Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութեան Առաջադրանքը, Դաշնակցութեան Խոստումը

February 28, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեր ժողովուրդին կը ներկայանայ յստակ առաջադրանքով եւ բիւրեղացած խոստումով:

Դաշնակցութիւնը կ’առաջադրէ հայրենի ժողովուրդին հետ միասնաբար հիմնադրել նոր սկիզբ մը` դէպի իսկական ժողովրդավարութիւն, դէպի իրական հաւասարութիւն, դէպի բարգաւաճ տնտեսութիւն, դէպի արդիւնաւէտ իշխանութիւն, դէպի իրաւական պետութիւն:

Դաշնակցութիւնը կը խոստանայ հայրենի ժողովուրդին` հիմը դնել արդար Հայաստանի, ուր հայ ժողովուրդն է իրաւական տէրն ու վճռողը երկրի իշխանութեան. ուր իշխանաւորները ամբողջապէս համարատու են ժողովուրդին, ուր գործնապէս կը պաշտպանուին եւ կը կիրարկուին քաղաքացիին ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական իրաւունքները. ուր իւրաքանչիւրը հաւասար է օրէնքին առջեւ, եւ օրէնքը ի զօրու է անխտիր իւրաքանչիւրին, ուր կը գործէ իրաւական պետութիւն` ժողովուրդին կամքով ու ժողովուրդին համար:

Այս առաջադրանքն ու խոստումը ընտրական քարոզչութիւն չեն: Անոնք կը բխին Դաշնակցութեան գաղափարական էութենէն եւ փաստացի գործի կազմակերպական փորձառութենէն: Իր հիմնադրութիւնէն ի վեր Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ մնացած է եւ մշտապէս հետեւողական եղած իր գաղափարական էութեան ու կազմակերպական կամքին, որոնք եղած են ու պիտի մնան միշտ ի սպաս մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին: Այդպէս էր Դաշնակցութիւնը ազգային ազատագրական պայքարի եւ մեր առաջին անկախ հանրապետութեան օրերուն: Այդպէս էր եւ է Դաշնակցութիւնը սփիւռքի գաղթօճախներու տարածքին: Այսպէս է եւ պիտի ըլլայ Դաշնակցութիւնը վերանկախացած Հայաստանի մէջ:

Ապրիլի խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի գան վերջ տալու քառորդդարեայ այն ազգային մսխումին, որուն ցմրուր կը տոկայ մեր ժողովուրդը վերանկախացումէն ի վեր: Հայաստանի վերանկախացումը սրբազան խոստում մըն էր հայրենիքի մէջ ազատութեան, հաւասարութեան, իրաւականութեան եւ ժողովրդավարութեան վերադարձին: Կարելի խոստում էր, որովհետեւ մենք կարողացած էինք զայն իրագործել եւ կիրարկել մեր առաջին անկախ հանրապետութեան մէջ: Խոստումը աւանդ էր, որուն վերակենդանացումը պարտականութիւնն էր վերանկախացած հայրենիքի նոր իշխանաւորներուն: Դժբախտաբար այդ խոստումը ցարդ կը մնայ անկատար:

Իբրեւ քաղաքական ուժ, իբրեւ գաղափարական շարժում եւ իբրեւ կազմակերպութիւն` Դաշնակցութիւնը այսօր մեր ժողովուրդին կը ներկայանայ աւանդը վերադարձնելու եւ անկատար խոստումը իրագործելու յանձնառութեամբ: Մեր ժողովուրդը հիմնաւորեալ պատճառներ ունի զօրակցելու Դաշնակցութեան յանձնառութեան եւ թիկունք կանգնելու, որպէսզի աւանդը կրկին կեանք ստանայ եւ խոստումը կատարուի:

Առաջին. մեր ժողովուրդի հարազատ ծնունդն է Դաշնակցութիւնը: Ան կը պատկանի ժողովուրդին եւ անոր տէրը ժողովուրդն է:

Երկրորդ. Դաշնակցութիւնը իր շարքերու եւ ժողովրդային համակիրներու համամտութեան արժանացած հաւաքական ղեկավարութիւն ներկայացնող կուսակցութիւն է: Ընտրապայքարի մասնակցող միւս խմբաւորումները անհատ ղեկավարներու կամքը կատարողներ են, առանց գաղափարական հիմունքի` ժամանակաւոր թիմակիցներ են:

Երրորդ. Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին կը ներկայանայ պետական աշխատանքի յստակ ծրագրով, որ հիմնուած է համակարգային ճիշդ փոփոխութեան սկզբունքներու վրայ: Դաշնակցութեան համոզումն է, որ նոր սկիզբ ունենալու եւ արդար Հայաստան ստեղծելու համար մեկնակէտը պէտք է ըլլայ համակարգային փոփոխութիւնը:

Չորրորդ. Դաշնակցութիւնը կը ներկայանայ ընտրական թեկնածուներու ամբողջական ցուցակով, որ բաղկացած է փորձառու, հմուտ, գործնապաշտ, կարող եւ երիտասարդ անհատներէ: Անոնց մէջ գերակշռող է մասնագիտութիւնը, հանրային ծառայութեան գիտակցութիւնը եւ ժողովուրդին անսակարկ ծառայելու ոգին: Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներու այս յատկութիւնները ի սկզբանէ վստահութիւն կը ներշնչեն Դաշնակցութեան հետապնդելիք վարքագծի հետեւողականութեան եւ հաստատակամութեան նկատմամբ:

Հինգերորդ. Դաշնակցութեան ներկայացուցած թեկնածուները սեփական ճակտի քրտինքով, սեփական բազուկի աշխատանքով եւ մտային կարողութեամբ գաղափարապաշտ ու նուիրուած հայորդիներ են: Ի զուր է Դաշնակցութեան թեկնածուներու ցուցակին մէջ փնտռել անձնական շահ հետապնդողներ, քանի որ հոն չկան օլիկարխներ, գիւղապետ ջոջեր կամ ջոջագլուխ թաղապետեր:

Այս բոլորով, նաեւ պէտք է վստահ ըլլալ, որ Դաշնակցութիւնը չէ դիմած եւ պիտի չդիմէ ընտրակաշառքի: Թոյլատրելի չէ արատաւորել եւ նսեմացնել քաղաքացին ու անոր ազատ ձայնը: Դաշնակցութեան համար քաղաքացիին քուէն սուրբ է եւ անվաճառելի:

 

Նախորդը

Այլընտրանք Կա՛յ

Յաջորդը

Ամառնային Ժամանակացոյցի Սկիզբ

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.