14 Հոկտեմբեր 2017-ին մեկնարկեցին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի արուեստի եւ մարզանքի խմբակներուն աշխատանքները: Այս տարեշրջանին պիտի գործեն 20 խումբեր` արուեստներու եւ մարմնամարզի տարբեր ուղղութիւններով, ինչպէս` պասքեթպոլ, ֆութպոլ, քունկ ֆու, ճատրակ, պարախումբեր (փոքրեր եւ մեծեր), թատրոն, գեղանկարչութիւն, պատկերապատում, տուտուկ, տհոլ, մարմնակրթութիւն եւ պարի երեք տեսակներ` մանկական զումպա, պալէ եւ լատինական:
Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը սոյն ծրագիրը կը գործադրէ` հաւատալով, որ արտադասարանային խումբերու աշխատանքները մեծապէս կը նպաստեն աշակերտներու հետաքրքրութիւններու կազմաւորման, բազմակողմանի զարգացման, ինչպէս նաեւ` կրթական յառաջադիմութեան: Ինչպէս միշտ, մարզամշակութային խումբերը հանրութեան համար պիտի ներկայացնեն եզրափակիչ հանդիսութիւն, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարուան կիսուն: