Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մարտ 1, 2017
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայրենիի Օրուան Տօնակատարութիւնը
Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

Փետրուար 21-ին Մայրենիի օրուան առիթով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցան նախարարութեան աջակցութեամբ բացուած «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքի Armlands.com շնորհահանդէսը եւ «Իմ քաղցր լեզու» խորագիրով շարադրութիւններու մրցոյթին ամփոփումը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար  Հրանուշ Յակոբեան: Ան նշեց, որ վաղնջական ժամանակներէն հայոց լեզուն եղած է հայու տեսակի կերտման, հայ ժողովուրդի մտածողութեան ու հոգեբանութեան ձեւաւորման ամենազօրեղ միջոցը: «Փետրուար 21-ին Հայաստանի  եւ սփիւռքի մէջ կը նշուի  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի եւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ սահմանուած «Մայրենիի օր»  տօնը: Իր պատմութեան բոլոր ժամանակահատուածներուն մէջ Հայոց լեզուն ունեցած է եւ ունի հայապահպան առաքելութիւն: Իր բոլոր դրսեւորումներով հայոց լեզուն մշակութային մեծագոյն արժէք է, հայոց լինելիութեան միջնաբերդ: Օտարները Աստուծոյ հետ խօսելու միակ լեզուն կը համարեն հայերէնը», իր խօսքին մէջ նշած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարը:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդգծած է, որ ինչպէս տունն ու հայրենիքը, այնպէս ալ մեր լեզուն կարիքը ունի մնայուն հոգատարութեան, նորոգման եւ պաշտպանութեան: «Մեր պետական լեզուն իր երկու ճիւղերով՛ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն, կարիքը ունի լուրջ հոգածութեան: Մենք պէտք է խօսակցական հայերէնը զերծ պահենք աղճատումներէ, օտարաբանութիւններէ ու ժարկոնէ: Եւ մայրենիի այս գեղեցիկ օրուան առիթով մեր շնորհակալական խօսքն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք հայոց լեզուի խումբ մը անխոնջ մշակներու»:

Մայրենիի տօնին առիթով, մայրենիի անաղարտութեան պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ ունեցած նշանակալի ներդրման համար նախարար Հրանուշ Յակոբեան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով պարգեւատրեց՛ Երեւանի պետական համալսարանի «Ապագայ բժիշկ» պաշտօնաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեդա Թորոսեանը, Երեւանի Գալուստ Կիւլպէնկեանի անուան թիւ 190 աւագ դպրոցի տնօրէն Կարինէ Զատիկեանը, Միջազգային կրթական խորհուրդի նախագահ Հայկուհի Գէորգեանը, «Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեանը, Հանրային հեռուստատեսութեան լրատուական հաղորդումներու ղեկավար Արտակ Հերիքեանը, փրոֆեսէօր, «Սփիւռք» գիտական-ուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեանը, փրոֆէսօր Լալիկ Խաչատրեանը, դասախօս Աշոտ Տէր Մինասեանը, իրաքահայ հասարակական գործիչ Վարանդ Պետրոսեանը:

Այնուհետեւ նախարարը անդրադարձաւ նորաստեղծ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքին: «Արեւմտահայերէնով առաջին մանկապատանեկան կայքի ստեղծման միտքը 9-ամեայ հայրենադարձ Արեգիինն է, որուն խնդրանքով անոր մայրը՛ «Եռագոյն» կայքի համահիմնադիր Նայիրի Մկրտիչեանը սփիւռքի նախարարութեան հետ միատեղ կեանքի կոչեց «Armlands.com» կայքը: «Հայկաշխարհ»-ը նպատակ ունի դառնալու աշխարհի բոլոր մանկական կայքերու եւ տպագիր թերթերու շտեմարանը», ըսած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարը:

Նախարարը ընդգծած է, որ կայքի կայացման համար անհրաժեշտ է Հայաստանի եւ սփիւռքի մանուկներու, պատանիներու աջակցութիւնը, նկատի պիտի առնուին նաեւ ներկայացուած առաջարկները: «Կայքը առաջին կարգին կը նպաստէ մեր ոսկեղենիկ արեւմտահայերէնի պահպանութեանը», նշած է Հրանուշ Յակոբեան:

Կայքի կառուցուածքն ու բաժինները ներկայացուց «Եռագոյն» արեւմտահայերէն եւ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքերու համահիմնադիր Նայիրի Մկրտիչեանը: Ան նշած է, որ կայքին մէջ պիտի ըլլայ փոքրիկներու անկիւն, մանկապատանեկան, ժամանցային, նորութիւններու բաժիններ եւ շտեմարան: «Արդէն իսկ սկսած են այլ մանկապատանեկան թերթերու հետ աշխատանքները եւ համագործակցութիւնը: Կը կարծենք, որ փոքրիկները ամէնէն աւելի հետաքրքրողը  պիտի ըլլայ «Մենք» բաժինը, ուր պիտի տեղադրուին անոնց աշխատանքները: Իսկ «Խօսակցիլ» բաժինին մէջ փոքրիկները կարելիութիւն պիտի ունենան առցանց հաղորդակցելու իրարու հետ», նշած է Ն. Մկրտիչեան:

Կայքին մասին կարծիք յայտնած են  Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ներկայացուցիչ Նարէ Միքայէլեան եւ կայքի աջակից, հայրենադարձ ծնող Լիզա Քարաճեան: «Ես հայրենիքիս մէջ բնակելու վերադարձայ այն նպատակով, որպէսզի զաւակներս հայ մեծնան: Իսկ հայ մեծնալու առաջին պայմանը մեր մայրենիին տիրապետելն է», ըսած է Լ. Քարաճեան:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան անդրադարձած է «Իմ քաղցր լեզու» խորագրով շարադրութիւններու մրցոյթին: Ամփոփելով մրցոյթի արդիւնքները՛ նախարարը ընդգծած է, որ շարադրութիւններու մրցոյթին մասնակցած է սփիւռքի աւելի քան 100 դպրոց, որոնցմէ ստացուած է աւելի քան 1000 փոքրիկի ստեղծագործութիւն: «Յատկանշական է, որ շատ աշխուժ են յատկապէս միօրեայ դպրոցներու աշակերտները, որոնք կը վկայեն այդ կրթօճախներու արդիւնաւէտ գործունէութեան մասին», նշած է նախարարը:

 

 

 

 

 

 

 

Ձեռնարկին ընթացքին մայրենիին նուիրուած երգով հանդէս եկան Եւրոպական դպրոցի 4-րդ դասարանի հայրենադարձ մանուկները:

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի
Համայնքապետ, Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան

Վերջերս Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան հիւրընկալեց Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ, վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանը:

Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Սուրիոյ մէջ շտապ օգնութեան մարմիններու գոյութիւնը համայնքը պահելու ի խնդիր՛ առկայ ընկերային, կրթական, առողջապահական եւ այլ հարցեր լուծելով, մարդոց ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելուն  ուղղուած  ամէնօրեայ ջանքերը:

Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի Համայնքապետը ներկայացուց վերջին շրջանին  Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը եւ անոր զարգացումներուն ազդեցութիւնը հայ համայնքին վրայ:

Վերապատուելին հանգամանօրէն ներկայացուց համայնքին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկները, մասնաւորապէս՛ հայոց բանակի կազմաւորման 25-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնները, նշեց, որ անոնք երիտասարդ սերունդի ազգային դաստիարակութեան եւ հայրենասիրական ոգին արթնցնելու, ապա հայեացքը դէպի հայրենիք ուղղելու հզօր ազդակ են: Ան  նշեց, որ սուրիահայերու հիմնական հարցերուն կարգաւորումը անհրաժեշտ կը դարձնէ սփիւռքի բոլոր կառոյցներու եւ հայկական ներուժի հետագայ համախմբումը, որուն մէջ մեծ դեր  վերապահուած է սփիւռքի նախարարութեան:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձան նաեւ Սուրիոյ իրավիճակէն բխող կարելի զարգացումներուն, հայ համայնքի անվտանգութեան առնչուող  շարք մը հարցերու: Քննարկուեցան հետագայ համագործակցութեան եւ կազմակերպչական խնդիրներուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ նախանշուեցան յառաջիկայի գործունէութիւնները:

Հանդիպման աւարտին նախարարը բարձր գնահատեց Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան բերած նպաստը Հայաստան բնակութիւն հաստատող սուրիահայ ժողովուրդին` ձմրան շրջանին վառելանիւթի, բժշկական, ուսումնական-կրթական, մշակութային եւ տան վարձքի յատկացումով: Ան նաեւ գնահատանքով անդրադարձաւ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան եւ սփիւռքի նախարարութեան միջեւ գոյացած համագործակցութեան:

Ապա վերապատուելին հանգամանօրէն ներկայացուց Հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանի տարեգրութեան նոր հրատարակուած յուշամատեանին մասին,  որուն մէջ կը ներկայացուին հայ ժողովուրդի գաղթական օրերէն մինչեւ ներկայ օրերը, 90 տարուան հոգեմտաւոր, կրթական-մշակութային եւ կեանքի ծաղկուն, վատ ու լաւ օրերը:

Նախարարը հաստատելով տարեգրութեան հրատարակման կարեւորութիւնը` շեշտեց, որ այս քայլը հայապահպանման կարեւոր գործօն է եւ պէտք է ամէն գնով պահպանուի ու մշակուի:

ՀՕՄ-ի Արցախի Մասնաճիւղը Կը Շնորհաւորէ
«
Այցելութիւն Դիրքապահ Զինուորին» Ծրագիրը

Հայ օգնութեան միութեան Արցախի մասնաճիւղը «Այցելութիւն դիրքապահ զինուորին» ծրագրի ծիրին մէջ այցելած է սահմանային դիրքեր:

Հայ օգնութեան միութեան անդամները  ճակատը պաշտպանող զինուորին համար մայրական ջերմութեամբ ու հոգատարութեամբ տոլմա, աղցան, նրբաբլիթ, գաթայ պատրաստած եւ անձամբ հասցուցած են զօրամասեր ու դիրքեր:

«Ծրագիրը մնայուն է, արդէն 5-րդ տարին է Արցախի ՀՕՄ-ուհիները կ՛այցելեն սահմանապահ զինուորին: Բոլոր ուտեստները պատրաստուած են մեր մայրերուն ձեռքերով, տնական են, մեր հոգին, սէրը ներդրած ենք, որպէսզի զինուորը այսօր ինքնիրեն զգայ իր տան մէջ», նշած է ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետուհի Կարինէ Դադայեանը եւ աւելցուցած է, որ հայ կինը, հայ մայրը, ամբողջ ժողովուրդը սատար կանգնած են զինուորին, որ պատուով կը կատարէ իր վրայ դրուած պարտականութիւնը:

Արցախի N զօրամասի անձնակազմին հետ տարուող աշխատանքներուն մէջ հրամանատարի տեղակալ Արա Քամալեան նման այցելութիւններու մէջ առանձնայատուկ ջերմութիւն կը տեսնէ:

«Այսպիսի պարագաներու ե՛ւ յուզմունք, ե՛ւ հպարտութիւն կ՛ապրինք, որովհետեւ կը զգանք, որ մեզի հետ են բոլորը», ըսած է Քամալեան:

«Այսօր ամէնէն կարեւորը մեզի համար դիրքապահ զինուորն է եւ մեր այցելութեան նպատակը նաեւ այն է, որ դիրքապահ զինուորը գիտնայ իր առաքելութեան կարեւորութիւնը», նշած է Ստեփանակերտի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզի տնօրէն Նելլի Ղուլեանը:

Տեղեկացնենք, որ ծրագիրը շարունակական բնոյթ կը կրէ եւ ՀՕՄ-ուհիները պատրաստակամ են յառաջիկային եւս իրենց մայրական սէրն ու օրհնանքը հասցնելու հայրենիքի պաշտպաններուն:

Այվազովսկիի «Կոստանդնուպոլսոյ
Եւ Վոսփորի Նեղուցի Տեսարանը»
Ամէնէն Սուղ Կտաւներու Շարքին

Յովհաննէս Այվազովսկիի «Կոստանդնուպոլոյ եւ Վոսփորի նեղուցի տեսարանը» կտաւը համարուած է վերջին հինգ տարիներուն ամէնէն սուղ նկարներէն մէկը:

«Կոստանդնուպոլսոյ եւ Վոսփորի նեղուցի տեսարանը» կտաւը, որ աշխարհահռչակ հայ ծովանկարիչը նկարած է 1856-ին, «Տը Արթ Նիուզփէյփըր» հրատարակութեան կողմէ ներառուած է ռուս նկարիչներու ամէնէն սուղ նկարներու տասնեակին մէջ:

Հրատարակութիւնը ներկայացուցած է ռուս գեղանկարիչներու այն կտաւները, որոնք աւելի բարձր գինով վաճառուած են աճուրդներու մէջ, 2012-2016 տարիներուն: Այվազովսկիի կտաւը 2012-ի ապրիլ 24-ին, Sothebys աճուրդին մէջ վաճառուած է 5,2 միլիոն տոլարով: Ամէնէն սուղ նկարը եղած է Վասիլի Քանտինսքիի «Չկորսուողը եւ կորսուածը», որ ծախուած է 23 միլիոն տոլարի:

Հայաստանի Մէջ Արեւային
Վահանակներ Պիտի Արտադրուին

Հայաստանի մէջ շուտով պիտի արտադրուին առաջին արեւային վահանակները: Այդ նպատակով պիտի ստեղծուի արտադրական ձեռնարկութիւն, որ եզակի պիտի ըլլայ մեր տարածաշրջանին մէջ, այս մասին կը տեղեկացնեն  Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու փոխնախարար Հայկ Յարութիւնեանի հաղորդումով, արեւային վահանակներու արտադրութեան Հայաստանի մէջ պիտի սկսին արդէն այս տարուան երկրորդ եռամսեակին: Այդ նպատակով առաջին փուլին պիտի իրականացուի մօտաւորապէս  315 միլիոն դրամի  ներդրում, որուն ծիրին մէջ պիտի ստեղծուի աւելի քան 50 աշխատատեղ:

Ընկերութիւնը մտադիր է սկզբնական շրջանին արեւային վահանակներ  մատակարարել ներքին շուկային: Յաջորդ փուլերուն անոնք պիտի արտահանուին նաեւ տարածաշրջանային եւ այլ երկիրներ:

Նախարարութենէն կը յիշեցնեն, որ արեւային վահանակներու արտադրութեան նպատակով փետրուար 23-ին կայացած նիստի ընթացքին կառավարութիւնը որոշեց «Պրոֆպանել»  սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւնը  իրականացուող ներդրումային ծրագրի ծիրին մէջ ազատել մաքսատուրքէ՛ ներմուծուող սարքաւորումներու, ատոնց բաղկացուցիչ ու համալրող մասերու, հումքի եւ նիւթերու ներմուծման համար:

Քառվաճառը Շուտով Խմելու Եւ
Ոռոգման Շուրջօրեայ
Ջրամատակարարում Պիտի Ունենայ

Շահումեանի կեդրոն Քարվաճառ քաղաքին մէջ ջրամատակարարման համակարգի կառուցման աշխատանքները կ՛ընթանան: Այս մասին  յայտնած է Շահումեանի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Կարէն Եղիշեանը եւ` նշած, որ քաղաքը շուտով պիտի ունենայ ինչպէս խմելու, այնպէս ալ ոռոգման շուրջօրեայ ջրամատակարարում:

«Ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի պետական պիւտճէէն: 2016 թուականին Քարվաճառ քաղաքի վերին գօտիին մէջ կառուցուած են 3 ջրաւազաններ, ուր հոսող աղբիւրներէն կը հաւաքուի եւ կը զտուի ջուրը: Ընդհանուր ջրային գիծը կը կազմէ 18 քիլոմեթր, որուն մօտ 2,3 քիլոմեթրի աշխատանքները արդէն աւարտած են, միւս հատուածներուն մէջ պիտի շարունակուին մարտի կէսերէն», ըսած է Կ. Եղիշեանը եւ` աւելցուցած, որ աշխատանքներու ժամանակաւոր դադրեցումը կապուած է եղանակային անբարենպաստ պայմաններուն:

Շահումեանի շրջանի վարչակազմի ղեկավարը նաեւ տեղեկացուցած է, որ ամրան արդէն քաղաքը խմելու եւ ոռոգման ջուրի հետ կապուած հարցեր չ՛ունենար, որովհետեւ ամբողջ ջրագծին աշխատանքներուն աւարտը կը նախատեսուի մայիսին:

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախի Մէջ Զինուած Հակամարտութեան Դադրեցման Համար` Պիշքէքի Բանակցութիւնները Եւ Զինադադարը

Յաջորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Ծխախոտը Դադրեցնելու Միջոցները»

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?