ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊՈՇՆԱԳԵԱՆ
Յիսուներեք տարիներ առաջ, երկու իրարու անծանօթ մանուկ տղաք, առաջին անգամ ըլլալով մտան դպրոց: Առաջին օրէն նստան քով-քովի. անվերջ խնդացին. կատաղած խաղացին: Մանկապարտէզի բոլոր տարիներուն «բո՛ւն տղան» եւ «միւսը» մնացին քով-քովի` միշտ միասին:
Մանկապարտէզէն ետք «միւսը» դպրոցը փոխեց:
Ունեցան ուրիշ հրաշալի ընկերներ:
Տարիներ անց` տեսան զիրար:
Անխառն ժպտացին. ամուր ձեռնուեցան:
«Բո՛ւն տղան», հակառակ իր մտքի վերլուծական բարձր կարողութեան եւ ուսումնատենչ նկարագիրին, պատերազմի դժուար օրերուն ստիպուեցաւ նետուիլ շուկայ: Լիբանանեան դրամանիշի փոխանակման սակի ահաւոր անկումին պատճառով իր տնտեսական նախաձեռնութիւնը ունեցաւ անդարմանելի կորուստ, բայց ինք, առանց ընկրկելու կամ գանգատելու, ժպիտով դիմագրաւեց պատահածը: «Բո՛ւն տղուն» համար ընկրկումը եւ յուսալքումը այն հիւանդութիւններն էին, որոնց պատճառով կեանքը կը մաղէր հոգեպէս տկարները:
«Բո՛ւն տղան» մարմնացումն էր քաջութեան, յանդգնութեան, քիչ մը յամառութեան, արժանապատուութեան, հաւատքի, նուիրումի, բարութեան, լաւատեսութեան, պատասխանատուութեան գիտակցութեան, վայրագ ընկերասիրութեան:
«Բո՛ւն տղան» մաս կազմած էր ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին` նուագելով թրոմպոն: Մտաւ պետական երաժշտանոց` բարելաւելու իր կատարողական արուեստը: «Միւսը» արդէն իսկ երաժշտանոցն էր: Գիշեր լուսցնելով պատրաստեցին նախագիծ մը` կազմակերպելու պետական երաժշտանոցի հայ աշակերտութիւնը: Օր մը, երբ երաժշտանոցի խումբով ծով գացած էին, եւ քանի մը հոգի արեւէն նեղուելով շուք փնտռելու սկսան, «բո՛ւն տղան» յանկարծ անհետացաւ եւ շատ չանցած վերադարձաւ հսկայ հովանոցով մը` իր ծանր աղիւսէ «ոտքով» միասին: Ընկերները պաշտպանելու համար տեղահան ըրած էր գետին հաստատուած հովանոց մը, եւ թերեւս հարիւր քիլօ կշռող աղիւսը մէկ շունչով հասցուցած իր ընկերներուն` ափ ի բերան ձգելով շրջակայ ժողովուրդը: Երբ «միւսին» երաժշտանոցի աւարտական քննութեան օրը հասաւ, «բո՛ւն տղան» ամբողջ օրը մնաց անոր կողքին, պատրաստ` հարթելու բոլոր անակնկալները, խնայելով զինք երկրորդական տաղտուկներէ:
Շատ մը տղոց պէս, «բո՛ւն տղան» եւ «միւսը» որոշեցին հետեւիլ Հայ սեւ գօտիներու միութեան մարզումներուն:
«Բո՛ւն տղուն» ուժը եւ «միւսին» արագութիւնը զիրենք դարձուցին յարմարագոյն մարզընկերներ: Բայց երբ եկաւ ժամանակը, իր մարզընկերը ուսը առած, ծունկերը կէս ծռած յառաջանալու… հարցը բարդացաւ… «Բո՛ւն տղան» խումբին ամէնէն յաղթանդամն էր… ի տես` «միւսին» խղճալի կացութեան, տղաքը «լուծումներ» կ՛առաջարկէին. «ծօ մէկ միսով նստիր, ֆըթըխ ըրիր տղուն»… Ժամանակ մը վերջ կարգը եկաւ ուրիշ փորձի մը. պէտք էր ցատկել գետին պառկած խումբի տղոց մէկուն ստամոքսէն միւսը… «Բո՛ւն տղուն» ցատկելու կարգը չեկած, պառկողները կ՛անհետանային… մէկուն «գլուխը կը ցաւէր», միւսին «սիրտը կը խառնուէր»…
Փաղանգաւորներու հետ 1979-ի երեք օրուան պատերազմին, յանկարծ նետուեցաւ իր ընկերներուն դիրքը:
– «Ծօ դո՛ւն ուրկէ՞ բուսար: Պեթգոգոյէն ինչպէ՞ս հասար»:
Պատասխան. «Առանց ինծի՞ կը կռուիք կոր… ամչցէ՛ք… գետի՛ն նայեցէք նայիմ…»:
Այսպէս էր «բո՛ւն տղան»: Իր նուագած թրոմպոնին պէս ուղիղ, անմիջական եւ յստակ:
Կրկին բաժնուեցան: Նորէն այդ չար «միւսն» էր ճամբորդողը: Տարիներով չտեսնուեցան, բայց «բո՛ւն տղուն» համար հեռաւորութիւն, ժամանակ, պայման կամ օրէնք գոյութիւն չէին կրնար ունենալ ընկերներու միջեւ:
«Բո՛ւն տղան» ալ ճամբորդեց Մոսկուա: Հոն հիմնեց ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ: Հանդիպեցաւ նուրբ աղջկայ մը: Առաջին նայուածքէն ճանչցան զիրար: Ալ չբաժնուեցան: Ունեցան իրենց պէս ժպտուն, խիզախ Նուպարը:
Տարիներ անց կրկին տեսնուեցան: Այս անգամ առանձին չէին այլեւս… Երկու ընտանիքները առաջին հանդիպումով իսկ մտերմացան: Կիները նստեցան քով-քովի: Զաւակները սկսան անվերջ խնդալ, կատաղած խաղալ… Իրենք ժպտացին գոհունակ: «Միւսին» կրտսերը չկարենալով հնչել Նուպար անունը, «պապի, պապի, հաճիս, հաճիս, հաճի՜ս, ըսնոպարը հոս թող մնայ, հը՞ հը՞ հը՞…»: Դաւիթն ալ աշխարհ եկաւ եւ «բո՛ւն տղուն» աշխարհը ամբողջացաւ:
«Բո՛ւն տղուն» խորաթափանց միտքը պէտք ունէր փնտռելու, հասկնալու, գտնելու իրականը, ճիշդը… Տարինե՛ր պիտի կարդար, փնտռէր, հասկնար ու ծաւալէր իր ներաշխարհն ու անձնական աշխարհահայեացքը` վերջ ի վերջոյ յանգելով բացարձակ ստեղծողի մը գաղափարին:
Դարձաւ այդ գաղափարին նուիրեալը: Նուիրեալի կրքոտ ինքնաշխատութեամբ, եւ իր հօրը` աւագ սարկաւագ պարոն Նուպարին օգնութեամբ, թափանցեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հաւատքի խորքը, հոն գտաւ իր փնտռած իրականութիւնը եւ լիովին ապրեցաւ զայն:
Այլեւս ոչ մէկ խորհուրդ, ծէս կամ հաւատամք գաղտնիք ունէր իրեն համար: Տարիներով աւանդական կրօնական ուսմանց հետեւած եւ երկար տարիներ եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ եղող բազմաթիւ կուսակրօն կղերականներու հոգեմտաւոր պաշարն անգամ գաճաճ կը մնար մեր «բո՛ւն տղուն» լիացած կարողութեանց դիմաց:
Մոսկուայի մէջ միայն իրեն յատուկ նուիրումով ծառայեց տեղւոյն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ` իբրեւ սարկաւագ: Ի տես «բո՛ւն տղուն» այս կարողութեան եւ նուիրումին, Մոսկուայի օրուան առաջնորդ սրբազանը առաջարկեց զինք քահանայ ձեռնադրել: Մերժեց: Երբ առաջնորդը շատ պնդեց, ընդունեց մէկ պայմանով, որ չվճարուի այդ պաշտօնին համար: Կը հաւատար, որ որեւէ նիւթական վարձատրութիւն պիտի պղծէր իր աղօթքը… ինք արդէն եկամուտի այլ աղբիւր ունէր: Բնական էր, որ այս աննիւթական մօտեցումը աննախընթաց յարգանք ու վստահութիւն ներշնչէր իր հօտին:
Մինչեւ վերջին վայրկեանը պիտի շարունակէր հանգստացնել իր կինը` օգտագործելով «միւսին» իր անպարտելի քաջութիւնը բնութագրող գնահատականը. «Մի՛ մտահոգուիր. վարի կէտին պիտի դպնամ, եւ ետ ելլեմ…»:
Երբ վերջին շրջանին գրեթէ անկենդան` գամուած էր անկողնին, Մեղրիկ սրբազանի կտրուկ «Տէ՛ր Մարտիրոս» կանչը զինք անկողնէն ցատկեցուցած է բարձրաղաղակ «այո՛» մը կուրծքին: Ահա ՀՄԸՄ-ականի իր երդման հաւատարիմ` անպղծելի «բո՛ւն տղան»:
Բաժնուեցան: Այս անգամ «բուն տղան» է բաժնուողը: Այլեւս պիտի չտեսնուին. … բայց հեռաւորութիւն, ժամանակ, պայման կամ օրէնք չեն կրնար գոյութիւն ունենալ ընկերներու միջեւ. ո՛չ ալ հրաժեշտ… Ո՛չ ալ մահ. «միւսը» խորունկ փոսին յանձնեց իր կեանքի առաջին ընկերոջ մարմի՛նը միայն. չյանձնեց իր ազնուական ընկերը. «բո՛ւն տղան»` տէր Մարտիրոս Պէրպէրեանը, Մարտիկը:
Փարիզ
Հոկտեմբեր 2017


