ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Սառուցեալ գօտիէն միայն մօտ 16 հազար քմ հարաւ` Հոլանտան իբրեւ ազգային տնտեսական քաղաքականութիւն, շուրջ 20 տարիներ առաջ, հակառակ իր ցուրտ ու անարեւ, ամպոտ կլիմային, որոշած եւ ծրագրած էր դառնալ երկրագործական երկիր, եւ այժմ ան աշխարհի սննդամթերք արտածող մեծագոյն երկիրներէն է` գրաւելով ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԴԻՐՔԸ:
«Նեշընըլ Ճէօկրաֆիք Մակազին»-ի սեպտեմբեր 2017-ի թիւին մէջ լոյս տեսած Ֆրանք Վիվիանոյի վերոնշեալ խորագիրով յօդուածը կը վերաբերի Հոլանտայի յառաջադէմ` գերարդիական գիւղատնտեսութեան բնագաւառին (1):
Հոլանտայի թագաւորութեան տարածքը կը կազմէ 41 հազար 541 քառ. քմ (Հայաստան` 28 հազար 743 քառ. քմ) եւ կը գտնուի հիւսիսային 50օ 41՛-էն 53օ 45՛ արեւադարձային լայնութեան միջեւ (Հայաստանը աւելի հարաւ` 38օ 47՛-էն 41օ 14՛-ի միջեւ): Յատկանշական է, որ Հոլանտան տարեկան միա՛յն 1562 ժամ անամպ արեւ կը վայելէ (2) (Հայաստանը` 2700 ժամ (3)): Թարգմանաբար կը ներկայացնեմ այս շահեկան յօդուածը` օրինակ քաղելու մտադրութեամբ եւ «Հայաստանը երկրագործակա՞ն, ճարտարարուեստակա՞ն, թէ՞ այլ բնագաւառի երկիր» յօդուածիս իբրեւ տրամաբանական շարունակութիւն (4):

կազմած շտեմարանին մէջ կը խաղան

ջերմոցները
«Հոլանտա-Պելճիքա սահմանին մօտ, իր գետնախնձորի արտին մէջ, հոլանտացի մշակ Ճէյքոպ վան տեն Պոռն նստած է հսկայական հնձող մեքենայի մը վարորդի խցիկին մէջ, որուն կառավարման համակարգը համազօր է տիեզերանաւ «Էնթըրփրայզին»:
Գետնէն երեք մեթր բարձր դիրքէն ան կը կառավարէ` երկու անօդաչու թռչող սարքեր, առանց վարորդի թրաքթոր մը եւ քառաթեւ փոքր ուղղաթիռ մը, որ կը հայթայթէ մանրամասն տուեալներ` հողի քիմիական բաղադրութեան, ջուրի պարունակութեան, պարարտացուցիչներուն եւ աճման` չափելով իւրաքանչիւր տունկի, նո՛յնիսկ գետնախնձորի վիճակը: Վան տեն Պոռնի արտադրութեան քանակը կը վկայէ հզօրութիւնը` իբրեւ «ՃՇԳՐԻՏ ՀՈՂԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ*» ճանչցուած գիտութեան: Համաշխարհային հողագործութեան տուեալներով, միջին հաշուով, 4000 քառ. մեթր տարածութեամբ հողին գետնախնձորի բերքը շուրջ 9 թոն է: Վան տեն Պոռնի բերքը կը գերազանցէ 20 թոնը:
Այս բացառիկ արդիւնքը աւելի ուշագրաւ կը դարձնէ հաշուեկշիռին միւս կողմը` մուտքերը, եկամուտը: Շուրջ քսան տարի առաջ հոլանտացիները ազգային յանձնառութեամբ որդեգրեցին կայուն ու յարաճուն հողագործութիւն` «Կրկնապատիկ սննդամթերք` օգտագործելով միջոցներուն կէսը» կարգախօսով:
2000-էն սկսեալ Վան տեն Պոռն եւ իրեն նման շատ մը հողագործներ մինչեւ 90 տոկոս նուազեցուցած են գլխաւոր բերքերուն ջուրի գործածութիւնը: Անոնք գրեթէ բոլորովին վերացուցած են քիմիական միջատասպան նիւթերու գործածութիւնը ջերմոցներուն մէջ, եւ 2009-էն ի վեր թռչնազգիներու եւ արջառի արտադրութեան համար 60 տոկոսով նուազեցուցած են մանրէասպան դեղերու գործածութիւնը:


Սքանչանալու պատճառ մըն է նաեւ այն, որ Հոլանտան խիտ բնակչութեամբ փոքր երկիր է` 500 բնակիչ մէկ քառ. քմ-ի մէջ (Հայաստան` 100- Յ. Չ.): Հետեւաբար, դասական ըմբռնումով, զրկուած է մեծածաւալ հողագործութեան գրեթէ բոլոր կարելիութիւններէն: Սակայն ան Միացեալ Նահանգներէն ետք, որուն տարածութիւնը 270 անգամ աւելի մեծ է եւ արժէքային (տոլար)* չափանիշով աշխարհի երկրորդ սննդամթերք արտածող երկիրն է: Ինչպէ՞ս յաջողած են հոլանտացիները:
Օդէն դիտուած` Հոլանտան չի նմանիր գլխաւոր սննդամթերք արտադրող երկիրներուն: Բազմաբեկոր, կարկտան վերմակի նման, մեծապէս մշակուած դաշտերու խճանկար մըն է, մեծ մասը, հողագործութեան տնտեսական չափանիշով, փոքր, ընդհատուած` խճողուած քաղաքներով եւ արուարձաններով: Երկրին գլխաւոր երկրագործական շրջաններուն մէջ գրեթէ չկան գետնախնձորի արտեր, ջերմոցներ, խոզաբուծութեան ագարակներ, որոնք երկնաքերներու, արտադրողական գործարաններու եւ արուարձաններու մերձակայքը չըլլան: Երկրի տարածութեան կէսէն աւելին յատկացուած է հողագործութեան եւ բանջարանոցներու, որոնց 80 տոկոսը` ջերմոցներու մէջ:
Ինչ որ կը թուի ըլլալ հսկայական հայելիներ, տարածուած` երկրի լայնքին ու երկայնքին, փայլատակելով, երբ արեւը կ՛երեւի եւ ներքին լուսաւորութեան ահարկու ցոլափայլքով` մայրամուտէն ետք: Անոնք Հոլանտայի արտասովոր ջերմոցներու համալիրներն են, որոնցմէ մեծ թիւ մը կը տարածուի 708 հազար քառ. մեթրի վրայ:
Այս կառավարուած կլիմայով ագարակ-ջերմոցները, Սառուցեալ գօտիէն հազիւ 16 հազար քմ հարաւ, երկիրը վերածած են բարեխառն կլիմայի յատուկ պտուղ` լոլիկ արտածող թիւ մէկ երկիրին, ինչպէս նաեւ` գետնախնձորի եւ սոխի, իսկ արժէքային չափանիշով (տոլար)* երկրորդը` բանջարեղէններու: Բանջարեղէններու հունտերու համաշխարհային առեւտուրին մէկ երրորդին արտադրողն է Հոլանտան:
Հաւու պահանջը աւելնալով` հոլանտական ձեռնարկութիւններ նորարարութիւններ զարգացուցած են առաւելագոյնի հասցնելու համար թռչնազգիներու արտադրութիւնը` ապահովելով մարդկային պայմաններ: Վերի նկարը արդիական հաւաբուծարան է, յատուկ` մինչեւ 150 հազար հաւի, սկսելով թուխսէն, մինչեւ արդիւնք:


Այս յաջողութեան ետին կանգնող «ուղեղը» կը կեդրոնանայ Ամսթերտամէն 80 քմ հարաւ-արեւմուտք գտնուող Վակենինկեն համալսարանի եւ Հետազօտութիւն` ՎՀՀ (WUR)-ի մէջ: Լայնօրէն ճանչցուած իբրեւ աշխարհի ամենակարեւոր հողագործութեան հետազօտութեան կեդրոնը` ՎՀՀ-ն հանգուցային կեդրոնն է «Սնունդի Հովիտին»` լայնատարած խումբ մը հողագործութեան յատուկ արհեստագիտութեան սկսնակ-փորձառական ագարակներու: Անունը դիտումնաւոր նմանակ-ակնարկութիւն է Քալիֆորնիոյ «Սիլիքոն Հովիտ»-ին` մրցելով Սթանֆորտ համալսարանի եւ անոր հռչակաւոր ուսում եւ ձեռնարկատիրութիւն միաձուլման հռչակին:
ՎՀՀ- ի Բուսական գիտութիւններու խումբի գործադիր տնօրէն` Էռնըսթ Վան տեն Էնտէն ներկայացուց «Սնունդի Հովիտ»-ի բաղադրեալ մօտեցումը: Համեստ ու պարզ` յայտնի գիտնականը բոյսի ախտաճանաչման աշխարհահռչակ հեղինակութիւն է: Բայց ան կ՛ըսէ. «Ես պարզապէս կաճառի վարիչը չեմ: Կէսս կը գործէ իբրեւ բոյսերու գիտութիւններու բաժնի վարիչ, իսկ միւս կէսս կը վերահսկէ ինը առանձին առեւտրական միաւորներ, որոնք ներգրաւուած են առեւտրական պայմանագրային հետազօտութիւններու մէջ: Միայն գիտական եւ շուկայական մղումին խառնուրդն է, որ կրնայ յաղթահարել ապագայի մարտահրաւէրները»: Իսկ մարտահրաւէ՞րը. մարգարէական յայտնութեան նման կանխատեսումով կ՛ըսէ. «Երկրագունդը ապագայի չորս տասնամեակներուն պէտք է արտադրէ աւելի սննդամթերք, քան բոլոր հողագործները հնձած են անցնող 8 հազար տարիներուն»: Քանի որ 2050-ին աշխարհի բնակչութեան թիւը պիտի հասնի 10 միլիառի` աճելով այժմու 7,5 միլիառէն: Եթէ սննդամթերքի հսկայական արտադրութիւն չիրականանայ, միատեղ նուազեցնելով ջուրի եւ հանածոյ վառելանիւթի գործածութիւնը` մէկ միլիառ, կամ աւելի ժողովուրդ սովամահ կրնան դառնալ:
Անօթութիւնը կրնայ ըլլալ 21-րդ դարու ամէնէն հրատապ խնդիրը, եւ «Սնունդի Հովիտին» մէջ տեսլական ունեցող աշխատողները կը կարծեն, որ գտած են նորարարական լուծումներ, որով կարելի է սովին առաջքը առնել կը շեշտէ Վան տեն Էնտէն: Անոր լաւատեսութիւնը հիմնուած է աւելի քան 140 երկիրներու մէջ, աւելի քան հազար ՎՀՀ-ի նախագիծի դրական ազդեցութեան եւ 6 ցամաքամասերու պետական հաստատութիւններու եւ համալսարաններու հետ կատարուած համաձայնութիւններուն արդիւնք` նորարարութիւններու յաջող գործադրութեան վրայ:
Վան տեն Էնտէնի հետ զրոյցը մտածումներու հեղեղի պտոյտ մըն է` հիմնուած վիճակագրութիւններու եւ կանխատեսումներու վրայ: Ափրիկեան երա՞շտ` «Ջուրը հիմնական խնդիրը չէ, այլ` վատորակ հողը», կ՛ըսէ ան: «Սնուցիչներու բացակայութիւնը կարելի է փոխարինել բոյսերու մշակմամբ, որոնք կը գործեն հոմակենսութեամբ* որոշ մանրէներու հետ, որոնք պարարտանիւթ կ՛արտադրեն»: Անասունները կերակրելու անասնակերի բարձրացող գի՞նը` «Փոխարէնը զանոնք մարախով կերակրեցէք», կ՛ըսէ ան: 10 հազար քառ. մեթր հողը կրնայ տարեկան մէկ թոն անասունի կեր, սոյայի սպիտ փրոթէին արտադրել: Նոյն հողը կրնայ 150 թոն միջատներու սպիտ արտադրել:
Զրոյցը կը հասնի լուսարձակ ուղարկիչներու` ԼՈ (LED)* լուսաւորումի գործածութեան, որ կարելի կը դարձնէ 24 ժամ տեւողութեամբ մշակել` ճշգրիտ կլիմայով կառավարուող ջերմոցներուն մէջ: Այնուհետեւ, շեղելով նիւթէն, կ՛անդրադառնայ այն սխալ ըմբռնումին, որ կայուն, յարաճուն գիւղատնտեսութիւն` կը նշանակէ նուազագոյն մարդկային միջամտութիւն բնութեան մէջ: «Նայէցէ՛ք Պալի կղզիին,- կը բացագանչէ ան: -Առնուազն հազար տարի հողագործները բադեր եւ ձուկեր կը բուծանեն նոյն ողողուած աւազաններուն մէջ, ուր բրինձ կը մշակեն: Սա ամբողջովին ինքնուրոյն պարէնային համակարգ է, ոռոգուած` մարդու ձեռքերով լերան լանջին քանդակուած բարդ ջրանցքներով: Ահա՛ յարաճուն կայունութեան օրինակը»:
5 հոկտեմբեր 2017
(Շար. 1)
——————————
1.- Թարգմանութեան ճշգրտութեան համար օգտագործուած են «Նայիրի» կայքէջի բառարանները:
2.- *Կարգ մը շեշտադրումներ իմ կողմէս:
3.- LED= Light Emitting Diode = Լոյս արձակող ուղարկիչ` Լուսարձակ Ուղարկիչ:
4.- Հոմակենսութիւն = symbiosis
(1) ( http://www.nationalgeographic.com/magazine/2017/09/holland-agriculture-sustainable-farming/ )
(2) ( http://www.amsterdam.climatemps.com/sunlight.php )