Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Միջպետականէն Միջսփիւռքեան Համագործակցութեան Ուղենիշներ

October 23, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիպրոսի մէջ կայացած Հայաստանի Հանրապետութիւն-Յունաստան-Կիպրոս` երեք երկիրներու սփիւռքի հարցերով զբաղող պետական պատասխանատուներու հանդիպումը ունի կարեւոր ենթահող, անցած որոշակի ուղի եւ մանաւանդ ռազմավարական հեռանկարայնութիւն:

Հանդիպումը հաստատեց պաշտօնական երկխօսութիւն եւ յատկանշուեցաւ հայ, կիպրացի եւ յոյն ժողովուրդներուն միջեւ  պատմական բարեկամական յարաբերութիւններուն ամրապնդումով եւ, միացեալ ծրագիրներու միջոցով, միջկառավարական երկխօսութեան զուգահեռ, անոնց միջեւ մշակութային, կրօնական եւ տնտեսական ամուր կապերը իբրեւ երեք երկիրներ` իրենց սփիւռքեան համայնքներուն սատարելու պատրաստակամութեան եւ անոնց միջեւ փոխըմբռնման ու սերտ համագործակցութեան արտայայտութեամբ:

Առաջադրուած համաձայնագիրով երեք երկիրները պիտի նպաստեն ակադեմական հիմնարկներու, մշակութային կեդրոններու, լրատուական խումբերու եւ գիտական կեդրոններու միջեւ միացեալ տեղեկատուական փոխանակման նախաձեռնութիւններու եւ նախագիծերու խթանման:

Անպայման պէտք է յիշել, որ երեք երկիրներու յատկապէս քաղաքական գործօնները նկատի ունենալով լոպիիստական սլաքները համակարգելու առաջադրանք յայտարարուած էր Հայ դատի գրասենեակին կողմէ եւ որուն ուղղութեամբ նաեւ քննարկումներէն անդին առնուած էին գործնական քայլեր:

Իբրեւ այս առաջադրանքի հետեւողութիւն, Երեւանն ու Նիկոսիան իրենց սփիւռքներու համագործակցութեան համապատասխան համաձայնագիր կը ստորագրէին: Այժմ կը սկսին նաեւ քննարկումները պետական մակարդակի վրայ համաձայնութիւնը եռակողմանի դարձնելու` ներառելով նաեւ Յունաստանը:

Յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ հայ-յոյն լոպիիստական խմբաւորումներու առաջադրանքներու համատեղելիութիւնը տարբեր առիթներու ինքզինք զգալի կը դարձնէր: Այժմ  հասարակական հարթութենէն անցում կը կատարուի պետականի, ինչ որ հիմնովին ռազմավարական նշանակութիւն ունի:

Թէեւ հասկնալիօրէն պաշտօնական լրատուութիւններուն մէջ առաւելաբար կ՛ընդգծուին համագործակցութեան կրօնական, ակադեմական, մշակութային, երիտասարդական ոլորտները, այսուհանդերձ առանցքային շարժառիթը հիմնովին քաղաքական է:

Երեք պարագաներուն ալ սփիւռքներու գոյառման պատճառականութեան ընդհանրութիւններ գոյութիւն ունին: Եթէ հայկական սփիւռքը դասական իմաստով Ցեղասպանութեան հետեւանք է, ապա կիպրականը հիմնականին մէջ թրքական ներխուժման  եւ տեղահանման արդիւնք է, մինչ յունականը կարեւոր չափերով Օսմանեան կայսրութեան կիրարկած հալածական քաղաքականութեան բերումով գոյացած է:

Երկու պետութիւններն ալ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ժխտումի քրէականացման առումներով ամէնէն իրաւակարգային եւ քաղաքական բանաձեւերը ամրագրած են:

Երեւանի կողմէ առնուած ռազմավարական մօտեցումները աւելի քան արդարացուած են այս պարագային եռակողմանի շրջանակը գծելու եւ այդ պարունակին մէջ համագործակցութեան բնագաւառները ճշդելու ուղղութիւններով:

Հայաստանի Հանրապետութիւն-Յունաստան-Կիպրոս միջպետական յարաբերութիւնները միջսփիւռքեան համագործակցութեան վերածելու այս գերակայ ուղղութիւնը հեռանկարային է:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հրաւիրած Է Խորհրդակցութեան` 2018-ի Մեծ Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յաջորդը

Պարսելոնա Ցմահ Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Առաջարկէ Մեսսիին

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.