Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգեհանգիստ` Նարեկ Ա. Քհնյ. Շիրիքեանի Յիշատակին

Հոկտեմբեր 24, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 24 սեպտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան ազգային վարժարանի Դ. դասարանի աշակերտներէն մինչեւ աւարտականի աշակերտները իրենց դաստիարակներով ներկայ գտնուեցան վաստակաշատ հոգեւորական, կրթական մշակ, գիւղիս նախկին հոգեւոր հովիւ եւ վարժարանիս նախկին տնօրէն, ինչպէս նաեւ ազգային բարերար Նարեկ Ա. քհնյ. Շիրիքեանին նուիրուած Ս. պատարագին եւ եօթնօրէքին առիթով տեղի ունեցած հոգեհանգստեան պաշտօնին` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ:

Յետհոգեհանգստեան արարողութեան, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ վախճանեալ քահանային մասին կենսագրական հարուստ տեղեկութիւններ տուաւ վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտ Գարինա Աշգարեանը` դիտել տալով, որ ան աւելի քան 60 տարիներ ծառայեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ու հայ վարժարանին: Քահանայ ձեռնադրուած է 1955-ին, ծառայութեան առաջին անդաստանը եղած է Այնճարը, ուր պաշտօնավարած է իբրեւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, հիմնական դեր ունեցած է նոր եկեղեցւոյ կառուցման մէջ` միաժամանակ վարելով Ազգային Յառաջ վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը 7 տարի, վարժարանը օժտելով միջնակարգի բաժինով: 1963-ին, տեղափոխուած է Միացեալ նահանգներու Արեւմտեան շրջան ու յաջորդ տասնամեակներուն իբրեւ հոգեւոր հովիւ ծառայած է ծխական տարբեր շրջաններու մէջ»:

Գարինա Աշգարեան նշեց, որ տէր Նարեկ եկեղեցաշէն եւ դպրոցաշէն, գործած է անսակարկ նուիրումով, եղած է բարերար եւ իր արդար վաստակէն բաժին հանած է նաեւ մե՛ր վարժարանին` ուսումնատենչ սերունդին թեւ ու թիկունք ըլլալու եւ ազգային վարժարանը բարձր պատուանդանի վրայ պահելու բուռն նախանձախնդրութեամբ: Իր խօսքի աւարտին ան վստահեցուց, որ տէր հայրը պիտի շարունակէ մնալ անբաժան մասը «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանին:

Գիւղի հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը իր խօսքին մէջ Նարեկ Ա. քհնյ. Շիրիքեանը նկատեց ընտրեալ`աստուածային հոգեւոր պաշտօնին համար, որ իր ծառայական կեանքին ընթացքին արդարացուց իր կոչումն ու առաքելութիւնը` իբրեւ հոգեւոր հովիւ, կրթական մշակ եւ ազգային բարերար:

Ապա խօսք առաւ նաեւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեանը, որ լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ Նարեկ քահանայ մնայուն կապի մէջ էր դպրոցին հետ, ան եղած է քաջալերող, գործի մղող: «Այս վերամուտը խոր վիշտ մը ունէր: Սակայն առաւօտեան եւ վերամուտի լոյսի շողերուն հետ տէր Նարեկի հոգին, ի տես մեր աշակերտութեան քայլերթին, հպարտ մխիթարութեամբ մը զգեստաւորուած, կը խայտար իր բարի ժպիտով: Վերամուտ մը եւս  նուաճած եւ անով ծաղկած իր սիրելի վարժարանին աներեր երթն էր, որ կ՛ամոքէր իր հոգին` մահուան կրկնակի անգամ յաղթած ըլլալու հպարտութեամբ», ըսաւ ան:

Տնօրէնը վեր առաւ վախճանեալ տէր հօր նկարագրային յատկանիշները` դիտել տալով, որ ան իր ցաւին մէջ չէր ընկճուեր, ինքնամոռաց ու անձնուէր, զինք խեղդող տառապանքը կը զգետնէր այլոց տառապանքը մեղմելու մաքառումով, իր հետապնդած ընդհանրական նպատակին կառչածութեամբ:  «Զարմանալի էր իր քաջութեամբ եւ նպատակը ամէն միջոցով սրբագործելու հրայրքով: Եզակի ասպետական ոգիով մը թրծուած էր: Նպատակը բոլոր տեսակի ուրախութեանց եւ տառապանքներու սանդուխներէն վեր թագադրելու ազնիւ կիրք մը (գերմարդկային կիրք մը) պահեց մինչեւ վերջ»:

Տնօրէնը յիշեց քահանայ հօր վերջին յորդորը. «Աչքի լոյսի պէս պահեցէք Այնճարը` նոր Մուսա Լեռը եւ անոր աչքի լոյս վարժարանը»:

Անդրադառնալով վախճանեալ տէր հօր Այնճարի մէջ ունեցած վաստակին` Արմէն Թաշճեան յայտնեց, որ երբ ներգաղթէն ետք գիւղին հաւաքական կեանքը մթագնած էր, տէր Նարեկը եղաւ այն արի հովիւը, որ առաջնորդեց ամբողջ սերունդի մը վերապրումի յոյսն ու վերանորոգ թափը, որոնք մարմնաւորուեցան` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շինութեամբ, գիւղի ազգային վարժարանի աշխուժութեամբ ու անոր միջնակարգ ուսման անցնելու վճռակամութեանբ: Գործեց իմաստուն քաջութեամբ, համբերատար սրտով եւ անտեղիտալի նուիրումով: Ան աւելցուց, որ Այնճարէն հեռանալէ ետք իսկ իր հայեացքը անշեղ պահեց իր գիւղէն եւ այս անգամ իր ուխտը կենսաւորեց յանձնառու բարերարութեամբ, յատկապէս, իր բառերով, գիւղին աչքին լոյսը հանդիսացող իր սիրելի ազգային վարժարանին:

Խօսքը եզրափակելով` տնօրէն Արմէն Թաշճեան ըսաւ. «Եղաւ մշտարթո՛ւն հովիւ, բարի՛ սերմնացան, ժրաջա՛ն մշակ, անձնուէ՛ր ծառայ, քաջարի՛ ասպետ, վերջապէս` պահապան հրեշտակ, եւ այս բոլորը, դարձեալ իր բառերով, ուխտաւորի պարտականութեամբ»:

Հոգեհանգստեան հաւաքը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

Նախորդը

Թարգմանչաց Տօնը` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Յարկին Տակ

Յաջորդը

Անդրադարձ. «Այս Փոքր Երկիրը Աշխարհը Կը Կերակրէ» Ա.

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?