Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դասախօսութիւն` «Շաքարախտը» Նիւթով

Դեկտեմբեր 16, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 29 նոյեմբեր 2017-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Շաքարախտը» նիւթով դասախօսութիւնը, որ ներկայացուց շաքարախտի եւ գեղձերու մասնագէտ տոքթ. Սերժ Տուլեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան ծանօթացուց օրուան դասախօսը, դասախօսութեան նիւթը եւ ըսաւ, որ շաքարախտը առնչուած է շարոյր գեղձի ախտահարման հետ, վտանգաւոր հիւանդութիւն մը չէ, եթէ ենթական յանձն առնէ հետեւելու  կեանքի իւրայատուկ եղանակի եւ ուտելիքներու որոշ ցանկի մը: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսը, որ մանրամասնօրէն խօսի հիւանդութեան պատճառներուն, ախտանշաններուն,  ախտաճանաչման, կանխարգիլման եւ բուժումի միջոցներուն մասին:

Տոքթ. Սերժ Տուլեան դասախօսութեան սկսաւ` սահմանելով  շաքարախտի տարբեր տեսակները, ինչպէս նաեւ` ինսիւլին հորմոնի կարեւոր դերը մարմնի շաքարի նիւթափոխանակութեան մէջ: Ան նշեց, որ շաքարախտի առաջին տեսակի պարագային, շարոյրը բաւականաչափ ինսիւլին չ՛արտադրեր. երկրորդ տեսակի պարագային, կ՛արտադրէ, բայց գիրութեան պատճառով ինսիւլինը մարմնին մէջ լաւ չ՛աշխատիր. երրորդ` յղութեան շրջանին շաքարախտ, որ նման է երկրորդ տեսակի շաքարախտին:  Ան նշեց նաեւ, որ ըստ համաշխարհային տուեալներու, շաքարախտաւորներու թիւը ահռելիօրէն աճ արձանագրած է:

Բժիշկը խօսեցաւ շաքարախտի փոփոխելի եւ անփոփոխելի ազդակներուն մասին եւ ըսաւ, որ փոփոխելի ազդակներէն են` գիրութիւնը, բորբոքումները, կարգ մը դեղերու գործածութիւնը, իսկ անփոփոխելի` ծիներն ու տարիքը: Ան թուեց նաեւ շաքարախտի ախտանշանները`

Բերանի չորացում
Բազմամիզութիւն
Ծանրութեան կորուստ
Անբնական անօթութիւն
Յոգնածութիւն
Ընկճուածութիւն
Սեռային ցանկութեան նուազում
Դաշտանային խանգարումներ
Մորթի չորացում
Ոտքերու այրուածք
Տեսողութեան խանգարում
Բորբոքումներ

Դասախօսութեան յաջորդ բաժինով բժիշկը թուեց շաքարախտի հետեւանքները`

Արեան գերճնշում
Ճարպերու անբնական ամբարում
Ճարպոտ լեարդ
Փոքր երակներու չորացում
Մարսողութեան դժուարութիւն
Պնդութիւն
Երիկամային խանգարումներ
Ցանցաթաղանթի չորացում
Սրտի եւ ուղեղի կաթուածներ
Սեռային անկարողութիւն
Վէրքերու բուժման դժուարութիւն
Քաղցկեղ

Տոքթ. Սերժ Տուլեան խօսեցաւ նաեւ շաքարախտի ախտաճանաչման մասին եւ ընդգծեց հիւանդութիւնը ախտաճանաչելու չափազանց կարեւորութիւնը` նախաշաքարախտի փուլին:

Անցնելով շաքարախտի կանխարգիլման միջոցներուն` ան շեշտը դրաւ սննդականոնի, մարզանքի եւ արեան քննութիւններու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ կարգ մը դեղերու գործածութեան առաւելութեան վրայ:

Աւարտին, դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

Նախորդը

Փիցցան` Մարդկային Մշակութային Ոչ Շօշափելի Ժառանգութեան Ցանկին Մէջ

Յաջորդը

Նեցուկ Կանգնինք Արցախին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?