Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դրական Եւ Ժխտական Մատնանշումներ` Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին Առիթով

Հոկտեմբեր 21, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովը գումարուած է արդէն Երեւանի մէջ, 18-20 սեպտեմբեր 2017-ին, շուրջ 1800 մասնակիցներով:

Բնականաբար, թէ՛ համաժողովէն առաջ, թէ՛ նաեւ համաժողովի գումարումէն ետք, բազմաթիւ հայորդիներ իրենց կարծիքն ու կեցուածքը յայտնեցին թէ՛ բանաւոր, եւ թէ՛ գրաւոր կերպով` յօդուածներ գրելով կամ արձանագրութիւններ կատարելով ընկերային ցանցերուն վրայ:

Այս քննարկումներն ու կարծիքներու փոխանակումը պէտք է միայն ողջունել: Այս արտայայտութիւնները կենդանութեան, հետաքրքրութեան, հայրենասիրութեան եւ առողջ մտածողութեան նշաններ են: Անոնց պէտք է մօտենալ ամենայն բծախնդրութեամբ` առանց վշտանալու նոյնիսկ շատերու ծայրայեղ գնահատականներէն:

Առաջին անգամ ըլլալով` ես ալ հրաւէր ստացայ  Հայաստանի սփիւռքի նախարարութենէն այս  համաժողովին մասնակցելու համար:

Քանի մը տարի առաջ Հայաստանի մէջ բազմամարդ ժողովի մը մասնակցելու նախկին փորձառութիւնս դառն եղած  էր: «Հայ ակրոֆորում պիզնես»-ը օրին համախմբած էր աշխարհի չորս կողմերէն հայ գիւղատնտեսներ` քննելու համար Հայաստանի գիւղատնտեսութեան իրավիճակը: Դժբախտաբար, սակայն, համաժողովը եղած էր ձեւական, եւ ժողովին բանաձեւը պատրաստուած էր նախքան ժողովի գումարումը… Յուսախաբ վերադարձած էի համաժողովէն:

Հակառակ այս դառն փորձառութեան` որոշեցի մասնակցիլ Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովին:

Մասնակցութիւնս  օգտակար փորձառութիւն մը եղաւ ինծի համար:

Հիմա կ՛ուզեմ ընթերցողներուն հետ բաժնեկցիլ այս փորձառութիւնը եւ մատնանշել կարգ մը   դրական եւ ժխտական երեւոյթներ, որոնք նկատելի էին Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովի ընթացքին:

Դրական էր այսպիսի համաժողովի մը կազմակերպումը քանի մը պատճառներով.

Ա.- Այս համաժողովը կը համախմբէր հայութեան գրեթէ բոլոր հատուածներուն ներկայացուցիչները: Հայութեան համախմբումը, ի՛նչ առիթով ալ ըլլայ, միշտ դրական երեւոյթ է հայութեան համար: Նաեւ լաւ առիթ է մեր թշնամիներուն պատգամներ հասցնելու համար:

Բ.- Պէտք է գնահատել համաժողովին մասնակիցներու բարձր համեմատութիւնը, եթէ նկատի ունենանք, որ 2200 հրաւիրեալներէն 1800-ը ընդառաջած էին հրաւէրին:

Գ.- Տպաւորիչ էր ժողովին համար նկատի առնուած բնաբանը` «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն», որոնց այնքան կարիք ունի մեր ժողովուրդը:

Դ.- Խելացի կերպով պատրաստուած էր  համաժողովին օրակարգը` «Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրներ», «Հայաստանի պաշտպանական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները ժամանակակից մարտահրաւէրների պայմաններում», «Արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ» եւ «Հայապահպանութեան հիմնախնդիրներ»: Չորս հիմնական օրակարգի գլուխներուն տակ ներառուած էին հայութիւնը յուզող գրեթէ բոլոր հարցերը:

Ե.- Բացի պաշտօնական խօսքերէն` նախագահներուն, կաթողիկոսներուն, վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին եւ կարգ մը նախարարներու, առանձին նիւթերու մասին զեկուցումներով հանդէս եկան շուրջ 100 մասնագէտներ:

Զ.- Պէտք է արձանագրել, որ սփիւռքի նախարարութիւնը մեծ ջանք թափած էր այս համաժողովը լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու համար: Վերջապէս, զիրար ճանչնալու ու մանաւանդ զիրար հասկնալու լաւ առիթ էր այս համաժողովը:

Է.- Ողջունելի էր նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան (յառաջիկայ տարի) 100-ամեակին եւ քաղաքամայր Երեւանի 2800-ամեակին համար նախատեսուած  տօնակատարութիւններու ծրագիրներու ներկայացումը: Շատ օգտակար էր նաեւ իւրաքանչիւր մասնակիցի փոքր գրքոյկի մը տրամադրումը, որ կը ներկայացնէր 5-րդ համաժողովին (2014) եղած գլխաւոր առաջարկներն ու իրագործուած կէտերը, որոնք կ՛ապացուցէին, որ այս համաժողովները բաւական դրական  փոփոխութիւններու պատճառ հանդիսացած են, եւ ժողովներ չեն` միայն ժողովներ գումարելու սիրոյն:

Անշուշտ այս բոլորը դրական եւ քաջալերական երեւոյթներ են:

Չկայի՞ն թերութիւններ եւ բացթողումներ, բնականաբար կային:

Հիմնական բացթողումներ կարելի է նկատել.

Ա.- Բացման հանդիսաւոր նիստին, որուն ընթացքին խօսք առին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց նախագահներն ու զոյգ կաթողիկոսները, քոյր համայնքներուն եւ հայ ազգային կուսակցութեանց ներկայացուցիչները խօսք չունէին:

Բ.- Երիտասարդ ներկայացուցիչներու թիւի պակասը (մասնակիցներուն մեծամասնութեան տարիքը 50 տարեկանէն վեր էր):

Գ.- Շատ մը զեկուցումներու ջնջումը վերջին վայրկեանին (երեւակայել, որ մարդիկ տուն, տեղ ու գործ ձգած եւ զեկուցում պատրաստած` եկած էին համաժողովին իրենց կարծիքը յայտնելու):

Դ.- Համաժողովի մասին տարուած քարոզչական սխալ շեշտաւորումը, որ անուղղակիօրէն  պատճառ կը հանդիսանար, որ մեր ժողովուրդը  մեծ յոյսեր կապէ այս համաժողովին:

Ե.- Կային նաեւ այլ գործնական դժուարութիւններ, ինչպէս` նոյն ատեն գումարուող  չորս նիստերու առկայութիւնը չորս տարբեր սրահներու մէջ: Մասնակցողը եթէ ուզէր իսկ, չէր կրնար մասնակցիլ տարբեր նիստերու նոյն ատեն:

Զ.- Համաժողովին մասնակցողներուն մեծ թիւը,որ գործնականօրէն անկարելի կը դարձնէր հարցերու քննարկումը:

Է.- Ժամանակի սղութիւնը. երեք օրերու ընթացքին պիտի գումարուէին (բացի պաշտօնական ելոյթներէն) երեք լիագումար եւ բազմաթիւ կողմնակի  նիստեր:

Եթէ փորձենք գնահատական տալ այս համաժողովին, ի՛նչ ալ ըսենք, ճշգրիտ պիտի չըլլայ պարզ այն պատճառով, որ իւրաքանչիւր հայ արդարօրէն տարբեր անկիւնէ կրնայ դիտել այս համաժողովը` տարբեր ակնկալութիւններով:

Կարելի է սակայն կարգ մը ընդհանուր հաստատումներ կատարել եւ առաջարկներ  ներկայացնել յառաջիկայ համաժողովներուն համար:

Ա.- Համահայկական ժողովները, որոնք կը գումարուին 3 տարին անգամ մը, օգտակար  են: Հայ ժողովուրդին ուժը իր միասնութեան մէջ է, եւ այդ միասնութիւնը պէտք է պահպանուի բոլոր բնագաւառներէն ներս: Հետեւաբար երբեք պէտք չէ շուքի մէջ մնան քոյր համայնքներն ու հայ ազգային կուսակցութիւնները:

Բ.- Այս համաժողովները պէտք է ներկայացուին որպէս խորհրդակցական ժողովներ, որովհետեւ անոնք գործող մարմին չեն: Այս ժողովները պէտք է ծառայեն խորհրդակցելու` հայութեան ամէն տեսակի դժուարութեանց մասին: Հետեւաբար աւելի ճշգրիտ է «խորհրդակցական» բնորոշումին օգտագործումը: Այսպիսի խորհրդակցական ժողովներէն բնականաբար համեստ կ՛ըլլան նաեւ  մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնները:

Գ.- Սփիւռք-Հայաստան անուանումը արհեստական բաժանումի, կամ երկու կողմերու տպաւորութիւն կը ձգէ: Աւելի շինիչ կրնայ ըլլալ Համահայկական  անուանումը, որուն մէջ մէկ կողմ կայ միայն` հայ ժողովուրդը:

Դ.- Նկատի ունենալով, որ այս համաժողովները կը կազմակերպուին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ եւ ունին համահայկական բնոյթ, յառաջիկային անհրաժեշտ է սփիւռքի կազմակերպութիւններու գործօն մասնակցութիւնը համաժողովի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ, ինչ որ մեծապէս կը դիւրացնէ համաժողովներու կազմակերպական գործը:

Ե.- Յառաջիկայ համաժողովներուն անպայման ճիգ պէտք է թափել, որպէսզի ժողովի մասնակիցներուն մէջ երիտասարդները մեծ թիւ  կազմեն: Բաւական հսկայ թիւ մը կայ երիտասարդ մասնագէտներու, որոնց ներկայութիւնը այսպիսի համաժողովներուն անհրաժեշտութիւն է: Պէտք չէ մտահան ընել նաեւ այն իրողութիւնը, որ երիտասարդները ի վիճակի են մեծ պատասխանատւութիւն վերցնելու (կարգ մը յառաջադէմ երկիրներու վարչապետներն ու նախարարները  40-էն վար են տարիքով…):

Զ.- Յառաջիկայ համաժողովներուն անհրաժեշտ է ժողովներու գումարման  հետ առնչուող  դժուարութիւններուն լուծում գտնել,  որ բաւականին դժուար է` նկատի ունենալով ժողովականներուն մեծ թիւը եւ ժամանակի սղութիւնը:

Դժբախտաբար այս համաժողովին ես ալ  խօսք չունեցայ. անունս խօսքէ զրկուածներու ցանկին մէջ էր:

Հետեւաբար հարկադրուած եմ չարտասանուած խօսքս մամուլով ներկայացնելու: Շուտով:

Կ՛ուզեմ նաեւ իմ համոզումս յայտնել ընդհանրապէս ժողովներու մասին: Ժողովներու ընթացքին արտայայտուած որեւէ լաւ գաղափար կը նմանի ոսկեդրամի, որ եթէ ինկած է որեւէ ճամբու վրայ, անպայման մէկը կը նկատէ զայն ու կը վերցնէ:

25 սեպտեմբեր 2017                
Երեւան

Նախորդը

«Բո՛ւն Տղան» (Տէր Մարտիրոս Պէրպէրեանի Վաղահաս Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

Շահեկան Կամրջում. Վերականգնում

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?