Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թարգմանչաց Տօնը` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Յարկին Տակ

Հոկտեմբեր 24, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի կրթական իւրաքանչիւր օղակը իր ոճով նշեց Թարգմանչաց տօնը ու անդրադարձաւ անոր արժէքին:

Միջնակարգի եւ երկրորդականի Թարգմանչաց տօնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 12 հոկտեմբերին:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժ. դասարանի աշակերտուհի Կալի Աւագեանը, որ շեշտեց, թէ Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտը հայապահպանումի ու գոյատեւման համար անհրաժեշտ քայլ էր:

Ռուբէն Մարտիրոսեան, Շուշի Գոճայեան եւ Փերլա Լալէեան կարդացին Պ. Սեւակի «Այր մի Մաշտոց անուն» բանաստեղծութիւնը, ապա փաուըր փոյնթի միջոցով աշակերտները ծանօթացան հայ գիրերու գիւտի փուլերուն եւ թարգմանիչներուն:

Օրուան պատգամախօսն էր Վիգէն վրդ.  Տալգլըճեանը, որ վեր առաւ Մեսրոպ Մաշտոցի ու  թարգմանչաց սերունդի գործին կարեւորութիւնը հայ կեանքին մէջ:

Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանը, որ նշեց, թէ ձուլումի վտանգը միշտ ալ առկայ եղած է ժողովուրդներու ու յատկապէս հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, ու մեր նախահայրերը միշտ ալ միջոցներու դիմած են` մեր ազգը փրկելու ձուլումէ: Տնօրէնը հաստատեց, որ Մաշտոցն ու իր աշակերտները թարգմանական աշխատանքներ կատարելով` միաժամանակ հիմը դրած են հայ դպրոցին եւ ուրոյն գրականութիւն ու մշակոյթ ունենալու իրողութեան: Իր խօսքի աւարտին Զ. Ղազարեան աշակերտներուն պատգամեց տէր կանգնիլ մայրենի լեզուին, որ մանաւանդ սփիւռքի այլասերիչ պայմաններու մէջ ձուլումի դէմ ուժեղ պատնէշ կը հանդիսանայ:

Ուրբաթ, 13 հոկտեմբեր 2017-ին քոլեճի Դ. եւ Ե. դասարաններու աշակերտները թատրոնի մը ընդմէջէն ներկայացուցին օրուան պատգամը, որուն ընթացքին մէջընդմէջ իրագործուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր: Ձեռնարկի փոքրիկ հաղորդավարները` Արինա Կիւլեան եւ Սելին Պէրպէրեան երեւակայական համացանցային հաղորդակցութիւն մը ունեցան Մեսրոպ Մաշտոցին հետ. Զուգահեռ` Բ. եւ Գ. դասարաններէն աշակերտական խումբեր յաջորդաբար արտասանեցին «Վերամուտ» եւ «Գիրքը», իսկ Նաթել Հաւաթեան  ջութակի վրայ մեկնաբանեց «Շողեր» երաժշտական կտորը:

Գ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին «Մեսրոպ Մաշտոցին», Զ. դասարանէն  Մանէ Թորոյեան դաշնակի վրայ ներկայացուց «Կտոր մը երկինք» երաժշտական կտորէն հատուած մը, իսկ Դ. դասարանէն խումբ մը ասմունքեց «Մեր  լեզուն»:

Թատերականօրէն ներկայացուեցաւ հայ գիրերու գիւտի փուլը, ապա Ե. կարգի աշակերտները  յաջորդաբար ներկայացուցին այբուբենի նուիրուած երկու խմբերգ: Ապա տեսերիզի ցուցադրութեան ընդմէջէն աշակերտները աւելի մօտէն ծանօթացան հայ գիրերու գիւտի նախապատրաստող փուլերուն եւ թարգմանչաց սերունդին:

Ձեռնարկը փակուեցաւ երեւակայական համացանցային հաղորդակցութեան միջոցով փոխանցուած Մեսրոպ Մաշտոցի խօսքով, որ աշակերտներուն պատգամեց լաւ սորվիլ ու մաքուր պահել մայրենին,  հայերէնով հաղորդակցիլու իրար հետ եւ ընկերային ցանցերուն վրայ մի՛շտ գործածել հայերէն տառերը եւ հեռու մնալ լատինատառ հայերէն գրելու երեւոյթէն:

Ձեռնարկի աւարտին աշակերտներուն բաժնուեցաւ օրուան խորհուրդը ամփոփող պատկերազարդ թերթիկ մը:

Մանկապարտէզի փոքրիկները եւս անմասն չմնացին այս հպարտառիթ տօնէն: Անոնք իրենց անուններու սկզբնատառերը զարդարեցին ըստ իրենց տարիքի ընձեռած կարելիութիւններուն. մանկամսուրի աշակերտները իրենց մատիկներով ներկելով, բողբոջները ներկելով, կոկոնները փակցնելով, իսկ ծաղիկները հլուններով զարդարելով:

 

Նախորդը

Մեսրոպեանի Մէջ Սկսան Գործել Արուեստի Եւ Մարզանքի 20 Խմբակներ

Յաջորդը

Հոգեհանգիստ` Նարեկ Ա. Քհնյ. Շիրիքեանի Յիշատակին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?