Կարապետ Գույումճեանի Յիշատակին
Շուրջ քառասուն օրեր առաջ հողին յանձնեցինք «ակա» Կարապետ եղբայրս: Իր Կեսարիա ծնած հայրը կանուխ մեռած էր եւ ընտանիքին բեռը մնացած էր անոր ուսերուն: Պատանի տարիքին մտաւ կեանքի ասպարէզ, եռանդուն կերպով զանազան գործեր ըրաւ պահելու իր ընտանիքը: Շատ անգամ ծանր պայմաններու մէջ պայքարեցաւ կեանքի ալեկոծումներու դէմ: Շատ տարիներ ետք սկսաւ շինարարութեան գործին: Սանճաք-շէլ շրջանի մէջ աշխուժ աշխատանք տարաւ բարեզարդելու շրջանը: Պատերազմի...

















