Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարգանք Քեզ

Դեկտեմբեր 16, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ասկէ քանի մը ամիս առաջ, երբ կարճ արձակուրդով Պէյրութ կը գտնուէի, ուզեցի անպայման հանդիպիլ Նշան Փալանճեան ճեմարան, որ այժմ կը կոչուի Քաղաքի ճեմարան:

Ճեմարանը իմ մանկութեան եւ պատանեկութեան յաճախած դպրոցս էր: Երեսուն տարիներէ ի վեր չէի վերադարձած հոն. այցելութեանս նպատակը սոսկ զգացական էր, կ՛ուզէի կրկին տեսնել իմ անցեալի դպրոցը` իմ երկրորդ տունը: Երեսուն երկար տարիներ անցած էին, բայց տակաւին քաղցրագոյն սիրով եւ ուրախութեամբ կը յիշեմ այդ օրերը: Հայաբոյր եւ հայրենաբոյր իր մթնոլորտով պարուրուած ճեմարանը իր յստակ տեղը ունէր իմ կրթութեանս եւ զարգացմանս մէջ: Երկար  պտտելէ ետք իր լայնատարած բակերը, գնահատելէ ետք վերանորոգուած «նոր շէնքը», «հին շէնքը», «գիշերօթիկի» եւ «Վասպուրականի» կառոյցները, այժմ պահը եկած էր իմ այցելութեանս հիմնական նպատակի իրագործման, որ յարգանքի մատուցման հանդիպումս էր գէթ քարաշէն, բայց շօշափելի ներկայութեամբ` Լեւոն Շանթի կիսանդրիին հետ:

Կարճ փնտռտուքէ ետք կը գտնեմ զայն հիմնական բակին մէջ, ծառի մը ծռած ճիւղին տակ: Լեւոն Շանթը, ինչպէս շատեր պիտի կոչէին` Շանթը, մեր պատմութեան ամէնէն լուսաշող մտաւորական դէմքերէն մէկը եղած է: Անոր երազն էր  վառ պահել հայոց լեզուի, գիրի եւ մշակոյթի ջահը: Իր անձին մէջ գրագէտը, բանաստեղծը, հոգեբանը եւ գաղափարախօսը մէկ ամբողջութիւն կը ներկայացնէին: Խրախուսիչ, հրահրող, երբեմն ալ սաստող իր ներկայութեամբ ան մեր պատմութեան վճռորոշ պահերուն կրցաւ մէջտեղ բերել մարդակերտ եւ հայակերտ սրբազան առաքելութեամբ Համազգայինի ճեմարանը: Բայց որպէսզի տուած ըլլանք «Զկայսերն կայսեր եւ զԱստծունն Աստուծոյ», պէտք է նաեւ լուսարձակի տակ առնենք ժամանակակից եւ գործակից մտաւորականներ Սիմոն Վրացեանը եւ Նիկոլ Աղբալեանը, որոնց կիսանդրիները կը գտնուէին սոյն շրջափակին մէջ:

Այս տիտանները արգասիքն էին այդ օրուան մեր մտաւորականութեան:  Համազգայինի ճեմարանը հայապահպանման երաշխիքը եղաւ: Այդ դպրոցին մէջն էր, որ բիւրաւոր հայորդիներ ստացան իրենց հայեցի դաստիարակութիւնը` ապագային հաւատարիմ մնալով իրենց արեան կանչին: Այս դպրոցին մէջն էր, որ հայոց լեզու դասաւանդող ուսուցիչները կրցան Շանթի, Աղբալեանի, Վրացեանի շունչը մեզի փոխանցել: Այժմ հոգեկան պարտք կը զգամ թէկուզ մէկ անգամ լուսարձակի տակ բերելու հայոց լեզու դասաւանդող բոլորանուէր նուիրուածութեամբ ծառայող ուսուցիչներս` Սօսի Պէրպէրեան, այժմ` Պարսումեան, Շաքէ Բատոյեան, լուսահոգի Եփրեմ Քէշիշեան, լուսահոգի Եդուարդ Բատոյեան, լուսահոգի Գէորգ Գանտահարեան, լուսահոգի Գրիգոր Շահինեան եւ լուսահոգի Մուշեղ Իշխան:

Եթէ այսօր կ՛ուզենք անաղարտ պահել մեր դիմագիծը, կ՛ուզենք տէր կանգնիլ մեր ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն, եթէ կ՛ուզենք հաւատարիմ մնալ մեր սեփական աւանդութիւններուն, պէտք է վառ պահենք հայ լեզուի եւ հայ մշակոյթի ջահը: Յարգա՛նք քեզի, հայո՛ց լեզուի ուսուցիչ, դուն այսօր գաղափարի հերոս ես` նուիրուած հայապահպանման, այսօր երբ հայ լեզուն ու մշակոյթը գահավիժման եւ նահանջի մէջ են, ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն` դուն անխոտոր ու անսայթաք ընթացքով տակաւին կը մարտնչիս պաշտպանութեան առաջին խրամատներուն մէջ, որ այդ ջահը միշտ վառ պահես: Յարգա՛նք քեզի:

 

 

Նախորդը

Ուխտի Ճանապարհներ. Քրիստափոր Միքայէլեանի Գերեզմանը

Յաջորդը

Կարապետ Գույումճեանի Յիշատակին

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?