Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կամաւոր Դեսպան

December 16, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հայոց բանակի «Զինուորներու ապահովագրութեան հիմնադրամ»-ի վերջին նիստի մասին եղած տեղեկատուութենէն կ՛իմանանք, որ Հոգաբարձուներու խորհուրդը քննարկած է «Հիմնադրամի դեսպաններ» ունենալու ծրագիր մը:

Այս ծրագիրին նպատակն է մեծաթիւ հայ համայնք ունեցող քաղաքներուն մէջ ունենալ` «Հիմնադրամի դեսպաններ, որոնք պէտք է աշխատին սփիւռքի կառոյցներուն հետ` առաւել մանրամասն ներկայացնելով հիմնադրամին գործունէութիւնը»:

Վստահ ենք, որ մեծ թիւով սփիւռքահայեր սիրով կամաւոր դեսպաններ պիտի ուզեն ըլլալ` հայոց բանակին ծառայած ըլլալու գերագոյն գոհունակութիւնը ապրելու համար:

Պէտք է ըսել, որ «Զինուորներու ապահովագրութեան հիմնադրամ»-ը իր գոյութեան կարճ ժամանակամիջոցին, իր որդեգրած թափանցիկ գործելակերպով, մեր վստահութիւնը շահած է արդէն: Այն իրողութիւնը, որ հիմնադրամին նիւթական միջոցները եւ անոնց ամէնօրեայ յանձանձումը բաց ու մատչելի են հանրութեան, կը փարատէ ամէն կասկած, որ զրկանքներու գնով գլխաւորաբար մեր հայրենի աշխատաւորին ամէնամսեայ եկամուտէն գոյացած գումարները կրնան չծառայել իրենց նպատակին ու կրնան փոշիանալ փտած համակարգի մը դարաններուն մէջ:

Նախ այս վստահելի գործելակերպը, ապա եւ ծրագիրին հետապնդած վեհ նպատակը բաւարար են, որ իւրաքանչիւր հայրենասէր սփիւռքահայ պատրաստակամ ըլլայ իր ներդրումը ունենալու հիմնադրամի հզօրացման աշխատանքներուն:

Մեր բանակի զինուորներուն կորովը բարոյապէս ուժեղացնելու ամէնէն արդիւնաւէտ ազդակներէն է այն հոգատարութիւնը, զոր պետութիւնը եւ ազգը ցոյց կու տան պատերազմի ճակատին իրենց նահատակներուն ու հաշմուածներուն: Մենք` բոլո՛րս, պարտաւոր ենք կամաւոր կերպով մեր բաժինը բերելու այս սրբազան գործին: Մեզ պէտք է անհանգստացնէ, նոյնիսկ զայրացնէ՛ այն իրողութիւնը, որ ցարդ սփիւռքը ընդհանրապէս, եւ ամերիկահայութիւնը` մասնաւորապէս, այս հիմնադրամին հանդէպ բացարձակ անտարբերութիւն ցուցաբերած են:

Ժամանակն է, որ այս վերաբերումը հիմնովին փոխուի: «Հիմնադրամի դեսպաններու» առաքելութիւնը այդ փոփոխութիւնը իրականութիւն դարձնել պիտի ըլլայ: Ո՞վ, ուրեմն, պիտի չուզէ արժանանալ այդ բարձր կոչումին: Ո՞վ պիտի չուզէ մասնակից ըլլալ նահատակի ընտանիքի ցաւի ամոքման: Ո՞վ պիտի չուզէ ձեռք երկարել հաշմուած զինուորին, որ ան արժանապատուօրէն ապրի իր կեանքը եւ պահէ իր ընտանիքը:

 

 

Նախորդը

Նախարար Նալբանդեանի Հանդիպումը` Յունահայ Գաղութի Կառոյցներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Յաջորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Էրտողանի Յունաստան Այցելութեան «Պատմական Նշանակութիւնը

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.