Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնականցին Կ՛ուզէ Նամակ Գրել Արցախի Նախագահին

December 16, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ ի Գաղղիա

Յաւերժի սիրայօժար լրագրող Արմենակ ժամանակին հետ քայլ կը պահէ, լսածը հալած իւղի պէս կուլ չի տար եւ հաւկուրութենէ չի տառապիր, ինչպէս` բանգէտ հիներ եւ նորեր: Ինքզինք օժտած է ոչ թէ պարզ բջիջային հեռախօսի գործիքով, այլ` այֆոնով, ինչպէս` մոլորակի բոլոր կարեւոր անձերը: Տեսածը կը նկարէ, լսածը կ’արձանագրէ:

Երկուշաբթի առաւօտ  հնչեց հեռաձայնի զանգը: Այդ օրով եւ ժամով միայն Արմենակը կրնար ըլլալ:

– Մակա՛ր, բարի լոյս, Հայաստանի հեռատեսիլը եւ հայկական ձայնասփիւռները կը լսե՞ս:

Սարսափած` պահ մը լռեցի, որ տխուր դեկտեմբերին կրկին աղէտի պատահարի լուրը պիտի տար: Բարեբախտաբար շարունակեց` մտածելու ժամանակ չձգելով:

– Լսեցի՞ր Հայաստանի նախարարը, որ, ըստ երեւոյթին, լուր չունի, թէ Արցախի Հանրապետութիւնը այլեւս ինքզինք չի կոչեր Ղարաբաղ, Լեռնային կամ Նակոռնօ Ղարաբաղ: Լուր չունի՞, որ դրացի հայկական պետութիւնը որոշում կայացուցած է եւ կը կոչուի Արցախի Հանրապետութիւն` իր վրայէն հանած ըլլալով օտարացման եւ օտարահունչ Ղարաբաղը: Նախարարին հետ քայլ կը պահեն նաեւ բանիմաց-անբանիմաց լրագրողներ ալ, Հայաստան եւ սփիւռք, եւ կը շարունակեն խօսիլ Ղարաբաղի եւ Քարաբակի մասին:

– Արմենա՛կ, թո՛ղ տուր մարդոց օձիքը: Ինչո՞ւ կ’ուզես, որ տասնամեակներու վարժութիւնը Ստեփանակերտի քանի մը հարազատութիւն փնտռողներու ժողովի մը որոշումով դուրս դրուի բառարանէն: Ո՞ր օտար բառը կրցած ենք արտաքսել հայերէնէն: Երբ զան, հայերէնի քաղաքացի կ’ըլլան, կ’ըսենք` սիթըզըն:

Ո՞վ կրցած է զսպել մաքրակրօն Կեդրոնականցին:

– Ինչո՞ւ այդ թրքերէն անուանումը չենք մոռնար եւ կը յաւերժացնենք: Նամակ պիտի գրեմ Արցախի նախագահին, որպէսզի յատուկ շրջաբերական մը ղրկէ հայկական բոլոր լրատուամիջոցներուն եւ հեռատեսիլէն ու ձայնասփիւռէն ելոյթ ունենալու սէր ունեցող քաղաքական գործիչներուն, Հայաստան եւ սփիւռք, ըսելով, որ այլեւս չկայ Ղարաբաղ, այլ կայ Արցախի Հանրապետութիւն:

– Գրէ՛, Արմենա՛կ, եթէ լսող ըլլայ: Եթէ Արցախի նախագահն ալ գրէ, լսող կ’ըլլա՞յ:

Արմենակին ընդվզումը ինծի յիշեցուց Ամերիկա գաղթած կնոջ մը սրամիտ խօսքը` իր ամուսնոյն մասին, ըսելով, որ ան անգլերէնը չսորված` հայերէնը մոռցաւ… Այնքա՜ն կը սիրենք օտարաբարբառ ըլլալ: Օտար բառերը կը նմանին վերջին նորոյթ քալիֆորնիըն սմայլ ատամներու, զորս կը ցուցադրեն լայն ժպիտներով:

Ինչպէ՞ս մոռնանք մեզ այնքան երկար ժամանակ դրոշմած  Ղարաբաղը:

Դեռ (չ)իմաստուններ ալ կրնան ըսել, որ Արցախ եւ Ղարաբաղ նոյն բաները չեն…

Կեդրոնականցին կրնայ զուարճանալ` նիզակ ճօճելով զրահի վերածուած օտար բառերու եւ օտարաբանութիւններու դէմ:

4 նոյեմբեր 2017

 

 

Նախորդը

Նեցուկ Կանգնինք Արցախին

Յաջորդը

Ազրպէյճանի` Արցախի Սահմանամերձ Շրջանէն Հարիւրաւոր Մարդիկ Կը Մեղադրուին Դաւաճանութեան Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.