Յօդուածներ

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. «Այս Փոքր Երկիրը Աշխարհը Կը Կերակրէ» Ա.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Սառուցեալ գօտիէն միայն մօտ 16 հազար քմ  հարաւ` Հոլանտան իբրեւ ազգային տնտեսական քաղաքականութիւն, շուրջ 20 տարիներ առաջ, հակառակ իր ցուրտ ու անարեւ, ամպոտ կլիմային, որոշած եւ ծրագրած էր դառնալ երկրագործական երկիր, եւ այժմ ան աշխարհի սննդամթերք արտածող մեծագոյն երկիրներէն է` գրաւելով ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԴԻՐՔԸ: «Նեշընըլ Ճէօկրաֆիք Մակազին»-ի սեպտեմբեր 2017-ի թիւին մէջ լոյս տեսած Ֆրանք Վիվիանոյի վերոնշեալ խորագիրով յօդուածը...

Հոգեհանգիստ` Նարեկ Ա. Քհնյ. Շիրիքեանի Յիշատակին

Հոգեհանգիստ` Նարեկ Ա. Քհնյ. Շիրիքեանի Յիշատակին

Կիրակի, 24 սեպտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան ազգային վարժարանի Դ. դասարանի աշակերտներէն մինչեւ աւարտականի աշակերտները իրենց դաստիարակներով ներկայ գտնուեցան վաստակաշատ հոգեւորական, կրթական մշակ, գիւղիս նախկին հոգեւոր հովիւ եւ վարժարանիս նախկին տնօրէն, ինչպէս նաեւ ազգային բարերար Նարեկ Ա. քհնյ. Շիրիքեանին նուիրուած Ս. պատարագին եւ եօթնօրէքին առիթով տեղի ունեցած հոգեհանգստեան պաշտօնին` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ: Յետհոգեհանգստեան արարողութեան, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան»...

Թարգմանչաց Տօնը` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Յարկին Տակ

Թարգմանչաց Տօնը` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Յարկին Տակ

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի կրթական իւրաքանչիւր օղակը իր ոճով նշեց Թարգմանչաց տօնը ու անդրադարձաւ անոր արժէքին: Միջնակարգի եւ երկրորդականի Թարգմանչաց տօնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 12 հոկտեմբերին: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժ. դասարանի աշակերտուհի Կալի Աւագեանը, որ շեշտեց, թէ Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտը հայապահպանումի ու գոյատեւման համար անհրաժեշտ քայլ էր: Ռուբէն Մարտիրոսեան, Շուշի Գոճայեան եւ Փերլա Լալէեան կարդացին Պ....

Մեսրոպեանի Մէջ Սկսան Գործել Արուեստի Եւ Մարզանքի 20 Խմբակներ

14 Հոկտեմբեր 2017-ին մեկնարկեցին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի արուեստի եւ մարզանքի խմբակներուն աշխատանքները: Այս տարեշրջանին պիտի գործեն 20 խումբեր` արուեստներու եւ մարմնամարզի տարբեր ուղղութիւններով, ինչպէս` պասքեթպոլ, ֆութպոլ, քունկ ֆու, ճատրակ, պարախումբեր (փոքրեր եւ մեծեր),  թատրոն, գեղանկարչութիւն, պատկերապատում, տուտուկ, տհոլ, մարմնակրթութիւն եւ պարի երեք տեսակներ` մանկական զումպա, պալէ եւ լատինական: Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը սոյն ծրագիրը կը գործադրէ` հաւատալով, որ արտադասարանային խումբերու...

Ալիս Ներկիզեան Մանկամսուրի Աշխատակիցներու Վերապատրաստութեան Եւ Առաջին Օգնութեան Դասընթացքներ

Ալիս Ներկիզեան Մանկամսուրի Աշխատակիցներու Վերապատրաստութեան Եւ Առաջին Օգնութեան Դասընթացքներ

Աւարտեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի աշխատակիցներու վերապատրաստութեան հերթական դասընթացքը, որուն նպատակն էր զարգացնել աշխատակիցներուն կարողութիւնները` փոքրիկներու հոգեֆիզիքական դաստիարակութեան մէջ: Աշխատակիցներուն տրուեցան 1-3 տարեկան փոքրիկներու կենսաշարժունակութիւնը զարգացնելուն ուղղուած տարբեր գործունէութիւններ կազմակերպելու վերաբերեալ մեթոտական ցուցմունքներ: Անոնք կատարեցին նաեւ գործնական աշխատանքներ` ամրապնդելու համար հոգատարութեան տեսութիւններուն մասին իրենց ստացած նոր գիտելիքները: Երեք օրերու վրայ երկարած եւ 9 ժամ տեւած վերապատրաստման...

Հայ Աւետարանական Փ. Եւ Է. Թորոսեան Վարժարանի Վերամուտի Պաշտամունք

15 հոկտեմբեր 2017-ին Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դպրոցի վերամուտի առաջին պաշտամունքը` մասնակցութեամբ Հայ աւետ. Փ. եւ Է. Թորոսեան միջնակարգ վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին եւ աշակերտութեան: Վարժարանի իններորդ դասարանի աշակերտներ իրենց բաժինը բերին` Աստուածաշունչէն ընթերցումներ կատարելով: Եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Սեւակ Թրաշեան իր աղօթքը բարձրացնելով առ Աստուած` խնդրեց, որ Ան միշտ պայծառ, անսասան եւ ապահով պահէ մեր հայրենիքը: Ան նաեւ ...

Ակնարկ.  Միջպետականէն Միջսփիւռքեան   Համագործակցութեան Ուղենիշներ

Ակնարկ. Միջպետականէն Միջսփիւռքեան Համագործակցութեան Ուղենիշներ

Կիպրոսի մէջ կայացած Հայաստանի Հանրապետութիւն-Յունաստան-Կիպրոս` երեք երկիրներու սփիւռքի հարցերով զբաղող պետական պատասխանատուներու հանդիպումը ունի կարեւոր ենթահող, անցած որոշակի ուղի եւ մանաւանդ ռազմավարական հեռանկարայնութիւն: Հանդիպումը հաստատեց պաշտօնական երկխօսութիւն եւ յատկանշուեցաւ հայ, կիպրացի եւ յոյն ժողովուրդներուն միջեւ  պատմական բարեկամական յարաբերութիւններուն ամրապնդումով եւ, միացեալ ծրագիրներու միջոցով, միջկառավարական երկխօսութեան զուգահեռ, անոնց միջեւ մշակութային, կրօնական եւ տնտեսական ամուր կապերը իբրեւ երեք երկիրներ` իրենց սփիւռքեան համայնքներուն...

Քաղաքական Խաղ` Մարմնամարզային Թեքումով

Հանդիպումն Անցաւ. Հարցերը Մնացին

ԼԷՈՆԻԴ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ «Ազատ Արցախ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Եւ այսպէս, Հայաստանի եւ Ադրբեջանի նախագահների՝ վաղուց ազդարարուած եւ կանխատեսումներով յագեցած հանդիպումը կայացաւ. Հոկտեմբերի 16ին Ժնեւում ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների մասնակցութեամբ անցաւ երկու պետութիւնների ղեկավարների գագաթնաժողովը: Հանդիպման կարեւորութեան մասին խօսում է եւ այն փաստը, որ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւնների անցկացումը ողջունել է նաեւ ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Անտոնիու Գուտերիշը, ով երկու ղեկավարներին...

Հայկական Տեղեկատուական Խնդիրներ. Լուսարձակներ` Կիպրական Ենթահողին Վրայ   Ընդհանուր Տեղեկատուական Դաշտը` Այսօր

Հայկական Տեղեկատուական Խնդիրներ. Լուսարձակներ` Կիպրական Ենթահողին Վրայ Ընդհանուր Տեղեկատուական Դաշտը` Այսօր

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Ընդհանուր տեղեկատուական դաշտը՝ այսօր Հայկական լրատուադաշտի խնդիրները բազմազան են այսօր: Նախ` անշուշտ պէտք է արձանագրել, որ լրատուադաշտ  հասկացողութիւնը ներկայ դարուն ամէնէն շատ եւ ամէնէն արագ փոփոխութիւններու ենթարկուող մարզն է. դարը ինքնին տեղեկացնելու եւ տեղեկանալու դար է, ուրեմն ամբողջ համակարգ մը այսօր լրատուադաշտի վերածուած է: Եւ երբ արհեստագիտութիւնը ամբողջ կը կեդրոնանայ այսօրուան բաց համակարգին վրայ` ամէն ատեն նորութիւն բերելու...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Զիյա Կէօքալփը` Թրքութեան Եւ Թուրանականութեան Ցեղապաշտական Տենչով Մարգարէն

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Զիյա Կէօքալփ մարտ 1911 թուականին Սալոնիկի մէջ հրապարակուող «Ռումելի» թերթին մէջ լոյս կ’ընծայէ իր «Թուրան» բանաստեղծութիւնը` «Տեմիրթաշ» ստորագրութեամբ, «Կենչ քալեմլեր» թերթին մէջ` «Թեւֆիք Սետաթ» ստորագրութեամբ, իսկ 1912 թուականին արտատպուած է «Ալթուն արմաղան» («Ոսկէ նուէր»)» ժողովածուի մէջ` «Զիյա» ստորագրութեամբ: Վերոնշեալ բանաստեղծութեամբ հեղինակը թուրք երիտասարդութեան կոչ կ’ընէր հպարտանալու թուրք (թրքալեզու ժողովուրդներու) անցեալի զօրավարներով: Ակնարկութիւնը կ’երթար թուրքերու, այսինքն հին ռազմական պատմութեան` ...

Տեսակէտ. 21-րդ Դարի Փոփոխութիւնների Պարտադրանքի Տակ…

Պարէտ Մարոնեանի «1915թ. Կանայք» Փաստավաւերագրական Ժապաւէնը

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Պարէտ Մարոնեան անունը ծանօթ է ոչ միայն հայ հասարակութեան, այլ մօտ 50  միլիոն PBS, Direct TV, Dish Network  հեռուստադիտողների, նաեւ աշխարհի տարբեր երկրների համալսարանների, թանգարանների, գիտաժողովների մասնակիցներին` 2014-ին արտադրած «Ցեղասպանութեան որբերը» փաստավաւերագրական իր ժապաւէնով: Այն թարգմանուել է հինգ լեզուներով եւ շարունակում է ցուցադրուել, Հայոց ցեղասպանութեան անառարկելի փաստը հարիւր հազարաւոր հայ որբերի միջոցով լսելի դարձնելով աշխարհին: Մեզնից...

Լիբանանահայ Տնտեսագէտ Մկրտիչ  Պուլտուքեան Մակագրեց  Իր Նոր Գիրքը

Լիբանանահայ Տնտեսագէտ Մկրտիչ Պուլտուքեան Մակագրեց Իր Նոր Գիրքը

Հինգշաբթի, 12 հոկտեմբեր  2017-ի երեկոյեան, Պէյրութի հռչակաւոր գրախանութներէն  «Լիպրերի Անթուան»-ի մէջ, ներկայութեամբ   Լիբանանի մէջ օտար պետութիւններու դեսպաններու, դիւանագէտներու, պետական անձնաւորութիւններու, դրամատուներու տնօրէններու, դասախօսներու, մտաւորականներու եւ բարեկամներու, լիբանանահայ ծանօթ տնտեսագէտ, տնտեսական հարցերու մեկնաբան, դասախօս Մկրտիչ Պուլտուքեան մակագրեց իր նոր գիրքը` «Արմինիըն պենքըրզ ին տի Օթոմըն էմփայր» («Armenian Bankers In The Ottoman Empire»): Արխիւային նիւթերով հարուստ, բծախնդրութեամբ պատրաստուած այս ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Իւրայատուկ Ուսուցչուհին, Որ Փոխեց Կեանքս

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Ես կը փափաքիմ այս յօդուածը նուիրել անցեալ ամիս իր մահկանացուն կնքած դպրոցական տարիներու սիրելի ուսուցչուհիիս` Օլիվիա Պալեանին, որ իր ազնիւ քայլով փոխեց իմ կեանքը: 1968 թուականն էր: Ես կը յաճախէի Պէյրութի Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանը: Երբ եկաւ ժամանակը արձանագրուելու` որպէս 10-րդ դասարանի աշակերտ, ես գացի տնօրէնին գրասենեակը եւ ըսի,...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Հիւանդին Խնամք» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Հիւանդին Խնամք» Նիւթով

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբն ու «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը միասնաբար վերսկսան ներկայացնել առողջապահական բնոյթ ունեցող դասախօսութիւններու նոր շարք մը, որ պիտի երկարի մինչեւ ապրիլ 2018: Չորեքշաբթի, 4 հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շարքին առաջին դասախօսութիւնը, որուն նիւթն էր «Հիւանդին խնամք»-ը, զոր ներկայացուց հիւանդապահուհի  Գարոլ Դերձակեանը:...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Պարզանիի Անհիմն Քաղաքականութեան Հետեւանքը

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Շատ յստակ էր, որ հանրաքուէի առաջին իսկ օրէն Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի չունէր յստակ պատկերացում` ապագայ Քիւրտիստանի մասին: Քիւրտերը զայն համարեցին ազգային հերոս եւ տեսան, որ իրենց ազգի ապագան Պարզանիի ձեռքերուն մէջ է: Սակայն այս բոլորը փոխուեցան այս շաբաթ: Երկուշաբթի իրաքեան բանակը իր հակակշիռին տակ առաւ Քերքուքը, ապա` Սինճարը, եւ կ՛ուղղուի դէպի Նինուէ, իսկ քրտական...

«Ես-Ես-Ես»-ի Մասին Կեդրոնականցիին Պատմածը

«Ես-Ես-Ես»-ի Մասին Կեդրոնականցիին Պատմածը

Տասը օրէ ի վեր Արմենակ Հայաստան է, տասը անգամ տասը գեղարուեստական եւ գրական հանդիպումներու ներկայ եղած է: Թերթի եւ հեռատեսիլի կարիք չունինք: Կարեւոր, անկարեւոր, անկարեւոր կարեւոր լուրերը ինք կը բերէ: Մակարուհին սուրճը սպասարկեց խոհանոցի սեղանին շուրջ: Տրտնջաց. - Առաջ Արարատը կը տեսնէինք պատուհանէն: Շէնք բարձրացուցին եւ հիմա ալ չենք տեսներ: Զրկուեցանք նոյնիսկ գերի Արարատը տեսնելու մխիթարութենէ: Կարծէք` Արմենակ ազդանշանի կը...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Զիյա Կէօքալփը` Թրքութեան Եւ Թուրանականութեան Ցեղապաշտական Տենչով Մարգարէն

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Զիյա Կէօքալփ (օսմաներէն` Տիյա: Թրքերէն` Ziya Gokalp, բուն անունը` Մեհմեթ Զիյա, ծնած է 23 մարտ 1876 թուականին, Տիգրանակերտ (Ամիդ, Գարա-Ամիդ), ծագումով զազա (քիւրտ), բայց` բոլորովին թրքացած: Բանաստեղծ, գրող, ընկերաբան եւ քաղաքական գործիչ, փանթուրքիզմի եւ փանթուրանիզմի գաղափարախօս: Երիտթուրքերու կողմէ երկիրը սահմանադրական միապետութեան վերածելէ ետք ընդունած է Կէօք-ալփ («Երկնքի հերոս») անունը: Կէօքալփի ուսումնական կեանքը սկսած է Տիգրանակերտի մէջ, 1890 թուականին...

Շահեկան Կամրջում. Վերականգնում

Շահեկան Կամրջում. Վերականգնում

Սուրիական պատերազմը եւ Հալէպի տագնապը նոր կացութիւններու դիմաց դրին մեզ: Տառապանքն ու ցաւը, անորոշ ապագայի մտահոգութիւնը տիրող դարձան: Պահ մը հաւաքական թէ անհատական մեր գոյութիւնը վտանգուեցաւ, ու մենք ստիպուեցանք նոր միջոցներ որոնել` զանոնք պահպանելու համար: Եթէ Հալէպ ապրողները տոկացին ու, կորուստներ ունենալով հանդերձ, կանգուն պահեցին իրենց գոյութեան հիմքերը. պատերազմի պարտադրած պայմաններուն բերումով Հալէպէն մեկնողները, Հալէպի շունչն ու ոգին իրենց հետ...

«Կարճցած է» Ճամբան Դէպի Երեւան

Դրական Եւ Ժխտական Մատնանշումներ` Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին Առիթով

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովը գումարուած է արդէն Երեւանի մէջ, 18-20 սեպտեմբեր 2017-ին, շուրջ 1800 մասնակիցներով: Բնականաբար, թէ՛ համաժողովէն առաջ, թէ՛ նաեւ համաժողովի գումարումէն ետք, բազմաթիւ հայորդիներ իրենց կարծիքն ու կեցուածքը յայտնեցին թէ՛ բանաւոր, եւ թէ՛ գրաւոր կերպով` յօդուածներ գրելով կամ արձանագրութիւններ կատարելով ընկերային ցանցերուն վրայ: Այս քննարկումներն ու կարծիքներու փոխանակումը պէտք է միայն ողջունել: Այս արտայայտութիւնները կենդանութեան, հետաքրքրութեան, հայրենասիրութեան...

«Բո՛ւն Տղան»  (Տէր Մարտիրոս Պէրպէրեանի  Վաղահաս Մահուան Քառասունքին Առիթով)

«Բո՛ւն Տղան» (Տէր Մարտիրոս Պէրպէրեանի Վաղահաս Մահուան Քառասունքին Առիթով)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊՈՇՆԱԳԵԱՆ Յիսուներեք տարիներ առաջ, երկու իրարու անծանօթ մանուկ տղաք, առաջին անգամ ըլլալով մտան դպրոց: Առաջին օրէն նստան քով-քովի. անվերջ խնդացին. կատաղած խաղացին: Մանկապարտէզի բոլոր տարիներուն «բո՛ւն տղան» եւ «միւսը» մնացին քով-քովի` միշտ միասին: Մանկապարտէզէն ետք «միւսը» դպրոցը փոխեց: Ունեցան ուրիշ հրաշալի ընկերներ: Տարիներ անց` տեսան զիրար: Անխառն ժպտացին. ամուր ձեռնուեցան: «Բո՛ւն տղան», հակառակ իր մտքի վերլուծական բարձր կարողութեան եւ...

Page 764 of 1110 1 … 763 764 765 … 1,110

Արխիւներ