Հինգշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Պէյրութի հռչակաւոր գրախանութներէն «Լիպրերի Անթուան»-ի մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ օտար պետութիւններու դեսպաններու, դիւանագէտներու, պետական անձնաւորութիւններու, դրամատուներու տնօրէններու, դասախօսներու, մտաւորականներու եւ բարեկամներու, լիբանանահայ ծանօթ տնտեսագէտ, տնտեսական հարցերու մեկնաբան, դասախօս Մկրտիչ Պուլտուքեան մակագրեց իր նոր գիրքը` «Արմինիըն պենքըրզ ին տի Օթոմըն էմփայր» («Armenian Bankers In The Ottoman Empire»):
Արխիւային նիւթերով հարուստ, բծախնդրութեամբ պատրաստուած այս ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ տնտեսական բարգաւաճումին մէջ հայ սեղանաւորներու դերակատարութիւնը, անոնց նախաձեռնութիւնները, կատարած նորարարութիւնները եւ ներդրումները, հայ ժողովուրդին հանդէպ թուրք իշխանութիւններու անմարդկային արարքները, ֆիզիքական հաշուեյարդարին զուգահեռ` յափշտակուած դրամագլուխը:
Գիրքի նախաբանին մէջ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան հայ երիտասարդութեան կը թելադրէ խոր գիտակցութեամբ ուսումնասիրել թուրքերու կողմէ հայ ժողովուրդէն յափշտակուած դրամագլուխը եւ աննահանջ շարունակել պահանջատիրական պայքարը:
Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեանի «Հայ սեղանաւորներ Միջին Արեւելքի տարածքին, Պոլիսէն մինչեւ Պէյրութ» (2012) արժէքաւոր ուսումնասիրութեան անգլերէն տարբերակը կայ նոյնպէս` որոշակի փոփոխութիւններով եւ լրացումներով: Գիրքին արաբերէն լեզուով հրատարակութիւնը լոյս տեսաւ 2015-ին, եւ անոր շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ «Պիէլ»-ի մէջ:
Արդէն իսկ պատրաստութեան վրայ է սոյն աշխատութեան թրքերէն տարբերակը:
Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան ծանօթ հեղինակութիւն մըն է միջազգային տնտեսագիտութեան մէջ: Ան երկար տարիներ վարած է Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչի պաշտօնը (1985-1990): Բազմիցս Լիբանանը ներկայացուցած է Միջազգային ելեւմտական հիմնարկին (IMF) եւ տնտեսական միջազգային այլ կառոյցներու մէջ: Ան մինչեւ օրս կը մասնակցի տնտեսական միջազգային խորհրդաժողովներու` իբրեւ դրամատուներու խորհրդատու եւ հմուտ տնտեսագէտ: