
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր շարականներու եւ երգերու փունջ մը: Երգչախումբի կողքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Արմինսթրինկ» լարային խմբակը`, ղեկավարութեամբ` Տայանա Վասիլեանի:
Համերգի աւարտին գնահատական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան:
Կիլիկիա Եկեղեցւոյ Դրամահաւաքի Ձեռնարկը` Ի Նպաստ Նահատակուած Հայ Զինուորներու Ընտանիքներուն
Կազմակերպութեամբ Հայ Աւետարանական Կիլիկիա եկեղեցւոյ, 12 փետրուարին եկեղեցւոյ «Տէրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ ճաշկերոյթ մը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները պաշտպանելու իրենց առաքելութեան ընթացքին նահատակուած զինուորներու ընտանիքներուն: Առաւօտուն տեղի ունեցաւ պաշտամունք, որուն ընթացքին իր պատգամը տուաւ Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի գործադիր վարիչ` վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեան: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթը, որուն ըիթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Անեթ Պաղտասարեան խօսք առնելով` ներկաներուն հետ բաժնեց 20 տարի առաջ իր զինուորագրուած եղբօր մահուան փորձառութիւնը, շեշտելով նահատակ զինուորներուն նեցուկ կանգնելու նպատակով Ամերիկայի Հայ աւետարանչական միութեան տարած աշխատանքին կարեւորութիւնը:
Յայտնենք, որ եղած նուիրատուութիւններէն գոյացաւ աւելի քան չորս հազար ամերիկեան տոլար, որ պիտի փոխանցուի զինուորներու ընտանիքներուն Ամերիկայի հայ աւետարանչական միութեան միջոցով:
Ռուսիա
Մայրենի Լեզուի Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ
21 փետրուարը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ յայտարարուած է մայրենի լեզուի օր: Առ այդ, Պուշկինօ քաղաքի «Ստրոյիտել» մշակոյթի տան մէջ կազմակերպուեցաւ մրցոյթ-փառատօն` «Իմ հոգիի երկիր» խորագրով:
Բարեկամութեան միջազգային տան նախագահ Եուլիա Լեւինա իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ըսաւ, որ լեզուն ազգի պահպանման ամենակարեւոր գրաւականն է եւ իւրաքանչիւր ազգի համար այն կարեւորագոյն մասնիկն է, որ պէտք է պահպանուի իւրաքանչիւր մարդու կողմէ` որպէս սրբութիւն:
Այնուհետեւ հնչեցին ուքրաներէն, ռուսերէն, հայերէն, մոլտովերէն, պիելոռուսերէն եւ այլ լեզուներով տարբեր ազգերու բանաստեղծութիւններ: «Արգիշտ» հայկական միօրեայ դպրոցի սաները ասմունքեցին Եղիշէ Չարենցի, Համօ Սահեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Վահան Տէրեանի, ինչպէս նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի բանաստեղծութիւնները:
Դատական կազմի անդամ, «Արգիշտ» հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէնուհի Ազնիւ Պարոնեան նկատել տուաւ, որ Ռուսիոյ մէջ կը բնակին բազմաթիւ ազգեր, եւ իւրաքանչիւրին նպատակն է պահել եւ պահպանել իր լեզուն, մշակոյթը, կրօնը: Ան կարեւոր նկատեց նման ձեռնարկներու կազմակերպումը` հաստատելով, որ հայերը աշխատանք կը տանին իրենց ժառանգած մայրենի լեզուն, մշակոյթը եւ աւանդոյթները պահել եւ փոխանցել յաջորդ սերունդին, որ կ՛ապրի եւ կը մեծնայ իր հայրենիքէն դուրս` համայնքներու, կիրակնօրեայ դպրոցներու, մշակութային կեդրոններու եւ նման ձեռնարկներու ճամբով: