Հայկականութեան Մոմ Մը Եւս Շիջեցաւ
(Զուարթ Աբէլեան Դաստիարակի Յիշատակին) Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Յունուարի վերջին օրը Լոս Անճելըսի մէջ այս աշխարհին սուսիկ-փուսիկ հրաժեշտ տուաւ Զուարթ Աբէլեան անուն հայուհի մը, որուն վերջին յարգանք մատուցելու համար 9 փետրուարին շիրիմին շուրջ համախմբուեցան խումբ մը հարազատներ եւ նախկին աշակերտներ: Այսպիսով, փակուեցաւ կեանքի տաֆթարը բազմավաստակ ուսուցչուհիի մը եւ մօր մը, որուն իմացական ողջ կեանքը եղած էր յարատեւ ճամբորդութիւն մը` հայ դպրութեան ջահէն...



















