Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբն ու «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը միասնաբար վերսկսան ներկայացնել առողջապահական բնոյթ ունեցող դասախօսութիւններու նոր շարք մը, որ պիտի երկարի մինչեւ ապրիլ 2018:
Չորեքշաբթի, 4 հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շարքին առաջին դասախօսութիւնը, որուն նիւթն էր «Հիւանդին խնամք»-ը, զոր ներկայացուց հիւանդապահուհի Գարոլ Դերձակեանը:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը, որ անդրադարձաւ սոյն դասախօսական շարքի նպատակին, ապա ներկայացուց օրուան դասախօսն ու դասախօսութեան նիւթը: Ան նշեց, որ բոլորս կը գործածենք զանազան տեսակի դեղեր` տարբեր հիւանդութիւններ դարմանելու համար, ուստի այս դասախօսութեամբ պիտի իմանանք, թէ ինչպէ՛ս, ե՛րբ եւ ի՛նչ ճշգրտութեամբ կարելի է օգտագործել դեղերը` առաւելագոյն չափով օգտուելու համար անոնց բարիքներէն:
Գարոլ Դերձակեան դասախօսութեան սկսաւ` ըսելով, որ դեղերու գործածութիւնը մեր կեանքին կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ այսօր: Ան նշեց, որ հիւանդը պարտի կատարել բժիշկին թելադրանքները, դեղերը hետեւողական ձեւով, ճշգրտօրէն եւ ամէն օր նոյն ժամուն օգտագործել:
Դասախօսուհին գործնական օրինակներով բացատրութիւններ տուաւ, թէ ի՛նչ դասաւորում կարելի է ընել, երբ հիւանդը մոռցած է դեղը առնել:
Շարունակելով` ան նկատել տուաւ, որ տարիքի յառաջացման հետ դեղերու գործածութիւնը կրնայ աւելնալ, յատկապէս` քրոնիկ հիւանդութիւններու պարագային եւ կատարեց շարք մը թելադրանքներ.
ա.- Հետեւիլ բժիշկին ցուցմունքներուն եւ դեղը գործածել ճիշդ ձեւով,
բ.- Դեղերու օգտագործումը ըլլայ բժիշկին թելադրութեամբ եւ ոչ` դրացիին կամ բարեկամին,
գ.- Ունենալ դեղերու յատուկ տուփիկներ, որոնց մէջ նախապէս օրուան մը կամ շաբթուան մը դեղերը զետեղել եւ ապահովել դեղերու կանոնաւոր եւ հետեւողական գործածութիւնը,
դ.- Դեղահատերը առնել բաժակ մը ջուրով եւ ո՛չ պտուղի հիւթով կամ կազային ըմպելիներով,
ե.- Դեղերու բազմազանութեան պարագային, իւրաքանչիւր դեղի միջեւ ձգել որոշ ժամանակամիջոց մը (նուազագոյնը` 10 վայրկեան):
Հոկտեմբեր 1-ը սուրճի միջազգային օրն ըլլալով` դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ սուրճին թէ՛ օգտակարութեան եւ թէ՛ ժխտական ազդեցութեան` մեր մարմնի քալսիոմին վրայ:
Աւարտին, ան բացատրութիւններով ու օրինակներով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: