Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Վերակազմակերպման Խնդիրները Արծարծող Յատուկ Նիստ` Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Ընթացքին

December 14, 2017
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ նիստ մը յատկացուեցաւ սփիւռքին, նոր մարտահրաւէրներու դիմաց` անոր վերակազմակերպման, ինքնութեան ամրապնդման եւ Հայաստանի հետ գործակցութեան: Յակոբ Բագրատունի (Լիբանանէն), Միհրան Քիւրտօղլեան (Յունաստանէն) եւ Տարօն Տէր Խաչատուրեան (Միացեալ Նահանգներէն) այս նիստին զեկուցաբերներն էին:

Յակոբ Բագրատունի հարցադրումներու ընդմէջէն անդրադարձաւ սփիւռքի ներկայ բարդ կացութեան` նշելով, որ սփիւռք սահմանումը Ցեղասպանութենէն վերապրած սփիւռքը, նոր կազմաւորուող/կազմաւորուած սփիւռքը ու նաեւ մեր ուժերուն հասանելի հայկական գաղութները կը ներառէ: Ան թուեց այն մարզերը, ուր սփիւռքը, որպէս հայկական իրականութիւն, շատ բան ունի ընելիք` հայապահպանում, հայրենապահպանում, Հայ դատ. այս առնչութեամբ ան նշեց, որ իւրաքանչիւր գաղութ ունի իրեն յատուկ մօտեցում եւ մտածելակերպ ու գործելաոճ: Այս մեկնակէտէն ան հարցուց` «Ո՞վ է հայը» ու հարցադրումներ դրաւ հայկական ինքնութեան խնդիրով:

Միհրան Քիւրտօղլեան դիտել տուաւ, որ հայապահպանման դասական ձեւերը վերջին երեսնամեակին ձախողութիւն կրած են: Սփիւռքը իր ներկայ իրավիճակին հասնելուն պատճառներէն մէկը սփիւռքեան դառն իրականութիւնը թապու նկատելը եղած է, ըսաւ զեկուցաբերը ու աւելցուց, որ ներկայիս սփիւռքը ապրելու ընտրավայր մը դարձած է: Ապա ան թուեց հայօճախներուն պահպանման միջոցներն ու անոնց կարողականութիւնը եւ անոնց ընդմէջէն անդրադարձաւ ձուլումը արագացնող երեւոյթներուն: Քիւրտօղլեան հաստատեց, որ սփիւռքը պիտի չդադրի գոյութիւն ունենալէ, մանաւանդ երբ ձեռք ձգէ դարուս ընծայած դրութիւնները` ի նպաստ իրեն օգտագործելու հնարաւորութիւնները:

Վերջապէս, ելոյթ ունեցաւ Տարօն Տէր Խաչատուրեան: Ան խօսեցաւ սփիւռք¬Հայաստան գործակցութեան մասին ու կեդրոնացաւ Հայաստանի եւ սփիւռքի հզօրացման: Ան լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանէն արտագաղթը, սփիւռքի գաղութներուն տարաբնոյթ ըլլալը (Արեւելք-Արեւմուտք տարբերութիւններով), սփիւռքին գոյատեւման հաւատք չընծայելու խնդիրը, որուն պատճառով անոր համար թափուած ջանքերը կը մնան չնչին, նշեց ան: Տէր Խաչատուրեան խօսեցաւ նաեւ ազգային անվտանգութեան, հայութեան քաղաքական օրակարգերու, Հայաստանի զարգացման եւ սփիւռքի գոյատեւման հարցերու լծակներուն մասին:

Քննարկման նիստին Արամ Ա. կաթողիկոս կատարեց իր նշումները եւ յայտնեց, որ յաճախ ազգային կեանքին մէջ երկու հակադիր եւ վտանգաւոր մօտեցումներ կը գերիշխեն` զգացական եւ բացասական: Ներկայ պայմաններուն անցեալի չափանիշներ օգտագործելը աննպաստ են ազգային կեանքին գոյատեւման, յայտնեց վեհափառը` նշելով, որ անհրաժեշտ է իրապաշտ մօտեցում ունենալ: Արամ Ա. հաստատեց, որ ամիսներ առաջ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ հայու ինքնահասկացողութիւն թեմայով տեղի ունեցած հաւաքը կարեւոր էր իր նիւթով, ինչպէս նաեւ` անկէ բխած հարցերուն առնուելիք քայլերով: Հայրապետը խօսեցաւ նաեւ սփիւռքին Հայաստանի մէջ կատարելիք աշխատանքին մասին, որ պէտք է ընդգրկէ նաեւ սփիւռքահայուն Հայաստանի մէջ գործունեայ մասնակցութիւնը:

 

Նախորդը

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Իրազեկ Կը Դառնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բացած Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատին Ներկայ Փուլին

Յաջորդը

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 37-րդ Հատորի Շնորհահանդէս` Սփիւռքի Նախարարութեան Կեդրոնին Մէջ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.