ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Շատ յստակ էր, որ հանրաքուէի առաջին իսկ օրէն Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի չունէր յստակ պատկերացում` ապագայ Քիւրտիստանի մասին: Քիւրտերը զայն համարեցին ազգային հերոս եւ տեսան, որ իրենց ազգի ապագան Պարզանիի ձեռքերուն մէջ է: Սակայն այս բոլորը փոխուեցան այս շաբաթ:
Երկուշաբթի իրաքեան բանակը իր հակակշիռին տակ առաւ Քերքուքը, ապա` Սինճարը, եւ կ՛ուղղուի դէպի Նինուէ, իսկ քրտական ուժերը նահանջի մէջ են` առանց որեւէ դիմադրութիւն ցոյց տալու:
Տիշատ Շարիֆ, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի խորհրդարանի խորհրդական է, իր զարմանքը յայտնեց փեշմերկաներու անպատասխանատու նահանջին համար եւ յանցաւոր նկատեց քրտական Ազգային միասնութիւն կուսակցութեան ջոկատները, որոնք շատ արագ լքեցին Քերքուքը եւ գործակցեցան իրաքեան բանակին հետ: Ան նաեւ դիտել տուաւ, թէ շատ հաւանական է, որ շիիական ուժերը ցեղային մաքրագործում իրականացնեն Քերքուքի քիւրտ բնակչութեան դէմ:
Այստեղ անշուշտ Շարիֆին կը հակաճառէ Ուիլիըմ Լազզարը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ասորամէտ «Ալ Ռաֆիտուն» ազգային դաշինքին մէջ ունի ղեկավար պաշտօն: Լազզար բարձր գնահատեց Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի «ազգային» քաղաքականութիւնը` ընդդէմ Պարզանիի անջատողական եւ ոչ օրինական քայլերուն, որոնք կը միտին խանգարել Իրաքի կայունութիւնը: Լազզարի համաձայն, ձերբազատելու համար քրտական բռնութենէն` ասորիները պէտք է գործակցին Պաղտատի հետ, որպէսզի ստանան ինքնավար շրջան մը` Նինուէի դաշտավայրին մէջ, եւ այս պատճառով ալ անոնք կազմեցին «Դաշտային Նինուէի պաշտպանութեան գունդ»-ը, որպէսզի դէմ դնեն փեշմերկաներու յարձակումներուն եւ օժանդակեն իրաքեան բանակին, որ իր վերահսկողութեան տակ առնէ շրջանը: Ըստ ասորական աղբիւրներու, «Դաշտային Նինուէի պաշտպանութեան գունդ»-ի անդամներուն թիւը կը հասնէ 5000-ի, սակայն ամերիկեան աղբիւրներ կը պնդեն, որ թիւը հազիւ կը հասնի 1000-ի: Լազզարի հետ հարցազրոյցիս ընդմէջէն ի յայտ եկաւ նաեւ քրտական անմիաբանութեան հետեւանքը, ուր ըստ իրեն, քրտական Կորանը եւ Ազգային միասնականութիւն կուսակցութիւնը բաւական ազդու դեր ունեցան Քերքուքի անկումին մէջ: Ազգային միասնականութիւն կուսակցութիւնը, որ կը գլխաւորէ Ժալալ Թալապանիի զաւակը, գաղտնօրէն համաձայնեցաւ Պաղտատի հետ եւ իր զինեալները քաշեց Քերքուքէն: Պարզանիի մօտիկ քրտական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ այս համաձայնութիւնը, զոր կ՛որակեն իբրեւ «քրտական ներքին դաւաճանութիւն», ամփոփուած է հետեւեալ կէտերուն մէջ.
– Իրաքեան բանակը իր հակակշիռին տակ պիտի առնէ Քերքուքը,
– Քերքուքի քրտական շրջանները պիտի կառավարուին Թալապանիի գլխաւորած քրտական ուժերուն կողմէ,
– Բոլոր այն շրջանները, որոնք 2014-էն ետք միացան Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին, պիտի վերամիացուին Իրաքի եւ
– Սուլէյմանիէ, Հալապճա եւ Քերքուքի քրտական շրջանները իրարու կցուելով` պիտի կազմեն նորաստեղծ մարզ:
Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող փեշմերկաներու ուժերը նոյնպէս քաշուեցան Սինճարէն, որ եզիտիներուն կեդրոնը կը նկատուի: Հոս պէտք է յիշել, որ 2014-ին, երբ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը յարձակեցաւ Սինճարի վրայ, քիւրտ փեշմերկաները փախուստի դիմեցին, եւ այս պատճառով եզիտիները ցեղասպանութեան ենթարկուեցան, եւ այս անգամ ալ դարձեալ նոյն բանը ըրին փեշմերկաները` առանց որեւէ կրակոցի նահանջելով: Սակայն հոս հետաքրքրական է յիշել, որ եզիտիներէն շատերը, մասնաւորաբար Լալիշ զօրագունդը, կռուեցան քրտական ուժերուն դէմ եւ օժանդակեցին իրաքեան բանակին ու շիիական աշխարհազօրի զինեալներուն, իսկ այս բոլորին միջեւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը եւ անոր կամաւորական ջոկատները խաղցան դիտորդի դեր: Այսպիսով, երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 3:00-ին քիւրտերը կորսնցուցին Սինճարը: Ինչպէս Քերքուքը, նոյնպէս ալ Սինճարը ունի կարեւոր նշանակութիւն քրտական ազգայնականութեան համար: Քիւրտերը եզիտիները կը նկատեն քիւրտ ժողովուրդին մէկ մասը, սակայն ոչ բոլոր եզիտիները համամիտ են այս կարծիքին, եւ անոր համար ալ, հակառակ անոր որ ՔԱԿ ինքն էր, որ ազատագրեց քաղաքը ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքէն, սակայն եզիտիներէն շատեր ազատագրուած չզգացին եւ ընդդիմացան ամէն տեսակի ճնշումներու` ըլլան քրտական ազգայնական բնոյթի կամ մարքսականութեամբ քողարկուած քրտականութեան:
Շատ հաւանական է նաեւ, որ իրաքեան բանակը ուղղուի դէպի Նինուէ եւ այսպիսով կտրէ ճամբան Սուրիոյ եւ Իրաքի քրտական մարզերուն միակ ճամբան: Արդէն իսկ չորեքշաբթի երեկոյեան իրաքեան աղբիւրներ յայտարարեցին, որ քրտական ուժերը կը լքեն քաղաքին մէջ գտնուող իրենց դիրքերը: Այսպիսով, Պաղտատ իր վերահսկողութեան տակ կ՛առնէ 2014-էն ետք իր կորսնցուցած բոլոր շրջանները, երբ քրտական ուժերը ազատագրեցին զանոնք ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներէն: Անշուշտ ասիկա քաղաքական յաղթանակ մըն էր Իրաքի վարչապետ Ապատիին համար, որ յառաջիկայ տարի կը պատրաստուի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, իսկ Մասուտ Պարզանիի ժողովրդականութիւնը մեծ անկում մը ունեցաւ: Ապատի այս քայլերով կրցաւ ճնշում բանեցնել Պարզանիի վրայ` զայն շրջապատելով եւ անշուշտ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու հաւանութիւնը ստանալով: Յառաջիկայ օրերը փորձաքար պիտի ըլլան Պարզանիի հաշիւներուն, եթէ ան պիտի ենթարկուի Ապատիին, կամ ալ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզը կրնայ ունենալ 1946-ին Իրանի մէջ քրտական Մահապատի հանրապետութեան նման վախճան մը:


