Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Միջազգային Գնահատականներ Սպասելու Պահը

Փետրուար 28, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի նորացուած սահմանադրութեան յատկացուած հանրաքուէի գրեթէ անթերի անցնիլը եւ մանաւանդ միջազգային դէտերու այդ ուղղութեամբ տուած գնահատականը բնական է, որ պիտի անհանգստացնէին Պաքուի պետական շրջանակները: Այդ օրերուն անհրաժեշտ էր հակակշիռ քայլ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղեցնելու եւ միջազգային քաղաքական իրաւաչափութիւններուն ընդառաջ տնօրինում կատարելու: Ազրպէյճանի փոխնախագահութիւնը կինով օժտելու մօտեցումը կարելի էր նկատել այդ իրաւաչափութիւններուն համահունչ որոշում, եթէ…

Միջազգային կարծիք շեղեցնելու Պաքուի մարտավարութիւնը կու տար հակառակ ազդեցութեան արդիւնք: Ալիեւի կնոջ փոխնախագահի պաշտօնին տիրացումը փաստօրէն տրամագծօրէն հակառակ ուղղութեամբ հակաօրինաչափ էր: Ընտանեկան իշխանութեան ամրագրման նոր քայլ էր, որ կ՛առնէր Պաքուի ղեկավարը: Որոշումը կը մեկնաբանուէր նաեւ ընտանեկան իշխանութեան ապահովագրումով: Բնականաբար, տարբեր պատճառներով նախագահի գործունէութեան ֆորս մաժորային պատճառներով առկախումին պիտի հետեւէր փոխնախագահին նախագահական լիազօրութիւններու ստանձնումը: Ալիեւէն տիկին Ալիեւ իրաւասութիւններու փոխանցման երաշխաւորումն էր որոշումին տուն տուող հիմնական շարժառիթը:

Միջազգային լրատուամիջոցներուն կողմէ լրատուութեան հետեւեցաւ քննադատական մեկնաբանութիւնը: Նոյնիսկ աւագ եղբօր կապուած լրատուամիջոցները չթաքցուցին իրենց հեգնանքը կատարուածին նկատմամբ: Քարոզչաքաղաքական գործողութիւնը` Արցախի սահմանադրութեան հանրաքուէէն միջազգային ընտանիքի ուշադրութիւնը շեղելու, վիժած էր համակողմանիօրէն:

www.youtube.com/watch?v=Dr7OufHMjDA

Ռազմական գետնի վրայ հայկական համապատասխան գերատեսչութիւններու հաղորդագրութիւնները կը խօսէին Ազրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած ներթափանցման գործողութեան ամբողջական ձախողման մասին: Հայկական կողմի տեսադիտարկման սարքերուն նկատած շարժումները արագօրէն չէզոքացուած էին` փրկելով հայկական կողմը զոհեր տալու վտանգէն: Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած տեսանիւթերուն մէջ պարզօրէն կ՛երեւէր նախ «Տրոպա» ականազերծող համակարգի արձակումը: Երկրորդին մէջ կարելի էր տեսնել անոր արձակումէն ետք յառաջացած փոշին, ինչպէս նաեւ հայկական կողմի պատասխան կրակը: Երրորդ տեսանիւթին մէջ` ազրպէյճանական ստորաբաժանումներու փախուստը` հայկական կողմի կրակին տակ: Տեսանիւթերը կը վերաբերէին Ակնայի (Աղտամի) ուղղութեամբ իրականացուած գործողութիւններուն:

Վերջաւորութեան պարզ կ՛երեւէին Մարտունիի հատուածին մէջ ձգուած դիակները:

Ազրպէյճանական զինեալ ուժերը ո՛չ միայն փորձ չկատարեցին իրենց սպաներուն եւ զինուորներուն դիերը վերադարձնելու, այլեւ ազրպէյճանական դիակներ ներառած չէզոք գօտին շարունակեցին կրակի տակ պահել: Փաստօրէն, ռազմագերիի գոյութիւնը ուրանալով, թէ սպաննուած զինուորներու դիակներուն ուղղութեամբ կրակելով Պաքուն կը ներկայացնէր ազրպէյճանական իւրայատուկ դրսեւորումները` սեփական զինուոր  հասկացողութեան նկատմամբ:

Բնականաբար ներթափանցման իր գործողութիւններուն մասին Պաքուն կը հրապարակէր ապալրատուութիւն` ըսելու համար, որ Թալիշի ուղղութեամբ հայկական զինեալ ուժերը իրականացուցած են յարձակումներ, որոնք զսպուած են ազրպէյճանական կողմէն:

Միջազգային կառոյցները, որոնք այս օրերուն դարձեալ կը հետեւին Սումկայիթի եղեռնագործութեան թէ Խոջալուի ինքնակոտորածի դէպքերուն ազրպէյճանական նենգափոխումներուն, առարկայական գնահատական չեն տար: Առարկայական գնահատական ակնկալելն ալ քաղաքականօրէն իրատեսական պիտի չըլլար:

Երբ միջազգային ընտանիքը կամ զայն բաղկացնող որեւէ գերտէրութիւն խնդիր ունենայ Պաքուին հետ, այն ատեն ականատես կ՛ըլլանք միջազգային կառոյցներու կողմէ Սումկայիթի ճիշդ գնահատականին, Թալիշի մէջ գործադրուած ռազմական յանցագործութիւններուն հետաքննութիւնը պահանջող որոշումներուն եւ ընդհանրապէս ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան վերջ տալու յայտարարութիւններուն: Հայկական կողմը մինչ այդ պիտի զսպէ Պաքուի բոլոր ռազմական ոտնձգութիւններն ու համապատասխան իրաւական փաստահաւաքը շարունակէ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութեան:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Գոհունակութեամբ Կրնամ Ըսել, Որ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Բանակցութիւնները Աւարտած Են»

Յաջորդը

Վիարէալի Բերդապահը 6 Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?