ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ բանակցութիւններու նախաշեմին Արցախ-Ազրպէյճան կամ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագիծերուն վրայ ազրպէյճանական կողմի մագլցողական քայլերը արդէն դարձած են սովորական երեւոյթ: Ազրպէյճան այդ նոյն մարտավարութեան դիմեց նաեւ Արցախի մէջ 20 փետրուարին տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի նախօրեակին: Ազրպէյճանի համար մագլցողական քայլերու դիմելը կանխարգիլման միջոց է: Այդ հնարքի կիրարկումը մինչեւ օրս յաջող եղած է զինադուլի հսկողութեան մեքանիզմի կիրարկման կանխարգիլման պարագային, սակայն զայն կիրարկողին յստակ դարձաւ, որ այդ մարտավարութիւնը դատապարտուած է կատարեալ ձախողութեան, երբ հարցը կը վերաբերի Արցախի ժողովուրդի` ժողովրդավարական արժէքներուն նկատմամբ հաւատարմութեան եւ ազատ ու անկախ երկրի մը մէջ ապրելու կամքի արտայայտման:
Արցախ-Ազրպէյճան սահմանագիծին վրայ շաբաթ, 25 փետրուարին արձանագրուած ծանր միջադէպը պէտք է դիտել 5 օր առաջ Արցախի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւններու եւ Վիեննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի մէջ գոյացած համաձայնութիւններու գործադրման բարենպաստ մթնոլորտի ստեղծման հրամայականի ընդհանուր պարունակին մէջ:
Ազրպէյճան` իբրեւ բռնատիրական պետութիւն, բնականաբար չի կրնար հաշտ աչքով դիտել իր էութեան հակասող ժողովրդավարական որեւէ հոլովոյթ, մանաւանդ երբ ատիկա տեղի կ՛ունենայ տարածքի մը մէջ, որ ըստ իր անտեղի պնդումին, խլուած է իրմէ: Ազրպէյճան Արցախի մէջ 26 տարիներէ ի վեր զարգացող ժողովրդավարութեան երեւոյթը կը նկատէ «խզում»-ի եւ «անջատման» ամրագրում: Պաքու քաջ կը գիտակցի, թէ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող արժեհամակարգային տարբերութեան իրողութիւնը աչքառու եւ անհերքելի վկայութիւն մըն է, թէ Արցախը երբեք չէ եղած եւ չի կրնար ըլլալ իր մէկ մասը:
Միւս կողմէ, միջազգային ընտանիքը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ համանախագահող երկիրներու ձեւաչափով նախայարձակին ու զոհին անիրաւաբար շարունակ կոչ կ՛ուղղէ Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ զինադուլի հսկողութեան մեքանիզմի հաստատման շուրջ համաձայնութեան գործադրութեան համար ստեղծելու բարենպաստ մթնոլորտ: Ինչպէս ծանօթ է, հայկական կողմը այդ մեքանիզմի հաստատման առաջարկման առաջին օրէն իսկ ընդունած է զայն, որովհետեւ ոչինչ ունի ծածկելիք, սակայն Ազրպէյճան` իբրեւ նախայարձակ ու զինադուլը անոր հաստատման թուականներէն` 1994-1995-էն ի վեր ամէնօրեայ դրութեամբ խախտող կողմ, միայն վերոնշեալ վեհաժողովներուն ընթացքին համանախագահող երկիրներու ճնշումին տակ էր, որ երեսանց ընդունեց այդ առաջարկը: Պաքու այժմ այդ մեքանիզմի հաստատումը կը կանխարգիլէ շփման գիծին վրայ իր գործողութիւններուն ճամբով ստեղծելով այդ մեքանիզմի կիրարկման համար ոչ բարենպաստ մթնոլորտ մը:
Մեկնելով այս երկու կէտերէն` շաբաթ, 25 փետրուարին արձանագրուած զարգացումը Արցախի` շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան դրօշակակիրը ըլլալու իրողութեան պատճառով ջղագարութեան արտայայտութիւն մըն է եւ զինադուլի հսկողութեան մեքանիզմի կիրարկման կանխարգիլման հերթական քայլ մը: