Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քուէյթ Գինեձօն-Շնորհահանդէս` «Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» Հրատարակութեան Ուրբաթ, 20 հոկտեմբեր 2017-ին Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, կատարուեցաւ Ս. պատարագ, որուն յաջորդեց «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» գիրքին գինեձօնի արարողութիւնը, եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Այս հրատարակութիւնը իրականութիւն դարձուցած է Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութիւնը, որ կը գործէ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի տնօրինութեամբ: Բացման խօսքը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արտակ...



















