Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իւրայատուկ Ուսուցչուհին, Որ Փոխեց Կեանքս

Հոկտեմբեր 23, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Ես կը փափաքիմ այս յօդուածը նուիրել անցեալ ամիս իր մահկանացուն կնքած դպրոցական տարիներու սիրելի ուսուցչուհիիս` Օլիվիա Պալեանին, որ իր ազնիւ քայլով փոխեց իմ կեանքը:

1968 թուականն էր: Ես կը յաճախէի Պէյրութի Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանը:

Երբ եկաւ ժամանակը արձանագրուելու` որպէս 10-րդ դասարանի աշակերտ, ես գացի տնօրէնին գրասենեակը եւ ըսի, որ ծնողներս ի վիճակի չեն վճարելու իմ կրթաթոշակը: Թէեւ մեր դասարանին առաջնակարգ աշակերտը ես էի, սակայն զիս տուն ուղարկեցին` վճարել չկարենալուս պատճառով… Ասիկա շատ ցաւալի պատահար էր այդ տարիքին, որովհետեւ կը սիրէի դպրոցը եւ ամբողջ էութեամբ կը փափաքէի շարունակել ուսումս:

Եկայ տուն եւ օրս անցուցի հօրս անիւի վերանորոգման արհեստանոցին մէջ, ուր ան իր վաստակով հազիւ կրնար վճարել եղբօրս եւ քրոջս կրթաթոշակները: Ռամկավար կուսակցութեան ծեր եւ յարգուած անդամ մը զիս տեսնելով արհեստանոցը` զարմացաւ, թէ ինչո՛ւ դպրոց չեմ գացած, իսկ եղելութիւնը իմանալէ ետք առաջարկեց օգնել ինծի` հեռաձայնելով ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնին եւ անկէ խնդրեց, որ զիս արձանագրէ անվճար: Թէեւ դպրոցը հեռու էր մեր տունէն, սակայն չէի կրնար անտեսել ուսումս շարունակելու իմաստով ներկայացուած հնարաւորութիւնը: Փոխադրակառք նստայ եւ գացի տնօրէնին մօտ, Պէյրութի կեդրոնը: Ամչնալէս ոչ թէ ըսի, որ ես յոյս ունիմ անվճար կրթութիւն ստանալ, այլ ըսի, որ ինծի համար համաձայնութիւն կայացած է, որ ես ուսանիմ զեղչուած գինով: Մնացի ապշած, երբ տնօրէնը պոռաց վրաս, թէ զեղչի մասին խօսք կարելի չէ ընել, նման բան չկայ:

Ես անմիջապէս դարձայ եւ վազեցի հօրս արհեստանոցը…

Երրորդ օրը Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի իմ դասընկերներէս մէկը եկաւ հօրս արհեստանոցը եւ ըսաւ, որ տնօրէնը զինք ուղարկած է ետեւէս, որպէսզի վերադառնամ դպրոց եւ արձանագրուիմ: Երբ գացի դպրոց, քարտուղարին յայտնեցի, որ չեմ կրնար վճարել կրթաթոշակս:

Ան տեղեկացուց, որ կրթաթոշակս ամբողջութեամբ վճարուած է, եւ որ` կրնամ միանալ դասընկերներուս: Խնդրեցի, որ ըսէր ինծի, թէ ո՛վ վճարած է կրթաթոշակս, որպէսզի շնորհակալութիւն յայտնեմ այդ հրաշալի անձնաւորութեան, սակայն ան ըսաւ, որ բարերարը կ՛ուզէ անանուն մնալ…

Ուստի, մտայ դասարան, սակայն շարունակեցի հետաքրքրուիլ, թէ ո՛վ էր այն անձը, կամ ո՛րն էր այն կազմակերպութիւնը, որ ինծի հիանալի հնարաւորութիւն ընձեռած էր շարունակելու ուսումս:

Դասերէն ետք գացի տնօրէնին գրասենեակը եւ կրկին խնդրեցի քարտուղարէն` բացայայտել բարերարին անունը: Տեղի տալով պնդումներուս, ան դժկամութեամբ տեղեկացուց, որ բարերարս ոչ այլ ոք էր, քան իմ անգլերէնի ուսուցչուհին` Օլիվիա Պալեանը, սակայն` մէկ պայմանով, որ ես պէտք չէ շնորհակալութիւն յայտնեմ անոր եւ վտանգի տակ դնեմ քարտուղարը, զոր կրնային հեռացնել գործէն` գաղտնիքը բացայայտելուն համար: Խոստացայ, որ այդ մասին չեմ խօսիր ուսուցչուհիիս հետ: Քարտուղարը նաեւ պատմեց, որ երբ սկսեր է ուսումնական տարին, եւ ուսուցչուհին նկատելով, որ նստարանս դատարկ է, հարցուցեր է, թէ ինչո՛ւ դպրոցը չեմ, անոր պատասխաներ են, որ ծնողներս չեն կրնար կրթաթոշակս վճարել: Այնուհետեւ ան դիմեր է տնօրէնին, որ իր ամսականէն զեղչեն իմ կրթաթոշակը…

Ամբողջ տարին ես նստած էի օրիորդ Պալեանի դասարանը եւ կը մտածէի անոր վեհանձն քայլին մասին, սակայն չէի կրնար երախտագիտութիւնս յայտնել: Մէկ տարի անց ես մեկնեցայ Միացեալ Նահանգներ եւ հետագայ տարիներուն երկու մագիստրոսի աստիճան ստացայ, մէկը` միջազգային յարաբերութիւններու` Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» համալսարանէն, իսկ միւսը` գործարար կառավարման` Լոս Անճելըսի «Փեփերտայն» համալսարանէն:

Սակայն ես երբեք չմոռցայ օրիորդ Պալեանի բարութիւնն ու առատաձեռնութիւնը, որ ան իմ կրթաթոշակը վճարած էր իր չնչին ամսականէն: Գրեթէ 40 տարի անց, առաջին անգամ ըլլալով վերադարձայ Պէյրութ` Քըրք Քըրքորեանի «Լինսի» հիմնադրամէն 4,5 միլիոն տոլար գումարը Լիբանանի մէջ գործող բոլոր 28 հայկական դպրոցներուն տալու համար: Այցելած դպրոցներուս շարքին էր նաեւ իմ երկրորդական վարժարանը: Տնօրէնին յանձնելով քանի մը հարիւր հազար տոլարի գումարը, անոր խորհուրդ տուի` երբեք ոեւէ աշակերտ դուրս չձգել դրամի չգոյութեան պատճառով, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ, թէ այդ ուսանողը ո՞վ կրնայ ըլլալ ապագային, եթէ շարունակէ ուսումը: Ան կրնայ փայլուն բժիշկ, լաւ դիւանագէտ, դպրոցի տնօրէն, եկեղեցական առաջնորդ կամ, ի վերջոյ, մէկը ըլլալ, որ կ՛աշխատի միլիառատէր բարերարի մը համար, որ մեծ նուիրատուութիւն կ՛ընէ դպրոցին…

Լիբանան գտնուելով` շատ կ՛ուզէի տեսնել օրիորդ Պալեանը եւ տարիներ ետք շնորհակալութիւն յայտնել իրեն: Ան արդէն երկար ժամանակէ ի վեր չէր դասաւանդեր եւ կ՛ապրէր Պէյրութէն դուրս: Համաձայնեցայ իմ նախկին դասընկերներուս եւ Լիբանանի առաջնորդին հետ, որ զիս տանին ուսուցչուհիիս մօտ: Ան շատ յուզուեցաւ զիս տեսնելով: Մեր հանդիպումը շատ ջերմ անցաւ: Գտնուելով ուսուցչուհիիս կողքին` ես վերջապէս կրցայ շնորհակալութիւն յայտնել, սակայն ան չէր ուզեր լսել այդ մասին եւ համեստօրէն փոխեց նիւթը: Առաջարկեցի որեւէ ձեւով օգտակար ըլլալ իրեն, ներառեալ ֆինանսական օգնութիւն կամ համայնքին կողմէ յատուկ ճանաչում` տասնամեակներ շարունակ հայ երիտասարդները կրթելուն համար, սակայն ան հրաժարեցաւ բոլոր առաջարկներէս:

Ուսուցչուհիիս բնակարանէն հեռացայ մեծ բաւարարուածութեամբ, քանի որ այսքան տարիներ ետք, վերջապէս յաջողած էի երախտագիտութիւնս յայտնել իր առատաձեռնութեան համար…

Թէեւ այս յօդուածը Օլիվիա Պալեանի մասին է, սակայն անիկա նաեւ վկայութիւն մըն է այն մասին, որ մարդ մը կրնայ փոխել ուրիշներու կեանքը: Այդ ժամանակ, առանց օգնութեանը ուսուցչուհիիս, որ նաեւ բացառիկ հնարաւորութիւն տուաւ անգլերէն սորվելու, ես հաւանաբար երբեք չէի մեկներ Միացեալ Նահանգներ եւ չէի դառնար «Քալիֆորնիա Քուրիըր» անգլերէն թերթի հրատարակիչը: Հաւանաբար կեանքիս մնացած մասը կ՛անցընէի Պէյրութ, հօրս արհեստանոցին մէջ անիւներ նորոգելով…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Հիւանդին Խնամք» Նիւթով

Յաջորդը

Լիբանանահայ Տնտեսագէտ Մկրտիչ Պուլտուքեան Մակագրեց Իր Նոր Գիրքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?