Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ես-Ես-Ես»-ի Մասին Կեդրոնականցիին Պատմածը

October 21, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տասը օրէ ի վեր Արմենակ Հայաստան է, տասը անգամ տասը գեղարուեստական եւ գրական հանդիպումներու ներկայ եղած է: Թերթի եւ հեռատեսիլի կարիք չունինք: Կարեւոր, անկարեւոր, անկարեւոր կարեւոր լուրերը ինք կը բերէ:

Մակարուհին սուրճը սպասարկեց խոհանոցի սեղանին շուրջ: Տրտնջաց.

– Առաջ Արարատը կը տեսնէինք պատուհանէն: Շէնք բարձրացուցին եւ հիմա ալ չենք տեսներ: Զրկուեցանք նոյնիսկ գերի Արարատը տեսնելու մխիթարութենէ:

Կարծէք` Արմենակ ազդանշանի կը սպասէր:

– Դեռ ինչե՜ր պիտի չտեսնես, չլսես եւ մանաւանդ` լսես:

– Նորէն ի՞նչ գտեր ես ըսելիք,- քրթմնջաց Էլպիս:

– Մակա՛ր, կիրակի տարեց գեղանկարիչի մը յոբելեանին ներկայ եղայ: Այն սերունդէն, որուն նկարներուն մէջ ջերմութիւն կար, հողի եւ երկինքի, բան մը կը հասկնայիր: Ըստ սովորութեան, խօսողները իրարու յաջորդեցին. սովետի, հայրենական պատերազմի, անկախութեան, երկրաշարժի եւ յոբելեարի ժամանակակիցներուն մասին պատմեցին: Անգիր սորվածի պէս: Հիմա կրնամ նկարիչին կենսագրականը գրել ֆէյսպուքի վրայ եւ անունս ալ տակը դնել, գրոց-բրոցի պէս: Խօսեցաւ սփիւռքահայ մըն ալ, ան ալ պատմեց, բայց ոչինչ ըսաւ յոբելեարին եւ անոր արուեստին մասին, այլ խօսեցաւ ինք իր մասին, թէ ինչպէս հանդիպեր են. «Ես զինք տեսայ, ես զինք հրաւիրեցի, ես սիրեցի իր գործը, ես իր ըսածներէն ճանչցայ Հայաստանը, ես իրեն կը հանդիպէի, ամէն անգամ որ Հայաստան կու գայի… ես, ես, ես…»: Կարծէք` իր յոբելեանին համար հաւաքուած էին մարդիկ:

– Արմենա՛կ, եթէ մարդը նկարչութենէ չէր հասկնար, եթէ բաժակաճառ ըսելու վարժութիւն չունէր, բան մը պիտի ըսէր, քանի որ իր ձեռքը խօսափող տուած էին: Բոլոր դուրսէն եկողներուն պէս` հոս կարեւորութեան շապիկ կը հագնի եւ կը հագցնեն:

– Մակա՛ր, երբ դուրս կու գայինք սրահէն, յոբելեարին սերնդակից կին մը քովէն քալողին կ՛ըսէր. «Ինչի՞ համար այդ անգրագէտ սփիւռքահային խօսք տուեցին»: Ուրախացայ, որ դեռ  ողջմիտներ կային:

Արմենակ պինդ լաւատես մըն է:

– Մակա՛ր, թերթին մէջ գրէ այս մասին, ըսէ՛, որ մարդիկ իրենք զիրենք խնայեն «անգրագէտ սփիւռքահայ» կոչուելու արհամարհանքը եւ մերժեն իրենց քիթին տակ դրուած խօսափողը:

ՄԱԿԱՐ
Սեպտեմբեր 2017, Երեւան

Նախորդը

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Զիյա Կէօքալփը` Թրքութեան Եւ Թուրանականութեան Ցեղապաշտական Տենչով Մարգարէն

Յաջորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Պարզանիի Անհիմն Քաղաքականութեան Հետեւանքը

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.