Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Տեղեկատուական Խնդիրներ. Լուսարձակներ` Կիպրական Ենթահողին Վրայ Ընդհանուր Տեղեկատուական Դաշտը` Այսօր

Հոկտեմբեր 23, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ընդհանուր տեղեկատուական դաշտը՝ այսօր

Հայկական լրատուադաշտի խնդիրները բազմազան են այսօր: Նախ` անշուշտ պէտք է արձանագրել, որ լրատուադաշտ  հասկացողութիւնը ներկայ դարուն ամէնէն շատ եւ ամէնէն արագ փոփոխութիւններու ենթարկուող մարզն է. դարը ինքնին տեղեկացնելու եւ տեղեկանալու դար է, ուրեմն ամբողջ համակարգ մը այսօր լրատուադաշտի վերածուած է:

Եւ երբ արհեստագիտութիւնը ամբողջ կը կեդրոնանայ այսօրուան բաց համակարգին վրայ` ամէն ատեն նորութիւն բերելու համար, բնականաբար աւանդական լրատուադաշտը ամէն օր կ՛ապրի ժամանակավրէպ դառնալու, անցեալ սերունդի պատկանելու վտանգը:

Այս պատճառով ալ զանգուածային լրատուամիջոցները կա՛մ կ՛ենթարկուին ժամանակի դէմ մաշումի պայքարի հարուածներուն եւ դուրս կու գան խաղադաշտէն (օրինակ` բազմաթիւ միջազգային տպագիր մամուլի օրինակներ պարզապէս փակուած են այսօր), կա՛մ ալ ներկայ արհեստագիտութեան հետ կը փորձեն քայլ պահել եւ անվերջ որդեգրել հրամցուող նորարարութիւնը:

Այսօր գրեթէ գոյութիւն չունի որեւէ մամուլ, ձայնասփիւռ կամ հեռատեսիլ, որ ելեկտրոնային տարածքներու վրայ տեղ գրաւած չէ եւ, այդպիսով, չի փորձեր պահպանել իր հասանելիութիւնը ընթերցող, դիտող կամ ունկնդրող զանգուածներուն:

Բայց այսօր համացանցային կայքը արդէն սթաթիք դասական լրատուամիջոցի վերածուած է: Այսօր լուրը, լրատուութիւնը ի՛նք է, որ կը հասնի մարդուն, ո՛ւր որ ալ գտնուի ան, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ որ ըլլայ. եւ այս առումով, ժամանակի արագութեան առընթեր, աշխարհագրական սահմանները եւս որեւէ իմաստ չունին տեղեկացնելու եւ տեղեկացուած մնալու համար:

Բայց այսօրուան բաց համակարգը նաեւ կը մղէ, որ մարդ անհատը ոչ միայն տեղեկացուի, այլ նաեւ կարենայ` ինքնադրսեւորուիլ, որեւէ լուրի կամ յօդուածի մասին իր տեսակէտը տալ, բաժնել կամ չբաժնել ըսուածը եւ հազարաւորներու իր տեսակէտները յայտնել, իր գաղափարները տարածել:

Նախապէս այս դրութիւնը կը քաջալերուէր լրատուամիջոցի մը կայքին մէջ տեղադրուած յօդուածին տակը տեսակէտներ (comments) բաժինով ընթերցողին կարծիքը իմանալու համար: Հիմա, երբ որեւէ լրատուամիջոց ընկերային ցանցերու միջոցով իր նիւթերը կը տարածէ,  բնականաբար այդ համակարգը, այդ դրութիւնը կը մղէ, որ լուրը կամ յօդուածը տեսնողը կա՛մ հաւնի, կա՛մ բաժնէ, շրջանառութեան մէջ դնէ, կա՛մ ալ տեսակէտ յայտնէ ու նաեւ, ինչո՞ւ չէ, բանավէճ ստեղծէ:

Ուրեմն դրութիւնը ի՛նք կը մղէ, որ կարդացողը կրաւորական դիրքէ դառնայ ներգործօն եւ ազատօրէն արտայայտէ իր տեսակէտը, իր համաձայն կամ անհամաձայն ըլլալը:

Իսկ այս պարագային վտանգը այն է, որ պատշաճութիւնը յարգելու կամ  ինքնազսպումի սահմանները յաճախ չեն յարգուիր: Այսօրուան բաց համակարգը կը թոյլատրէ, որ ամէն արժէք, ամէն երեւոյթ, ամէն տեսակի քաղաքական, պատմական, ընկերային, մշակութային, մարզական նիւթ քննարկուի: Քննարկումի սահմանափակում գոյութիւն չունի: Ամէն ինչ թոյլատրելի է քննարկել, քննադատել, ստուգուածն ու չստուգուածը իրարու խառնելով` հանրային կարծիքի վրայ փորձել ազդել:

Այնքան ազդեցիկ է այս համակարգը, որ ոչ միայն լրատուամիջոցները, այլ նոյնիսկ այս կամ այն պետութեան ղեկավարը կամ արտաքին գործերու նախարարը կը նախընտրէ իր յայտարարութիւնը երբեմն կատարել Twitter-ով կամ ընկերային տարբեր ցանցով:

Հայկական Լրատուադաշտի Դիմագրաւած Խնդիրները

Այսօրուան այս երեւոյթները նկատի ունենալով` մենք փորձենք կեդրոնանալ հայկական լրատուադաշտի դիմագրաւած խնդիրներուն վրայ:

Նախապէս (եւ նախորդ սերունդները լաւ պէտք է յիշեն), լրատուական կամ մամլոյ դաշտը կը ղեկավարուէր ուղղահայեաց ձեւով` խմբագիր, խմբագրական կազմի անդամներ, աշխատակիցներ, դասական մամուլի պարագային, կ՛որոշէր ընդհանուր ուղեգիծը, կ՛որոշէին նաեւ այն յօդուածները, որոնք կարելի էր տպել թերթի մէջ` թերթին պատկանած կազմակերպութեան քաղաքական ուղեգիծը նկատի ունենալով. եթէ ոեւէ մէկը ուզէր արձագանգել այս կամ այն նիւթին, նամականի կը գրէր, եւ խմբագրութեան որոշումէն ետք միայն կարելի կ՛ըլլար նամականիի ճամբով ենթակայի մտածումներուն ծանօթանալ:

Այժմ կարգը հիմնովին շրջուած է: Որեւէ լրատւութիւն, որեւէ նիւթ, որեւէ յօդուած քննարկումի առարկայ է ելեկտրոնային տարածքի վրայ, եւ հասանելի ոչ միայն թերթի ընթերցողին, այլ նաեւ` այդ թերթը չընթերցողին, որ համացանցի վրայ աշխուժ ներկայութիւն է:

Փարատոքսալ կամ որոշ առումներով հակասական երեւոյթ կայ նաեւ այստեղ: Մենք անդադար կ՛ըսենք, որ թերթի ընթերցողները եւ, առ հասարակ, ընթերցասիրութիւնը կը պակսին, թերթերու տպաքանակները կը նուազին: Թերթեր կը փակուին: Միաժամանակ սակայն պէտք է արձանագրել, թէ որեւէ ատեն, որեւէ ժամանակ հայ թերթը այսքան հասանելի չէ եղած երբեք: Որեւէ հայկական  թերթ, որ այսօր ունի իր ելեկտրոնային տարբերակը, եւ որ նաեւ ընկերային ցանցերով կը տարածէ իր նիւթերը, կը հասնի բազմահազար ընթերցողներու: Թիւերը մեր վերահսկողութենէ դուրս են, որովհետեւ անընդհատ կը բազմապատկուին: Խնդիրը հետեւեալն է. լուրը, խորագիրը կամ յօդուածին քանի մը տողը կը հասնին. որքանո՞վ այդ բոլորը կը կարդացուին. վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ այսօրուան ընթերցողը համբերատար չէ,  արագ լուր կը նախընտրէ, լուսանկար մը` յաճախ մէկ տողի բացատրութեամբ, հիմա աւելի եւս` շարժական կարճատեւ տեսերիզ (animation). այսօրուան համակարգը դարու արագութեան համապատասխան է. ժամանակ չկայ երկար- բարակ կարդալու. պէտք է տեսնել լուրը, արագ նայիլ ու անցնիլ յաջորդ լուրին. անվերջ scroll down ընել բոլոր նիւթերը, հասնիլ բոլորին,  պարզապէս ամփոփ տեղեկանալ եւ անընդհատ նաւարկել համացանցի տարածքներուն վրայ: Հոգեբանական մօտեցում մը արդէն իսկ ձեւաւորուած է, որ որեւէ հիմնական նիւթ պէտք չէ փախցնել եւ ամենահեշտ ձեւով տեսնել, եթէ ոչ կարդալ, այն բոլորը, որոնք հրամցուած են ընկերային ցանցերու վրայ:

Ընկերային ցանց կամ social media ըսելաձեւէն ոմանք այս երկու բառերէն առաջինին կամ երկրորդին վրայ կը կեդրոնանան. առաջինը մարդոց ընկերային կեանքը ներկայացնելու եւ անոնց հետեւելու մօտեցումով է. երկրորդի պարագային, լրատուադաշտի մարդիկ կը կեդրոնանան այդ ցանցերու հրամցուցած լուրերուն եւ տեղեկատւութեան վրայ: Բայց դաշտը այնպէս է, որ առաջինով հետաքրքրուածը կը տեսնէ նաեւ երկրորդը եւ փոխադարձաբար` անշուշտ: Social media-ն այսօր խորքին մէջ political media-ի դերը ստանձնած է գերազանցապէս:

Քաղաքական լրատւութեան ուղղահայեաց յարաբերութիւնները այսօր ոչ միայն հորիզոնական են, այլ` զիկզակ: Անկարգ վիճակ մըն է, որուն կարգաւորումը բարդ է, չըսելու համար` գրեթէ անկարելի:

Վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ ընկերային ցանցեր օգտագործողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը երիտասարդութիւնն է: Հետզհետէ նաեւ` չափահաս կամ միջին տարիքի խաւերը: Մինչ տարեցները կը նախընտրեն, թերթի պարագային,  տրամադրութեան տակ ունենալ տպագիրը, դասականը:

Եւ բնականաբար ամէնէն սուր հարցումը, որ ամէն առիթի կը դրուի, այն է` շարունակե՞լ տպագիր թերթ հրատարակել, թէ՞ կտրուկ անցում կատարել միայն ելեկտրոնայինի: Գիտնալով հանդերձ, որ տպագիրը հասանելիութեան իմաստով դէպի նուազում կ՛առաջնորդուի իր նիւթական ծանր բեռով, եւ թէ` ելեկտրոնայինը նոր տարածքներ կը նուաճէ ու նոր ընթերցողներ կ՛ապահովէ, այսօր պէտք է ուժերը կեդրոնացնել այս աշխատանքը զուգահեռ շարունակելու համար:

Տպագիրի նախընտրութիւնը ոչ միայն ընթերցող որոշ խաւի համար է, այլ նաեւ` մամուլի աշխատակիցներու:

Աշխատակիցներ կան, որոնք այս բոլոր մանրամասնութիւնները իմանալով հանդերձ, կ՛ուզեն, որ իրենց յօդուածը տպուի. կայ հոգեբանական շատ բնական մօտեցում մը, որ տպուածը մնայուն է, պատմութեան անցնողն է, հետագային մամուլը ուսումնասիրին համար վաւերական աղբիւրն է: Ելեկտրոնայինի պարագային, կարելի է տեղադրուած նիւթը հանել, վերասրբագրել, վերախմբագրել, կամ ընդհանրապէս ջնջել, մինչ տպուածը մնայուն է. եւ այն խմբագիրները, որոնք կը զբաղին թէ՛ ելեկտրոնայինով եւ թէ՛ տպագիրով գիտեն, որ տպագիրը շատ աւելի բծախնդիր եւ պատասխանատու մօտեցում կը պահանջէ: Տպուածը վաւերական է, որուն սրբագրութիւնը դժուար է:

Տասնամեակներու վրայ երկարող տպագիր թերթի հաւաքածոներ ունեցող մամուլը դարձեալ նոր արհեստագիտութեան պիտի դիմէ, որպէսզի այս պարագային վերածուի ուսումնասիրութեան կեդրոնի: Խօսքը թուայնացման մասին է, երբ հիմա արդէն կարելիութիւնը կայ էջ առ էջ նկարահանելով յատուկ ծրագրաւորումով որոնման համակարգով օժտելով` ամբողջ հաւաքածոյ մը վերածել ելեկտրոնային հանրագիտարանի:

Այսօրուան զարգացման միտումը համացանցային հեռատեսիլն է, որուն օրինաչափութիւնները բոլորովին տարբեր են դասական հեռատեսիլին կանոններէն: Այնքան արագ կը զարգանայ այս ոլորտը, որ արբանեակային հեռարձակումները շատ արագ ամբողջովին կրնան զիջիլ համացանցայինին: Հայկական դաշտը այս ուղղութեամբ գործնական քայլեր առնելու անհրաժեշտութեան առջեւ է:

Բովանդակային Խնդիրներ. Կիպրական Օրինակը

Այս նորարարութիւնները օգտագործելու անհրաժեշտութեան առընթեր, կայ նաեւ բովանդակային կարեւոր բաժին մը:

Հայկական զանգուածային լրատուամիջոցները այսօր կը դիմագրաւեն նաեւ հակառակորդներու ձեռնարկած ապատեղեկատուական քաղաքականութեան հակազդելու անհրաժեշտութիւնը:

Ապատեղեկատւութենէն չազդուիլը, լուրերը մաքրազտելը, կայքերու անվտանգութիւնը ապահովելը եւ հակառակորդի ազդեցութեան տակ ինկած այս կամ այն օտար լրատուամիջոցներու արտադրած լուրերն ու մեկնաբանութիւնները հերքելը, առարկայական տեղեկութիւն փոխանցելը, մշտադիտարկելը (monitoring) եւ ըստ այնմ արհեստավարժօրէն աշխատիլը հրամայական են այսօրուան հայկական լրատուամիջոցին համար:

Մեր քաղաքական աշխատանքները նկատի ունենալով, երկու ուղղութեամբ, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ազրպէյճանի հետ կապուած կարեւորագոյն իրադարձութիւնները լուսարձակի տակ առնելու եւ համարժէք լրատուութիւն կազմակերպելու խնդիր ունինք այսօր:

Կեդրոնանանք երկու գերակայ ուղղութիւններուն առնչութեամբ Կիպրոսի պետական պաշտօնական յայտարարութիւններու լուսաբանման երեւոյթին վրայ:

Առաջին ուղղութիւն. 2 ապրիլ 2015-ին Կիպրոսի խորհրդարանը միաձայնութեամբ կ՛որդեգրէր Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը. ցեղասպանութիւն ժխտողները, ըստ այս օրէնքին, կը պատժուին հինգ տարուան բանտարկութեամբ եւ հազար եւրոյի տուգանքի չափով: Պաշտօնական Երեւանը կ՛ողջունէր հարիւրամեակի սեմին տրուած այս որոշումը եւ կը հաստատէր, որ այս օրէնքի որդեգրումով Կիպրոսը կարեւոր ներդրում կատարեց ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ:

Երկրորդ ուղղութիւն. այս տարուան ապրիլին Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քասուլիտեսը հետեւեալ յայտարարութեամբ հանդէս կու գար. «Սխալ է զուգահեռներ գծել բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի, եւ Արցախի խնդիրներու միջեւ, որովհետեւ ի տարբերութիւն հիւսիսային Կիպրոսի, որ բռնագրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ, Արցախը հայկական պատմական տարածք է: Անոնք միշտ այնտեղ եղած են, պայքարած են իրենց ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար եւ` անկախութիւն հռչակած»:

Առաջին երեւոյթին պարագային հայկական մամուլը եւ բոլոր լրատուամիջոցները շատ յաճախ յղում պէտք է կատարեն այս օրէնքին, մանաւանդ երբ Ֆրանսայի նման ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու սկզբունքները առաջ քշող երկիրը անվերջ տեղապտոյտի մէջ կը պահէ Ցեղասպանութեան ժխտումի օրէնքը խորհրդարանէն ծերակոյտ, ծերակոյտէն խորհրդարան եւ յետոյ ալ սահմանադրական արգելքով հարցը զերօ կէտի վրայ պահելու ապարդիւն պատկերներով: Տեսանք, թէ նոյնիսկ ժխտումի օրէնք որդեգրած Զուիցերիան ինչպէս վարուեցաւ օրը ցերեկով Ցեղասպանութիւնը ժխտած Փերինչեքին հետ: Կիպրական որդեգրուած օրէնքը պարզ է, շեշտակի եւ առիթ չի տար ժխտումի հետ խաղալու:

Իսկ եթէ զուգահեռ գծելու հարց կայ, ապա այդ մէկը կը յստակացնէր Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը, երբ այս յուլիսին Անթիլիասի մէջ կը յայտարարէր, որ կիպրական եւ հայկական դատերը նոյն նպատակը ունին` արդարութիւնը եւ նոյն հասցէն` Թուրքիան:

Ինչ կը վերաբերի երկրորդ ուղղութեան` Արցախին, որքան որ հետեւած ենք քաղաքական լրատւութիւններուն, ոեւէ արտաքին գործոց նախարար կամ որեւէ երկրի պաշտօնական ներկայացուցիչ նման յայտարարութիւն չէ կատարած: Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը պարզ տեսքով կը յայտարարէ, որ Արցախը հայկական պատկանելիութիւն ունեցած է, եւ փաստօրէն իրողապէս կը ճանչնայ, որ արցախահայութիւնը իր ապահովութիւնը պահպանելու համար անկախութիւն հռչակած է. ինքնորոշման իրաւունքի համարժէք յայտարարութիւն է կատարուածը:

Անցնող ապրիլին, արձագանգելով կիպրահայութեան պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեանի խորհրդարանի մէջ ելոյթին, թէ` «Կը պահանջենք գերպետութիւններէն, որ ի վերջոյ պարտադրեն Թուրքիոյ, որպէսզի ժամանակակից աշխարհին դիմաց ստանձնէ իր պարտաւորութիւնները եւ ընդունի իր գործած ոճիրները», Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Տեմեթրիս Սիլլուրիս կը նշէր, որ` «Նոյնիսկ եթէ հարիւր տարի անցած է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն, երբ թրքական պետութիւնը ցեղային մաքրագործում կատարեց հայերուն դէմ, Թուրքիան կը շարունակէ ժխտել մէկուկէս միլիոն հայերու սպանդը»:

Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ` նշած, որ Կիպրոսի խորհրդարանը աշխարհի մէջ առաջիններէն էր, իսկ Եւրոպայի մէջ առաջինը, որ 1975-ին ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը` պահանջելով վերականգնել պատմական ճշմարտութիւնը:

Հերթական անգամ վերաճանաչելով Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ քրէականացնելէ ետք անոր ժխտումը, փաստօրէն պաշտօնական Նիկոսիան,  ճանաչումէն անդին, միջազգային ընտանիքէն կը պահանջէ դատապարտել Թուրքիան իր գործած մարդկային ոճիրին համար: Եւ չէ բացառուած, որ Կիպրոսը ըլլայ նաեւ առաջին երկիրը, որ պաշտօնապէս զօրավիգ կանգնի մեր հատուցման պահանջներուն, յատկապէս` նկատի ունենալով նաեւ կիպրական հարցին մէջ նման պահանջներ արծարծելու իրաւաքաղաքական սկզբունքը:

Տակաւին, քանի մը օր առաջ ազրպէյճանական գայթակղութիւններու թղթածրարին հետ սերտօրէն կապուած Եւրոխորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահը կը հրաժարէր իր պաշտօնէն: Նախագահութեան թեկնածուներու շարքին էր Կիպրոսը ներկայացնող Սթելլա Քիրիաքիտիսը, որուն կ՛աջակցէին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները: Քիրիաքիտիս ընտրուեցաւ այս կարեւոր համաեւրոպական կառոյցին նախագահ. չորեքշաբթի արդէն Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) անդամները քուէներու ճնշող մեծամասնութեամբ կը հաստատէին Ազրպէյճանի մէջ տիրող ներքաղաքական կացութեան վերաբերող երկու դատապարտող  բանաձեւերու նախագիծները:

Ահա թէ ինչո՛ւ հայկական որեւէ լրատուամիջոց շատ մօտէն պէտք է հետեւի կիպրական իրադրութիւններուն, յատկապէս` ուղղակի թէ անուղղակիօրէն հայկական գործընթացներուն հետ առնչուած երեւոյթներուն, յայտարարութիւններուն, բանաձեւերուն ու պետական որոշումներուն:

Այս եւ տակաւին շատ կարեւոր այլ իրողական պատճառներով Կիպրոսը հայկական գործընթացներու համար այսօր ամէնէն դրական ենթահողն է աշխարհի բոլոր պետութիւններուն մէջ: Այս պատճառով ալ որքան աշխուժանան Երեւանի հետ յարաբերութիւնները, որքան համասփիւռքեան կազմակերպութիւններու քաղաքական գործունէութեան կիզակէտին վրայ յայտնուի Կիպրոսը, եւ որքան ալ ճիշդ առարկայական լուսաբանումներ կատարէ հայկական լրատուադաշտը  նման յայտարարութիւններու եւ անոնց հետեւելիք քաղաքական քայլերուն, այնքան կը շահի հայկական դաշտը թէ՛ իբրեւ պետութիւն, թէ՛ իբրեւ սփիւռք եւ թէ՛ իբրեւ, մեր պարագային, լրատուադաշտ:

Դասախօսութիւն` Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ,
13 հոկտեմբեր 2017, Նիկոսիա

Նախորդը

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Զիյա Կէօքալփը` Թրքութեան Եւ Թուրանականութեան Ցեղապաշտական Տենչով Մարգարէն

Յաջորդը

Հանդիպումն Անցաւ. Հարցերը Մնացին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?