Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասիկա Պայքար Է` Յանուն Ինքնապաշտպանութեան Եւ Ֆիզիքական Գոյատեւման. ՄԱԿ-ի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Ելոյթ Ունեցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Մասին

Մարտ 1, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պ. Կլիմկինի նախագահութեամբ, փետրուար 21-¬ին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ կայացած է «Միջազգային խաղաղութիւն եւ անվտանգութեան պահպանում. հակամարտութիւնները Եւրոպայի մէջ» խորագիրով բաց քննարկում, որուն նպատակն էր դիտարկել Եւրոպայի մէջ առկայ հակամարտութիւններուն պատճառով տարածաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար սպառնալիքները:

Քննարկման մասնակիցներուն մէջ եղած են Հունգարիոյ, Լիթվայի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները, Խրուաթիոյ պետական քարտուղարը, Շուէտի, Ղազախստանի, Մոլտովայի եւ Լաթվիոյ փոխնախարարները: Հանդիպումը մեկնարկած է մէկ վայրկեան լռութեամբ` յարգանքի տուրք մատուցելով նախօրէին կեանքէ հեռացած Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքինի յիշատակին:

Հանդիպման ընթացքին բացման ելոյթներով հանդէս եկած են` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Ա. Քուտերեշը, ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիերը եւ ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան Ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիթը, որոնք ընդգծած են Եւրոպայի մէջ չկարգաւորուած հակամարտութիւններու հարցով ՄԱԿ-¬ի համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ եւ ԵՄ` իբրեւ տարածաշրջանային կառոյցներու հետ: Մատնանշուած է նաեւ, որ որեւէ մէկ գործօն չի կրնար նշուիլ` իբրեւ Եւրոպայի մէջ առկայ հակամարտութիւններու պատճառ, իսկ որոշ պարագաներու համաձայնութիւնները պարզապէս չեն իրագործուիր:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է Եւրոպայի մէջ այսպէս կոչուած «սառեցուած» հակամարտութիւններուն, ներառեալ` Կիպրոսի, Ուքրանիոյ, Մոլտովայի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակներուն, ինչպէս նաեւ` Արցախի հիմնահարցին:

Ընդգծուած է հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման, ինչպէս նաեւ հակամարտութիւններու կանխարգիլման ուղղուած միջազգային ջանքերու ամրապնդման կարեւորութիւնը, ներառեալ` տարածաշրջանային կառուցակազմերու միջոցով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան տեղեկութիւններով` ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Զոհրապ Մնացականեան հանդէս եկած է  ելոյթով` ներկայացնելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան էութիւնը` իբրեւ մարդու իրաւունքներու, ազատութեան եւ ինքնորոշման համար պայքար, որ յառաջացած է ի պատասխան կանոնաւոր բնոյթ կրող խտրականութիւններու եւ բռնութիւններու: «Ասիկա պայքար է, որ ականատես եղաւ հայերու հանդէպ ջարդերուն Պաքուի, Սումկայիթի, Կիրովապատի (Գանձակ, Ա.) եւ Ազրպէյճանի այլ վայրերու մէջ` ի պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի` իր ապագան ազատ որոշելու օրինական պահանջին: Ասիկա պայքար է` յանուն ինքնապաշտպանութեան եւ ֆիզիքական գոյատեւման` Ազրպէյճանի կողմէն յարձակման եւ ցեղական զտումներու պայմաններուն մէջ: Ասիկա պայքար է բարբարոս վարչակարգին դէմ, որ խելացնոր կերպով կը փառաբանէ 2004-ին հայ սպան կացինահարած մարդասպան Սաֆարովը: Ասիկա պայքար է համատարած հայատեացութիւն եւ հայերու հանդէպ անհանդուրժողականութիւն քարոզող վարչակարգին կողմէ իրաւասութեան յաւակնութիւններուն դէմ: Ասիկա կենաց¬մահու եւ ազատութեան պայքար է», նշած է ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչը:

Անդրադառնալով 2016 ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակման` դեսպան Մնացականեան նշած է, որ հայկական կողմը մշտապէս տեղեկացուցած է Ապահովութեան խորհուրդը` տեղի ունեցած բարբարոսութիւններուն եւ ոճրագործութիւններուն մասին, ընդգծելով, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է հաստատակամօրէն մերժէ ուժի կիրարկումը` իբրեւ հակամարտութեան ռազմական լուծում: Նշուած է, որ փոխարէնը անհրաժեշտ է իրական քայլեր ձեռնարկել 2016 Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները իրագործելու ուղղութեամբ` խաղաղ բանակցութիւններու առաջընթացը ապահովելու նպատակով:

Խօսքի աւարտին, Զոհրապ Մնացականեան Հայաստանի երախտագիտութիւնը արտայայտած է միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս` Ապահովութեան խորհուրդին եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն ցուցաբերուող հետեւողական եւ անվերապահ աջակցութեան համար:

Նախորդը

«Ապարաժ»-ի Խմբագրական. Փետրուարից Փետրուար

Յաջորդը

Նամականի. Յստակացման Համար

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?