Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի «Նորսիկեան» Մանկապարտէզի «Պզտիկեան» Պարտէզի Բացում
Ուրբաթ, 8 դեկտեմբեր 2017-ին ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Նորսիկեան» մանկապարտէզի «Պզտիկեան» պարտէզին բացումը: Այս գեղեցիկ իրագործումին առիթով, կէսօրուան ժամը 1:00-ին Ճեմարան ժամանեցին բարերարներ` տէր եւ տիկին Վահան եւ Նորա Պզտիկեանները` ընկերակցութեամբ Ճեմարանի բարեկամներու եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ Ճեմարանի խնամակալութեան անդամներու: Շրջելէ ետք Ճեմարանի զանազան բաժինները, անոնք այցելեցին մանկապարտէզ, ուր...



















