Աւարտեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի աշխատակիցներու վերապատրաստութեան հերթական դասընթացքը, որուն նպատակն էր զարգացնել աշխատակիցներուն կարողութիւնները` փոքրիկներու հոգեֆիզիքական դաստիարակութեան մէջ: Աշխատակիցներուն տրուեցան 1-3 տարեկան փոքրիկներու կենսաշարժունակութիւնը զարգացնելուն ուղղուած տարբեր գործունէութիւններ կազմակերպելու վերաբերեալ մեթոտական ցուցմունքներ: Անոնք կատարեցին նաեւ գործնական աշխատանքներ` ամրապնդելու համար հոգատարութեան տեսութիւններուն մասին իրենց ստացած նոր գիտելիքները:
Երեք օրերու վրայ երկարած եւ 9 ժամ տեւած վերապատրաստման դասընթացքը կատարեց Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի վերապատրաստութեանց ծրագիրներու աւագ աշխատակից, հոգեշարժութեան մասնագէտ Գալին Լապաքի: Ծրագիրը մաս կը կազմէր նոյն համալսարանին հետ Մեսրոպեանի վարժարանի գործակցութեան ընդհանուր ծրագրին, որ ուղղուած է վարժարանի անձնակազմի եւ աշակերտներու գիտաուսումնական յառաջդիմութեան:
«Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրին մէջ նաեւ տեղի ունեցաւ առաջին օգնութեան վարժողական դասընթացք մը` ղեկավարութեամբ Լիբանանեան կարմիր խաչի մարզիչներուն:
Եօթը ժամ տեւողութեամբ դասընթացքին մասնակցեցան մանկամսուրի անձնակազմի բոլոր անդամները` անխտիր: Անոր նպատակն էր զարգացնել աշխատակիցներուն կարողութիւնները եւ ամրապնդել անոնց ինքնավստահութիւնը` անսխալօրէն արձագանգելու որեւէ արտակարգ պատահարի, որուն կրնան ենթարկուիլ փոքրիկները մանկամսուրին մէջ գտնուելու պահուն: Դասընթացքին աշխատակիցները փորձարկեցին իրենց ստացած ցուցմունքները, ինչպէս նաեւ ծանօթացան պատահարներ կանխարգիլելու շարք մը կանոններու: