Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Փ. Եւ Է. Թորոսեան Վարժարանի Վերամուտի Պաշտամունք

Հոկտեմբեր 24, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

15 հոկտեմբեր 2017-ին Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դպրոցի վերամուտի առաջին պաշտամունքը` մասնակցութեամբ Հայ աւետ. Փ. եւ Է. Թորոսեան միջնակարգ վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին եւ աշակերտութեան: Վարժարանի իններորդ դասարանի աշակերտներ իրենց բաժինը բերին` Աստուածաշունչէն ընթերցումներ կատարելով:

Եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Սեւակ Թրաշեան իր աղօթքը բարձրացնելով առ Աստուած` խնդրեց, որ Ան միշտ պայծառ, անսասան եւ ապահով պահէ մեր հայրենիքը: Ան նաեւ  աղօթեց Լիբանանի համար ու մաղթեց, որ դիւրութեամբ շրջանցէ հարցերն ու տագնապները:

Ապա խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեանը, որ բոլորին մաղթեց յաջողութիւններով լեցուն տարի մը: Ան անդրադարձաւ անցնող տարուան ձեռքբերումներուն, ի մասնաւորի` պըրըվէի քննութեանց հարիւր առ հարիւր յաջողութեան: Ան յայտնեց, թէ ինչպէս անցնող տարի, այս տարի եւս ունինք մտահոգութիւններ եւ մարտահրաւէրներ,  սակայն ինչպէս անցնող  տարի կարելի եղաւ յաղթահարել այդ բոլորը  եւ քաղել դրական արդիւնքներ, նոյնը պիտի ըլլայ այս տարեշրջանին, քանի որ յոյսի աղբիւրն ու ապաւէնը Քրիստոս է:

Պատուելի Թրաշեան իր պատգամը սկսաւ կարդալով` Առակաց գիրքի առաջին գլուխի մէկէն  եօթը համարները, որոնք Աստուածաշունչի այն տողերն են, զորս մեր թարգմանիչները  ընտրեցին իբրեւ առաջին թարգմանուած խօսք` «Իմաստութիւնն ու խրատը գիտնալու համար, հանճարին խօսքերը հասկնալու համար», (Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ): Այս գլուխին եօթներորդ համարը կ՛ամբողջանայ` «Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջը վախն է» տողով: Պատուելի Թրաշեան ըսաւ, որ  հայոց աշխարհը լուսաւորուեցաւ թարգմանութիւններուն ճամբով, շնորհիւ Աստուածաշունչին, աւելցնելով, որ այժմ մենք այս պաշտամունքը կը կատարենք հայերէնով, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ խօսքին ճշմարտութիւնները կը փոխանցենք հայերէնով, քանի որ տասնհինգ դարեր առաջ  թարգմանիչներ, առաջնորդուած ու լեցուած Սուրբ Հոգիով թարգմանեցին այդ գանձը` Աստուծոյ խօսքը, զայն մատչելի դարձնելով իւրաքանչիւր հայի: Ան յայտնեց, որ այժմ քիչեր կը մտածեն, թէ դարերու ընթացքին ի՛նչ հոլովոյթներ ապրելով, ի՛նչ դժուարին ուղիներէ անցնելով մեր լեզուն, մեր հաւատքը հասան մեզի:

Ան շարունակեց` ըսելով, որ  շատեր նոյնիսկ չեն մտածեր, թէ գալիք օրերուն ի՛նչ ձեւով պէտք է պահենք մեր գանձերը` մեր լեզուն, Աւետարանը, հոգեւոր դաստիարակութիւնը, մեր կառոյցները` դպրոցները, որոնք հայերէնով հոգեւոր դաստիարակութիւն կը ջամբեն սերունդներուն: Ան ըսաւ. «Մեր թարգմանիչները Աւետարանի լոյսով ուզեցին մեր ժողովուրդին փոխանցել նաեւ բոլոր աշխարհի գիտութիւններն ու իմաստութիւնները», աւելցնելով, որ մեր նախնիները տասնհինգ դարեր առաջ իրենց կեանքը նուիրեցին Աստուծոյ խօսքի թարգմանութեան, եւ մենք այդ արժէքը իմանալով` պէտք է փառք տանք Աստուծոյ, եւ մենք ալ պէտք է ունենանք այդ նախանձախնդրութիւնը` Աստուծոյ խօսքը սերտելու, բացատրելու, մատչելի եւ հասանելի դարձնելու, եւ այսպիսով մենք զօրաւոր հիմեր դրած պիտի ըլլանք դպրոցին, եկեղեցիին, մեր ընտանիքի անդամներուն եւ բոլորին:

Պաշտամունքը աւարտեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետ. եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Հոկտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Ալիս Ներկիզեան Մանկամսուրի Աշխատակիցներու Վերապատրաստութեան Եւ Առաջին Օգնութեան Դասընթացքներ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?