Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անիի Մէջ` Ռուս Հնագէտի Հետքերով

December 16, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Անին աշխարհ մըն է, բայց աշխարհը Անի մը չ՛արժեր»… Կարսի նահանգին մէջ գտնուող Անիի մասին ամէն  խօսակցութիւն այս խօսքով կ՛աւարտի: Պատմութեան քառուղիներուն վրայ մեր վերջին կանգառը Անիի աւերակներն են: Անին հարիւրաւոր տարիներ իր ողջ վեհութեամբ կանգնած է Թուրքիա-Հայաստան սահմանին գտնուող խորը հովիտի մը վրայ: Ականատես եղած է հայկական արքայատոհմերէն մինչեւ բիւզանդական, վրացականէն մինչեւ սելճուքեան, օսմանեան ու բազմաթիւ այլ կայսրութիւններու հիմնադրմանն ու փլուզմանը: Իսկ hայոց Բագրատունի արքայատոհմի ժամանակաշրջանին եղած է շրջանի ամենանշանաւոր մշակութային ու գաղթականներու կեդրոնը: Տարբեր մշակութային քաղաքակրթութիւններու  խաչմերուկ դարձած Անիին մէջ կատարուող վերականգնողական աշխատանքները 2011-ին սկսած է: Ժամանակի անողորմ ազդեցութենէն փրկուիլ փորձող Անին անցեալ տարի ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի  համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Ասկէ ետք Անիին մէջ իրականացուող պեղումներու քայլերը աւելի արագացան: Պեղումներու ղեկավարն է Փամուքքալէ համալսարանի փրոֆեսէօր դոկ. Ֆահրիյէ Պայրամը: 17 հոգիէ բաղկացած գիտական խումբը պատմական նշանակութիւն ունեցող բազմաթիւ արուեստի գործեր  երեւան հանած է, իսկ խումբին գլխաւոր նպատակն է ռուս յայտնի հնագէտ Նիկողայոս Մառի կողմէ հողի տակ թաղուած նմուշները երեւան հանել: Դոկ. փրոֆ. Ֆահրիյէ Պայրամը նշած է.

«Հիմա բերդապարիսպներու վերակառուցման աշխատանքները կը կատարուին: Այնտեղ կատարուող պեղումներու ժամանակ սենեակին մէջ թոնիր եւ ցորենի հատիկներ յայտնաբերուած են: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ բերդապարիսպներուն մէջ բնակավայրեր ու տուներ կառուցուած եղած են: Առիւծի քանդակով պարիսպի արեւելեան հատուածէն սկսելով` պեղումներ իրականացնելու ենք բոլոր պարիսպներու տարածքին վրայ: Այս տարի եղած պեղումներու ժամանակ  օսմանեան ժամանակաշրջանէն բազմաթիւ մետաղադրամներ գտած ենք: Այդ մետաղադրամներէն բացի` բազմաթիւ խեցեգործական բարձրորակ իրեր յայտնաբերած ենք: Անին այնպիսի վայր մըն է, որ կրնայ մրցիլ Եփեսոսի հետ»:

1900-ական թուականներուն ռուս գիտնական Մառը կանգուն մնացած յուշարձաններէն շատերու շուրջ աշխատանքներ իրականացուցած է: Ըստ որոշ տեղեկութիւններու, երբ սկսած է Ա. Աշխարհամարտը, այստեղէն հանուած նմուշները ան տարած է Ռուսիա ու Հայաստան: 2 վակոն տարած է Հայաստան, 2 վակոն ալ` Ռուսիոյ Էրմիթաժի թանգարան: Այն յուշարձանները, որոնք չէ տարած Հայաստան կամ Ռուսիա, նորէն նոյն տեղը թաղած է: Մեր նպատակն է այդ թաղուած նմուշները գտնել: Անցած տարի բազմաթիւ ուռուցիկ իրեր գտանք: Ուռուցիկ քանդակ մը գտած ենք, որ շրջանի բնակչութիւնը կը կոչէ «Շահմերան» (կէսը կին, կէսը որեւէ անասունի մաս պատկերող քանդակ, «Ակունք»), իսկ մեզի անիկա յայտնի է «Հարփի» անունով:

Բանուոր էր, հնագէտ դարձաւ Անիի աւերակներուն մէջ պեղումներ իրականացնող Ալիճան Աքպըյըքը, որուն մասին շատ հետաքրքրաշարժ պատմութիւն կայ: Իր ծննդավայր Սվազ (Սեբաստիա, «Ակունք.») գտնոող Տեւրիկի մէջ կատարած պեղումներու ժամանակ ան տարիներով բանուորութիւն ըրած է, որմէ ետք իր գործը այնքան  սիրած է, որ որոշած է հնագէտ դառնալ:  Ան դարձած է Փամուքքալէ համալսարանի Հնագիտութեան հիմնարկի շրջանաւարտ: Արդէն 3 տարի Անիի մէջ աշխատող Աքպըյըքը ըսած է. «Առաւօտեան ժամը 4:30-էն կ՛արթննանք: Մէկ ժամ ետք արդէն կը սկսինք աշխատանքները»:

Նախորդը

Ազրպէյճանի` Արցախի Սահմանամերձ Շրջանէն Հարիւրաւոր Մարդիկ Կը Մեղադրուին Դաւաճանութեան Մէջ

Յաջորդը

Նախարար Նալբանդեանի Հանդիպումը` Յունահայ Գաղութի Կառոյցներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

«Ազդակ» Կը Շարունակէ Իր Անխափան Երթը` Նորութիւններուն Հետ Քայլ Պահելու Մնայուն Ճիգով
Անդրադարձ

«Ազդակ» Կը Շարունակէ Իր Անխափան Երթը` Նորութիւններուն Հետ Քայլ Պահելու Մնայուն Ճիգով

January 3, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նոր Տարի, Նոր Յոյսեր

December 31, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Հայոց Աշխարհէն Հրաւէր` Կաղանդ Պապուկին (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

December 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.